ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Էրտողանի կողքին էին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն։ Մաքրոնի կողքին էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ։
Նախագահները զրոյցի ընթացքին շօշափեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, նաեւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային բնոյթով նիւթեր։ Էրտողան շեշտեց, որ Անգարայի տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Փարիզի հետ երկխօսութիւնը։ Թուրքիա պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որպէսզի առեւտուրի, ուժանիւթի, պաշտպանական արդիւնաբերութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս զարգանայ Ֆրանսայի հետ համագործակցութիւնը։
Նախագահ Էրտողան ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա վճռական է Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ։ Հետեւաբար, ան համոզուած է, թէ օգտակար պիտի ըլլայ համապատասխան դրութիւններու ժամ առաջ շարժման անցըուիլը։
Էրտողան հանդիպման ընթացքին Մաքրոնը շնորհաւորեց՝ Ֆրանսայի կողմէ Պաղեստինի ճանաչման կապակցութեամբ։ Իր խօսքով՝ երկու պետութեան հիմունքով խնդրի կարգաւորման համար պէտք է միջազգային ճնշումները սաստկացնել Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիյահուի իշխանութիւններուն վրայ եւ այս ուղղութեամբ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ հաղորդակցութեան յարատեւութիւնը։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Մաքրոն կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ Սուրիոյ իրադրութեան, Եւրոպայէ ներս ծաւալուած այլատեացութեան եւ ընդհանրապէս ատելութեան յանցագործութիւններուն շուրջ: