ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ զանազան մակարդակներու վրայ եռակողմանի շփումները կը շարունակուին։ Երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հերթական տեսակցութիւնը յառաջիկայ Նոյեմբերին նախատեսուած է Թիֆլիզի մէջ։
Պաքուի աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հաղորդումներուն հիման վրայ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Թիֆլիզի մէջ պիտի քննարկեն տարածքաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Դիւանագիտական աղբիւրներուն կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններով, եռակողմ բանակցութիւններուն ընթացքին առաջին հերթին պիտի քննարկուին տարածքաշրջանային համագործակցութեան քաղաքական ու տնտեսական համատեսքերը։
Հարկ է նշել, որ եռակողմ այս ձեւաչափին մէջ առաջին տեսակցութիւնը 2012 թուականին տեղի ունեցած էր Թրապզոնի մէջ։ Նախարարներու մակարդակով երկրորդ տեսակցութիւնը կազմակերպուած էր Պաթումի, երրորդը՝ Կենճէի մէջ։ Անցեալ տարուան Դեկտեմբերին չորրորդ տեսակցութեան հասցէն եղած էր Կարսը։