ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՄԷՋ ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Աշխարհի երկրորդ ամենահին՝ Օքսֆորտի համալը-սարանի Պոտլէեան գրադարանը կը պատրաստուի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ցուցադրութեան հանել հայկական հազուագիւտ ձեռագիրներու եւ տպագիր գրականութեան իր հաւաքածոն: «Հայաստան. յարակայուն մշակոյթի ձեռագիրները» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը նուիրուած է հայ ժողովուրդի 2500-ամեայ պատմութեան եւ մշակոյթին:
Ինչպէս Պոտլէեան գրադարանի հասարակութեան հետ կապի եւ հաղորդակցութեան բաժնի պատասխանատու Էլէյն Պայպլը «Արմէնփրէս» գործակալութեան կը տեղեկացնէ, հանրութեան պիտի կը ներկայացուին հայկական ձեռագիրներու, տպագիր գրականութեան, հայկական համայնքի կիրառական արուեստի եւ հոգեւոր իրերու հարիւրէ աւելի նմոյշներ, ինչպէս գրադարանի, այնպէս ալ մասնաւոր հաւաքածոներէ, որոնք պահուած են Հայաստանի, Հոլանտայի եւ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ:
Ցուցադրութիւնը այցելուներու առջեւ իր դռները պիտի բանայ Հոկտեմբերի 23-ին:
Պոտլէեան գրադարանը Եւրոպայի ամենահին գրադարաններէն մին է, իսկ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, Բրիտանական գրադարանէն ետք, մեծութեամբ երկրորդն է՝ իր տասնմէկ միլիոն նմոյշով: Գրադարանը գլխաւորապէս կը գործէ որպէս գրադարան-ընթերցասրահ, եւ այնտեղ պահուող փաստաթուղթերը հիմականօրէն չեն կրնար դուրս հանուիլ ընթերցասենեակներէն: Գրադարանը ունի հայերէն ձեռագիրներու եւ գիրքերու բաւական հարուստ հաւաքածոյ մը: Ցուցակներու մէջ պահպանուած նմոյշներուն համաձայն՝ գրադարանը առաջին հայերէն ձեռագրիը ստացած է 1635 թուականին Լաուտ Արքեպիսկոպոսի կողմէ:
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024