ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ
Յայտնի դարձաւ «Եւրոտեսիլ 2016»ի հայաստանեան մասնակիցին անունը: Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան «Մասնագիտութիւնը՝ լրագրող» ծրագրի ծիրէն ներս յայտնի դարձաւ, որ «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Իվեթա Մուկուչեան:
«Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, «Եւրոտեսիլ»ի այս տարուան պատուիրակի գլխաւոր ցանկութիւնը եւրոպական բեմին վրայ հայկական ջերմութիւնը եւ եւրոպական շունչը համատեղ ներկայացնելն է: «Այնքան ուրախ եմ եւ շնորհակալ՝ Հանրային հեռուստաընկերութեան, որու կողմէ ընտրուած եմ ներկայացնելու իմ հայրենիքը այս տարի «Եւրոտեսիլ»ին: Իւրաքանչիւրիդ ամէն խօսքն ու կարծիքը զիս կ՚ոգեւորէ եւ ուժ կու տայ: Կը յուսամ, որ բոլորդ ըլլաք իմ կողքին այս պատասխանատու եւ կարեւոր ճանապարհին», նշած է Իվեթա Մուկուչեան:
Զուգահեռաբար Հանրային հեռուստաընկերութիւնը կը յայտարարէ երգահաններու մրցոյթ եւ կը սպասէ աշխարհի բոլոր ծայրերէ իւրայատուկ եւ հետաքրքրական աշխատանքներու: Երգերը անհրաժեշտ է մինչեւ Նոյեմբերի 13-ը ուղարկել selection@armtv.com ելեկտրոնային հասցէին:
Իվեթա Մուկուչեան ծնած է 1986 թուականին, Հայաստան: Ան հինգ տարեկան էր, երբ անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Գերմանիա, սակայն քսան տարի այնտեղ ապրելէ ետք, Իվեթա Մուկուչեան կ՚որոշէ վերադառնալ իր արմատներուն՝ Հայաստան: Ան յաճախած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը: Ուսման տարիներուն ալ hասկցած է, որ իր ինքնադրսեւորման հիմնական միջոցը եւ կոչումը երաժշտութիւնը պէտք է ըլլայ: 2012 թուականին մասնակցած է «Գերմանիոյ ձայնը» նախագծին: Քրտնաջան աշխատանքի արդիւնքով այսօր Իվեթան արդէն ճանչցուած երգչուհի մը դարձած է, ինչպէս նաեւ շարք մը երգերու հեղինակ, որ զուգահեռաբար գործունէութիւն կը ծաւալէ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ մէջ: Իր իսկ բնութագրմումով՝ «կը մտածէ գերմանացիի պէս, կը սիրէ՝ հայը»: