ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Բառարաններուն մէջ կան բառեր, որոնք իրենց բառի սահմանները անցնելով եղած են հայ ժողովուրդի հաւաքական կենսագրութիւնը եւ անկասկած անոնցմէ է «գաղթականութիւն» բառը, որ հայ ժողովուրդին համար հոմանիշ է գոյատեւման: «Գաղթել», «ներգաղթել» ու «արտագաղթել» բառերը հայ ժողովուրդին համար աւելի հարազատ եղած են՝ քան միւս ազգերը, որովհետեւ աշխարհի երեսին դժուար է գտնել ուրիշ ազգ մը, որ աւելի գաղթ ապրած ըլլայ՝ քան հայ ժողովուրդը:
Հայ մտաւորականներ այս բառերը կը սահմանեն որպէս «հոգեհարազատ» ու «անբաժան», սակայն անոր ինչութիւնը մի՛շտ ալ եղած է հարցականի տակ. Վենետիկի մէջ մինչեւ օրս լոյս տեսնող «Բազմավէպ» հայագիտական, բանասիրական ու գրական հանդէսը իր 2014 թուականի 3-4 թիւներուն մէջ (ՃՀԲ տարի, թիւ 3-4) հրատարակեց «Արտագաղթ» խորագրեալ խմբագրական մը, որուն մէջ կ՚ըսէր. «Նոր երեւոյթ մը չէ, որ հայը դժուար կացութեան դիմաց որոշէ հաւաքուիլ եւ գաղթել, երթալ անյայտ ճակատագիրը դիմագրաւելու: Սխրագործութի՞ւն պէտք է կոչել, թէ յուսահատութեան արդիւնք, ազատատենչ պոռթկո՞ւմ, թէ փափկասիրութիւն, փախուստ դէպի հեշտ կեանք... պատասխան չունիմ»:
Իրապէս ես, բոլորս ալ պատասխանը չունինք, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ կայ կամաւոր եւ պարտադրեալ արտագաղթ եւ այս մէկը յատուկ չէ միայն վերջին տասնամեակին։ Պատմութիւնը վկայ, որ հայը մի՛շտ ալ եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ այդ գաղթի ճամբուն վրայ:
Սակայն, հայ ժողովուրդը տարօրինակ է, որովհետեւ լաւապէս գիտէ՛ գաղթականութեան ունեցած վնասներն ու չարիքները, կը գիտակցի հաւանական անկումը, սակայն հակառակ անոր, հեռու չի՛ մնար գաղթականութենէն։ Սփիւռքի մէջ բոլորը «կը տառապին» հայրենիքի կարօտով ու սիրով, սակայն շատ քիչեր կը մտածեն գաղթի ճամբան ձգելով տուն վերադառնալ: Հայաստան ապրող հայը (մանաւանդ երիտասարդութեան զգալի մէկ մասը) ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գալով իր ապագան կառուցելու, իսկ արդէն իսկ սփիւռքի մէջ գտնուող հայը «երազի իմ երկիր» երգելով հանդերձ կը նախընտրէ մնալ այդ երազային երկիրէն հեռու:
Այս բոլորը մերօրեայ հիւանդութիւն ըլլալ կը կարծէի, սակայն աշուղ Ջիւանիի երգը եկաւ այդ կարծիքը փարատելու. մեծ աշուղը տակաւին ցեղասպանութենէն տասնամեակներ առաջ կը գրէր «Հայի բըլբուլին» խորագրեալ ժամանակակից երգը, որ իր բովանդակութեամբ նուիրուած է բոլոր ա՛յն հայերուն, որոնք գաղթի ճամբուն վրայ կը գտնուին. երգի բառերը ինչպէս միշտ խոր ու գրաւիչ են.
«Դարձիր Հայի բըլբուլ, դարձիր Հայաստան,
Օտար երկրում քմքիդ յարմար վարդ չըկայ»։
Այս տողերը մեզի հասկցնել կու տան, որ հայը օտար ափերու վրայ «վարդ» մը կը փնտռէր։ Անշուշտ, այդ վարդը իւրաքանչիւրին համար կրնայ տարբեր իմաստ ունենալ. մէկուն համար խաղաղութիւն, ուրիշին համար հարստութիւն եւ այլ բաներ, սակայն, Ջիւանի իր այս երգով ըսել կ՚’ուզէ, որ հայրենիքէն դուրս այդ բոլորը անիմաստ է, որովհետեւ իր իսկ բառերով. «Ճերմակ վարդը քեզ չի դառնալ սիրական»։ Անշուշտ, այս տողերուն մէջ կարելի է գտնել նաեւ մեծ աշուղի հայրենիքի հանդէպ ունեցած համոզումն ու սէրը, որովհետեւ ըստ անոր՝ հայրենիքէն դուրս հայ մարդուն համար «սրտիդ մօտիկ կարմիր-կատար վարդ չըկայ»: Կարմիր վարդը վարդերու «թագուհին» է եւ Ջիւանի ըսել կ՚ուզէ, որ մարդ այդ բարձրագոյնը որուն փնտռտուքին մէջն է՝ լոկ հայրենիքի մէջ կրնայ ստանալ, այդ իսկ պատճառով տակաւին հայկական հսկայական սփիւռքը չկազմուած գաղթական հայերը կը հրաւիրէր Հայաստան, ըսելով «Դարձի՛ր, հայի բըլբուլ»:
Ջիւանի կը շարունակէ.
«Գնա՛ հայի բըլբուլ, քու տեղդ երգէ,
Չեն հասկնալ երգդ, այստեղ յարգի չէ»։
Տեղդ երգէ ըսելով այստեղ կը հասկնանք հետեւեալը. վկայ հայկական սփիւռքի պատմութիւնը. հայ ժողովուրդը Հայաստան վերադառնալով իր հայրենիքը ծաղկեցնելու փոխարէն Լիբանանի մէջ, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր օտար քաղաքները զարգացուց. այլ խօսքով՝ իր շնորհներուն մեծագոյնը իր հայրենիքին համար գործածելու փոխարէն օտարինը կատարելագործեց՝ իր իսկ երգը՝ իր շնորհները իր հայրենիքին շնորհելու փոխարէն: Ջիւանի այդ երգը «անարգ» կը նկատէ, որովհետեւ օտարին համար հայը պիտի շարունակէ մի՛շտ օտար մնալ. Լիբանան կամ Սուրիա ծնած հայը երբեք կատարեալ արաբ, նոյնքան ալ կատարեալ հայ պիտի չկրնայ ըլլալ. այդ իսկ պատճառով Ջիւանի բոլոր հայերը դէպի իր տուն՝ Հայաստան կը կանչէ, որպէսզի միատեղ ըլլալով Հայաստանը զարգանայ, որովհետեւ օտարին երկիրը վերջապէս օտարին հայրենիքն է:
«Փնտրածդ ծաղիկը դրախտում պտրէ
Ցուրտ աշխարհում մշտադալար վարդ չկայ»։
Ջիւանի ըսել կ՚ուզէ, որ օտարի հողին վրայ ցանուած ծաղիկը վերջաւորութեան պիտի թոռմի. սեփական հողի վրայ ցանուած ծաղիկն է, որ արժէք ու իմաստ կը ստանայ եւ այդ արտը, ուր հայը պէտք է իր ծաղիկը ցանէ Ջիւանի կը կոչէ «դրախտ», ըսել ուզելով, որ հայը դրախտէն հեռացած կը փորձէ օտարութեան մէջ դրախտ մը ստեղծել՝ մոռնալով, որ մեծագոյն դրախտը մեր հայրենիքն է:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Արտագաղթը դրակա՞ն բան է՝ թէ ժխտական:
Պատասխան. Արտագաղթը ունի երկու բնոյթ՝ կախուած հանգամանքներէն եւ նպատակներէն: Որոշ մարդոց համար արտագաղթը նոր հնարաւորութիւններու, կրթութեան եւ կեանքի որակի բարձրացման միջոց է, ինչ որ որոշ պարագաներու կը դիտուի որպէս դրական երեւոյթ, սակայն ան միաժամանակ կրնայ դառնալ ժխտական՝ սեփական լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան կորուստի պատճառով: Հետեւաբար արտագաղթը թէ՛ դրական հնարաւորութիւն է եւ թէ կորուստ եւ այդ մէկը կախուած է անհատի սկզբունքներէն եւ ըմբռնումներէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան