ԱՊՕՐԻՆԻ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐ
Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին։ Մինչ Թուրքիա անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն՝ անոնց վրայ ազդելու ներուժով, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Սուրիոյ տեսակէտէ ամենակարեւոր հարցը Իսրայէլն է։
Անգարա-Դամասկոս առանցքի աշխուժութիւնը երէկ գտաւ իր շարունակութիւնը՝ հերթական բարձր մակարդակի շփումով։ Հաքան Ֆիտան եւ Էսատ Շէյպանի բանակցութիւններ վարեցին եւ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Ֆիտան այս փուլին ըսաւ. «Սուրիոյ առկայ ամենակարեւոր հարցերէն մին է Իսրայէլի ապօրինի շարժումները։ Իսրայէլի այս ապօրինի շարժումները շօշափեցինք մեր այսօրուայ բանակցութիւններուն ժամանակ։ Սուրիոյ հարաւին անվտանգութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը արժեւորեցինք։ Սուրիայէ ներս անդորրութեան եւ անվտանգութեան վերահաստատումը կրնայ իրականանալ՝ միայն երկրի տարածքային ամբողջականութեան, միութեան ու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքով։ Թուրքիա պիտի շարունակէ համապատասխան ջանքերը խրախուսել»։
Իր կարգին, Շէյպանի շեշտեց, որ Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի սպառնալիքները տակաւին կը շարունակուին։ Իր խօսքով՝ Սուրիայէ ներս ՓՔՔ-ԵՓԿ հանդէս կու գայ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու անուանումով եւ այս վերջնոյն հետ երկխօսութիւն մը հաստատուած է երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հիմունքով։ «Այս երկխօսութեան նպատակն էր, որ ան մասնակցէր Սուրիոյ պետութեան եւ կառոյցներուն մէջ՝ մէ՛կ երկրի, մէ՛կ բանակի ու մէկ տարածքի հիմունքով», ըսաւ հիւր նախարարը։