ԱԿՆԱՐԿ - 136 - «ԻՆՉՊԷՍ ԵՒ ԽՈՏԱՑԵԼ ԷԻ…»
Օրերս տուն կը վերադառնայի, ինչպէս միշտ՝ քալելով: Ի տես ճամբաներու «բարւոք» վիճակին, միտքս եկաւ օրեր առաջ Հայաստանի առաջին դէմքին Վաղարշապատ քաղաքի փողոցներէն մէկուն հրապարակած նկարը, որուն ընկերացած էր «ինչպէս եւ խոստացել էի» գրութիւնը: Այս արտայայտութիւնը տուեալ մարդուն բերանին մէջ շատո՜նց արդէն ծամոնի վերածուած է, կորսնցնելով իր համն ու նշանակութիւնը:
Վաղարշապատ քաղաքի կեդրոնական մի քանի փողոցներէ բացի երբ ներքին փողոցներ մուտք գործէք, ապա այն տպաւորութիւնը կը ստանաք, թէ մտած էք անտառ, ուր ո՛չ ճամբայ կայ, ո՛չ բնականոն լուսաւորութիւն, ո՛չ լաւ յարդարուած մայթեր՝ քալելու համար: Ձմրան մասին չեմ խօսիր, երբ ինքնաշարժ քշողները մոռնալով իրենք զիրենք, աւելի ճիշդ անտարբերութեան պատճառով ջրափոսերը առանց նկատի ունենալու արագութեամբ կ՚անցնին, կը քշեն, ճամբուն եզրերով քալողներուն ձրի լոգանք մը պարգեւելով ձմրան ցուրտ եղանակին: Ճամբայով քալողներն ալ իրենց հերթին, հարթ եւ ամբողջութեամբ ջուրով չծածկուած տեղ կը փնտռեն, որպէսզի կարենան քալել, եւ առանց լոգանք ընդունելու տուն կամ աշխատանքի հասնիլ:
«Ինչպէս եւ խոստացել էի» այս արտայայտութիւնը ո՛չ միայն այսօրուան առաջին դէմքին, այլեւ իր ղեկավարած ամբողջ ուժին կարգախօսը դարձած է, բայց հակառակ կողմէն: Այսինքն, այս իշխանութիւնները ի՛նչ որ խոստացան՝ ճիշդ հակառակը ըրին: Քառասունչորսօրեայ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին խաբեցին ժողովուրդը՝ ըսելով, թէ «կը յաղթենք» կամ «պիտի յաղթենք», բայց արդիւնքը բոլորիս յայտնի է: Մինչեւ պատերազմ Ստեփանակերտի հրապարկը հոգեկան խանգարում ունեցողի մը պահուածքով ամբողջ ձայնով կը պոռար, թէ Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ, այսօր Արցախը բոլորն ալ գիտեն թէ…: Իշխանութեան եկած ժամանակ յոխորտալով կը խօսէր՝ ըսելով, թէ բոլոր յանցաւորները պիտի պատժուին, բայց այսօր կը տեսնենք, թէ իր նկատի ունեցած յանցաւորները ո՛չ միայն չեն պատժուած, այլեւ կը շարունակեն բարօր կեանքով ապրիլ…: Թոշակներու բարձրացումի մասին կը բարձրաձայնէր, բայց եկէք ու տեսէք, որ մի քանի հազար դրամի բարձրացում եղաւ (ամերիկեան տասը տոլարը չգերազանցող) եւ վերջ…: Առողջապահութեան ոլորտը պիտի բարելաւէին, բայց այսօր թերեւս Հայաստանի առողջապահութեան ոլորտը աշխարհի ամենէն վատ երկիրներու շարքին կարելի է համարել: Կրթութեան մասին չեմ խօսիր…, որովհետեւ անիմաստ է խօսիլ այդ մասին, երբ կրթութեամբ զբաղուողները նոր հասկցած են, որ պէտք է կրթուին, թէ «կրթութիւնը անհրաժեշտ է»:
Մէկ խօսքով խոստումներուն մեծամասնութիւնը անգործադրելի կը մնան մինչեւ օրս, հակառակ իր եւ իր խմբակիցներու բազմաթիւ հաստատումներուն: Վաղարշապատ, Սեւան, Կիւմրի եւ այլ քաղաքներ երթալով, փողոց մը կամ երկու նկարելով կը հպարտանայ ու իր բերանը կը բանայ ըսելով, թէ՝ «ինչպէս եւ խոստացել էի…»:
Կառավարման նման մեթոտը միայն մեր մօտ չէ, տարածուած երեւոյթ է, որ տարբեր երկիրներու մէջ երբ իշխանութիւններ կը փոխուին, նոր եկողները բազմաթիւ խոստումներով կու գան, բայց միայն յաջողին ընտրութիւններուն մէջ՝ իրենց իսկ տուած խոստումները կը մոռնան եւ ճիշդ հակառակը կը գործեն: Մեր պարագային պարզապէս քիչ մը տարբեր է, որովհետեւ նկատի ունենալով, որ մենք ծայրայեղութիւն սիրող ժողովուրդ ենք, այս երեւոյթն ալ մեր մօտ ծայրայեղացած է, ծայրայեղացնելով նաեւ ժողովուրդին կուրութիւնը, որովհետեւ ժողովուրդը տեսնելով վերանորոգուած դպրոց մը, ասֆալթուած ճամբայ մը եւ սալիկապատուած մայթ մը, մէկ անգամէն կը մոռնան ամէն ստախօսութիւն եւ խաբեբայութիւն, ու կը հիանան այդ կատարուած մանր մունր բաներով, որոնք ովկիանոսին մէջ թափուած մէկ կաթիլ ջուրի կը նմանին:
Եթէ պահ մը դէպի մօտիկ անցեալ երթանք մինչեւ ներկայիս առաջին դէմքին իշխանութեան գալը եւ մտաբերենք անոր տուած խոստումները ու եթէ իշխանութեան գալէ ետք այդ խոստումները իրագործած ըլլար, ապա այսօր Հայաստանը բարգաւաճելու ճանապարհին մէջ հսկայական քայլեր կտրած պիտի ըլլար: Աւելին, Արցախը կորսնցուցած պիտի չըլլայինք: Մեր երէց սերունդին ներկայացուցիչները ապահով եւ բարօր ծերութիւն մը պիտի ապրէին եւ ո՛չ թէ մուրացկանի նման սպասէին ամէն ամսեմուտի, որպէսզի մի քանի ղրուշներ ստանան եւ իրենց պարտքերը գոցեն եւ շարունակեն պայքարիլ մինչեւ յաջորդ ամիս: Եթէ իր տուած խոստումներուն տէր կանգնէր, ապա այսօր մեր կրթական ոլորտը առողջ ու ազգայնականութեամբ լեցուն պիտի ըլլար եւ ո՛չ թէ այլասերուածութեամբ ու անբարոյականութեամբ: Աւելին, այսօր մեր պատմութեան դասագիրքերը պիտի չաղաւաղուէին: Առաջին դասարանցիներու դասագիրքերէն Մեսրոպ Մաշտոցը պիտի չվռնտուէր…: Արարատը ծրագրաւորուած կերպով մոռացութեան պիտի չմատնուէր: Առողջապահութեան ոլորտը պիտի կայուն ըլլար եւ ո՛չ թէ մարդիկ ամիսներով հերթի կանգնէին պետական պատուէրէ օգտուելու համար, կամ լսէին թէ՝ «այս տարի այլեւս պետական պատուէրը լրացած է…»:
Եթէ տրուած խոստումները իրագործուած ըլլային՝ այսօր Հայաստանը ուրիշ տեսք կ՚ունենար. արժանապատիւ ծերութիւն, առողջ դպրոցներ, չվռտնուած ու չաքսորուած մշակութային յիշողութիւններ… Եթէ…
Բայց եկուր եւ տես, որ իր «ինչպէս եւ խոստացել էի…» արտայայտութիւնը ճիշդ հակառակ ըմբռնումը ունի իր մօտ, այսինքն՝ ինք խոստացած էր Արցախը ծախել, Հայաստանը տկարացնել՝ քայքայելով բոլոր ոլորտները, մարդոց կեանքը դժուարացնել, մարդիկը վերածել դրամ աշխատելու մեքենայի՝ ամէն տեսակի տուգանքներ եւ նոր օրէնքներ հնարելով ու մէջտեղ բերելով: Այնպէս որ կարելի չէ՛ մեղադրել մեր երկրի այսպէս կոչուած առաջին դէմքը, որովհետեւ ինք իր խոստումները ո՛չ միայն յարգած է, այլեւ հաւատարմութեամբ կ՚իրականցնէ զանոնք եւ պիտի իրականացնէ մինչեւ վերջին կէտը, երբ օր մը պիտի արթննանք եւ իմանանք, որ այլեւս Հայաստան գոյութիւն չունի…:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
22 սեպտեմբեր 2025, Վաղարշապատ