ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները, որոնց հետ էին նաեւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն երկու աշակերտներ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թաղականները Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր այցելեցին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած դպրոցի շէնքի պաշտօնական բացման արարողութեան ընդառաջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շէնքը վերջին ամիսներուն ամրակայման աշխատանքներու ենթարկուած է՝ երկրաշարժի դէմ ապահովութեան եւ դիմադրունակութեան երաշխաւորման համար։ Այս լայնածաւալ աշխատանքներէն վերջ շէնքէն ներս պաշտօնական բացման արարողութիւն մը կազմակերպուած է թաղային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ։ Երէկուան զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց տարուած աշխատանքներուն եւ կազմակերպուած հանդիսութեան շուրջ։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց թաղային խորհուրդին յամառ ջանքերը եւ իր օրհնութիւնները տուաւ՝ յառաջիկայ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար։
Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2025-2026 կրթական շրջանը գործնականօրէն պիտի սկսի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին։