ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԱՅՆԱԳԻՏԱՐԱՆ
Հայկական հանրագիտարանի խմբագրութիւնը լոյս ընծայեց նոր եւ հետաքրքրական գործ մը։ Այսպէս, հրատարակուեցաւ «Հայ գրատպութիւն եւ գիրքարուեստ» խորագրեալ հանրագիտարանը։
Երէկ, Հայկական հանրագիտարանի խմբագրութեան ղեկավար Յովհաննէս Այվազեան Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքելով ծանօթացուց այս նոր հանրագիտարանը։ «Հայեացք» մամլոյ ակումբին մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Այվազեան անդրադարձաւ հանրագիտարանի բովանդակութեան, անոր ձեւաւորման հանգրուաններուն եւ չափանիշներուն։
Նորընծայ Հայ գրատպութեան եւ գիրքարուեստի հանրագիտարանը կ՚ամփոփէ հայոց 500 տարուան գրականութեան պատմութիւնը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներուն գիրքը ներկայացնելու ժամանակ ըսաւ «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր-տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան։
«Ան ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէ 500 տարուան ընթացքին մեր տպարանները, հրատարակիչները, հնատիպ գիրքերը, անոնց տպագրման նախաձեռնողները, ամսագրերն ու լրագիրները եւ այլն: Յոյս ունիմ, որ հասարակութեան լայն շերտերը զայն լաւ կ՚ընդունին, սակայն վերջին շրջանին առկայ է գիրքերու նկատմամբ որոշակի սառնութիւն», նշեց Յովհաննէս Այվազեան:
Գիրքի գլխաւոր հեղինակներէն մէկը եւ ամբողջ աշխատանքային ընթացքի ղեկավարը տեղեկացուց, որ գիրքի պատրաստման աշխատանքները տեւած են երեք-չորս տարի:
«Այսօր կը թուի, թէ տեղեկատուութեան աղբիւրները շատ են, եւ կարելի է արագ կողմնորոշուիլ եղած տեղեկատուութեան մէջ, սակայն որքան շատ աղբիւր ունիս՝ այնքան շատ ժամանակ կը պահանջէ բոլոր տեղեկութիւնները համատեղելն ու համադրելը», յաւելեց Յովհաննէս Այվազեան։
Հայ գրատպութեան եւ գիրքարուեստի հանրագիտարանը տպագրուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Շուրջ 1200 էջնոց հատորին մէջ տեղ գտած են նաեւ յօդուածներ Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ տպագրուած գիրքերու վերաբերեալ:
«Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւնը անկախ Հայաստանի տարիներուն տպագրած է արդէն տասնվեց անուն հանրագիտարան, որոնց մէկ մասը բազմահատոր է։