ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆԷՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ շա­բա­թա­վեր­ջին Ան­գա­րա­յի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան ա­հա­ւոր դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կին կող­մէ հրա­տա­րակուած այս հա­կիրճ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ուղ­ղուած է Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հան­րա­յին կար­ծի­քին։

Թո­րոս Ալ­ճա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ խստիւ պա­խա­րա­կուած է Հոկ­տեմ­բե­րի 10-ին մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մը։ Ալ­ճան շեշ­տած է, որ երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը խո­րա­պէս կը զգան ու կը բաժ­նեն՝ տաս­նեակ զո­հե­րու եւ հա­րիւ­րա­ւոր վի­րա­ւոր­նե­րու ցա­ւը։ Ան յայտ­նած է ցա­ւակ­ցու­թիւն, ընդգ­ծած՝ յա­ռա­ջա­ցած վիշ­տը եւ ա­ւել­ցու­ցած է, որ կը գտնուին սու­գի մէջ։

Թո­րոս Ալ­ճան նշած է նաեւ, թէ այս­պի­սի ա­րարք­նե­րուն թի­րա­խին կը գտնուին մեր երկ­րի միու­թիւ­նը, միաս­նա­կա­նու­թիւնն ու եղ­բայ­րու­թիւ­նը։ Այս բո­լո­րին դէմ ան ընդգ­ծած է խա­ղա­ղու­թեան մէջ ապ­րե­լու պայ­քա­րը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ վճռա­կա­նու­թիւ­նը։ Թո­րոս Ալ­ճան ընդգ­ծած է նաեւ, թէ չեն մատ­նուիր յու­սալ­քու­թեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015