ԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՐ ԻՐ ՄԷՋ ԱՐԻՒՆ ՈՒՆԻ
Վաճառական Պետրոսի համար տղուն սեւամորթ ամերիկացիի հետ ամուսնանալը նեղացուցիչ էր, սակայն ինչպէս միշտ՝ ժամանակը մեղմեց այդ ցաւը եւ ամէն բան դարձաւ բնական: Պետրոս վերադարձաւ իր գործին, տարուեցաւ դրամատան ու վաճառատան գործերով՝ մինչեւ ստանայ երկրորդ հարուածը։ Դուստրը՝ Մէյրին որոշած էր պսակուիլ իր վարպետին՝ հնդիկ Ռապինթի հետ. այս մէկը երկրորդ հարուած մըն էր Պետրոսի համար, սակայն, զինք հանգստացնող մի քանի հանգամանքներ կային. հնդիկ փեսացուն իր աղջկան սիրոյն հայ եկեղեցւոյ մէջ կնքուած եւ լուսաւորչական եղած էր. միւս կողմէ, փեսացուն մեծահարուստ մըն էր. Պետրոսի միակ սփոփանքը այդ էր. «Հայութիւնը ազնուական մեծահարուստ փեսայ մը շահեցաւ, ափով դրամ կը շահի, աղջկանս վրայ կը խենթանայ...». ձեւով մը Պետրոս այս երեւոյթը կը փորձէր այնպէս ցոյց տալ, որ իր աղջկան օտար ամուսնութեամբ ան յաջողած էր մեծամեծ գումարներ շահող հնդիկ մը «մօտեցնել» հայ ժողովուրդին:
Պետրոս այս անգամ չէր համարձակեր մեղադրել իր դուստրը օտար ամուսնութեան համար, որովհետեւ մի քանի հայ երիտասարդներ խնդրած էին Մէյրիի ձեռքը, սակայն Պետրոս մերժած էր՝ որովհետեւ հարուստ չէին. իրեն համար կարեւորութիւն չունէր անոնց հայ ըլլալը. կարեւորը փեսան հարուստ ըլլար եւ իր նոր հնդիկ փեսան կը համապատասխանէր այդ չափանիշին: Սակայն տղան հրաժարած էր հինտուիզմէն եւ եղած լուսաւորչական. այս մէկը նոյնիսկ բաւարար պէտք է որ ըլլար:
Պետրոս, վստահաբար, կամաց կամաց սկսած էր հասկնալ իր ըրած «սխալ»ը, սակայն, չէր ուզեր ընդունիլ, որովհետեւ գոյատեւելու համար շատ անգամ դրամը աւելի կարեւոր է՝ քան հայութիւնը: Սակայն վերջին հարուածը պատճառ եղաւ, որ այլեւս դրամը եւս այդ մեղքը չսքօղէ. միւս դուստրը՝ Ռոզ-Մարին օտարազգի հոգեբոյժին սիրահարուելով կը հրաժարէր հայրական տուն վերադառնալէ. այժմ Պետրոս ունէր սեւամորթ հարս մը, հնդիկ ու եւրոպացի փեսաներ:
Պետրոս լաւապէս գիտէր, որ այդ բոլորը արդիւնքն էին իր դաստիարակութեան. ունէր այլ դուստր մը՝ Նելլին եւ պէտք էր ամէն ջանք ի գործ դնէր, որպէսզի նուազագոյնը Նելլին հայազգի փեսայ մը առնէր: Այլեւս կ՚ընդունէր իր սխալը... կ՚ըսէր. «Սենք՝ առեւտրականներս, միշտ մենք մեզ աշխարհի ամենէն խելացի մարդիկ կը համարենք: Կ՚ընդունիմ, որ ես եղայ իմ զաւակներուս դժբախտութեան պատճառը: Երանի հայ ակումբներ եւ մա՛նաւանդ հայ դպրոցներ յաճախէին, երանի հայ երիտասարդներ սիրէին: Քառասուն տարուան եւ քառասուն հազար չարչարանքով դիզած հարստութիւնս կովապաշտին, սեւամորթին մնալու փոխարէն հայ տղոց բաժին ըլլար երանի»:
Պետրոս որոշած էր քառասուն տարի ետք վերադառնալ իր արմատներուն՝ որպէսզի նը-ւազագոյնը փրկէ իր վերջին զաւակը՝ Նելլին. նախապէս հայկական հաւաքներն ու հանդիսութիւնները անտեսող Պետրոսը այժմ ի՛նք կը ստիպէր իր կինն ու Նելլին երթալ ներկայ գտնուելու համար. Նելլի այլեւս ֆրանսական դպրոց պիտի չերթար...:
***
Կը հաւատանք, որ Արմէն Տօնոյեանի այս գրութիւնը հակառակ կէս դարուան կեանք ունենալուն, կը պահէ իր իմաստն ու այժմէականութիւնը. այս կարճ պատմուածքը որպէս դասընթացք պէտք է փոխանցել հասակ առնող նոր սերունդին, որպէսզի կարենան մասամբ հասկնալ ազգութեան եւ նիւթականին տարբերութիւնը: Այս նիւթը ժամանակակից է.... սակայն կայ շատ աւելի արիւնալի ու ցաւալի երեւոյթ մը՝ որուն համար մեր խորագիրը որոշեցինք դնել «Գրութիւն՝ որ իր մէջ արիւն ունի»:
Արմէն Տօնոյեանի մասին ուսումնասիրած ժամանակ պատահմամբ ձեռքս անցաւ անոր մահազդը եւ այդ մահազդէն ի յայտ եկաւ շատ դժբախտ իրողութիւն մը. շատ մեծ հաւանականութեամբ Պետրոսը՝ որուն դժբախտութեան մասին կը գրէ Արմէն Տօնոյեան... նոյնինքն ի՛նքն է: Այնպէս ինչպէս Պետրոս, Արմէն Տօնոյեան եւս ունէր չորս զաւակ: Լաւապէս կը գիտակցինք, որ նման երեւոյթներ գրականութեան մէջ այդքան ալ յականէ անուանէ ըսելը այնքան ալ ճիշդ չէ... սակայն այդ նրբանկատութիւնը զանց կ՚ընենք՝ նկատի ունենալով, որ այդ մէկը Արմէն Տօնոյեանի մեծագոյն ցաւերէն մէկն էր...
Արմէնի դուստրը՝ Մարալը ամուսնացած էր սեւամորթ Ուիլ Հերիսի հետ. միւս դուստրը՝ Լիզան ամուսնացած էր Տինոյին հետ. զաւակը՝ Արան ամուսնացած էր օտարազգի Ճեսիքային հետ... Արմէն Տօնոյեանի թոռները իր նկարագրած Հարրիէն տարբեր չէին. Մէթյու, Քլոյէ, Ամանտա, Լուք եւ Էվին...:
Արմէն Տօնոյեան ունէր այլ դուստր մը՝ այնպէս ինչպէս ունէր Պետրոս. Նելլիի օրինակով Տօնոյեանի միայն մէկ դուստրը ամուսնացած էր հայու հետ՝ Արմինէն պսակուած էր Հրայրին հետ. անոնց զաւակները՝ Սեւան եւ Ալիք...
Այս բոլորը գիտնալէ ետք շատ աւելի կը հասկնանք այս սիրտի ցաւը՝ որ Արմէն Տօնոյեան փորձած է ներկայացնել իր գրութեան մէջ. իր զաւակները երբեւէ կարդացա՞ծ են իրենց հօր այս գրութիւնը:
Արմէն Տօնոյեանի օտարազգի թոռնիկները այսօր իրենց մեծ հօր գրածը կարդալու կարողութիւնը ունի՞ն... կը կասկածինք:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Գրելը մարդու մը ցաւը կը մեղմէ՞:
Պատասխան. Այո, գրելը շատ անգամ կը մեղմէ մարդու ցաւը, որովհետեւ գրելու միջոցով ան իր միտքերն ու զգացումները իր մէջէն դուրս կը բերէ, կը թեթեւնայ եւ ինքզինք աւելի լաւ կը հասկնայ: Այն բաները՝ որոնք կը խեղդեն եւ որպէս ծանրութիւն կու գան, երբ արտայայտենք գրելով՝ հանգստութիւն մը կը զգանք եւ մեր մէջէն դուրս բերած կ՚ըլլանք այդ բոլորը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան