ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ եռակողմանի կարճատեւ շփումներ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակէն ներս տեղի ունեցան այս շփումները՝ մանաւանդ, որ Միրզոյեան եւ Պայրամով մասնակցեցան Ռուպիոյի կողմէ կազմակերպուած Անդրատլանտեան պաշտօնական ընթրիքին, որուն մասնակցեցան ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ ներառեալ դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն եւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դիաւանգիտական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Երեւան բարձր կը գնահատէ Ուաշինկթընի շարունակական աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը՝ Պաքուի հետ արդէն իսկ հաստատուած խաղաղութեան եւ անոր ամրապնդման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2025