ԿԱՆԳԱՌ ԱՊԱԳԱՅԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
Անցեալը վտանգաւոր է, երբ անծանօթ է. կա՛մ ծանր բեռ է, կա՛մ սրբութիւն։ Երկու պարագային ալ կը սպառնայ աղճատել միտքը՝ կանխելով դէպի ապագայ երթալու հաստատակամութիւնը։
Պէտք է ժամանակ առ ժամանակ կանգ առնել, շունչ քաշել եւ, ինչպէս անցորդը կ՚ընէ, ետ նայելով՝ փորձել գնահատել անցած ճանապարհը, զգալ տարածութիւնն ու ժամանակը, որոնք հեռացած են, բայց չեն օտարուած։
Անցեալը երբեք չ՚օտարուիր։ Անցեալը կը մնայ որպէս փորձառութիւն։ Եթէ յաջող է, հպարտութիւն կը ներշնչէ։ Եթէ ձախող է, չի սպաններ։ Կը վհատեցնէ՝ գուցէ։ Կը վհատեցնէ, բայց չի տանիր անդարձ անկման։
Անցեալները, սակայն, միայն յաջող եւ սոսկ ձախորդ չեն ըլլար։ Անցեալներուն մէջ՝ բոլոր ազգերու, բոլոր մարդոց անցեալներուն մէջ կան անտեսանելի հանգոյցներ, որոնք չմեռնելու, չոչնչանալու, չանհետանալու յոյսն են։
Տեսաֆիլմը, որ պատրաստած եմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի նախաձեռնութեամբ եւ շարունակական խորհուրդներով, կարելի է ըսել, այդ իսկ հանգոյցներու որոնումն է։
Եթէ անցեալը միայն ձախողուած ըլլար, իմաստ պիտի չունենար խօսիլ անոր մասին եւ խօսողն ալ, անկեղծ ըսած, այսօր գոյութիւն պիտի չունենար։
Եթէ անցեալը յաջողութիւններու անընդհատ ու անվերջ շարք ըլլար, եւս առաւել իմաստ պիտի չունենար խօսիլ անոր մասին։ Յաջողութիւնները հպարտութիւն կու տան, բայց նաեւ կը բթացնեն զգօնութիւնը։
Ուրեմն՝ ամէն անդրադարձ անցեալին կը բանայ դուռ մը, որով կրնայ անցնիլ միայն ճանապարհն ու ժամանակը՝ ըստ պատշաճի, գնահատողը։
Հիմա երբեմն կ՚ըսեն, թէ մեր անցեալը վշտերու, ցաւերու, ընկճուածութեան պատում է, բայց արդեօք ինքն անցեալը մեզի ա՞յդ աչքով կը նայի։ Արդեօք ինքն իսկ անցեալը չի զարմանա՞ր, որ այդուհանդերձ (վիշտ, ցաւ, ընկճախտ) այսօր կանք եւ դարձեալ ըլլալու դուռ ու ճամբայ կը փնտռենք։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» տեսաֆիլմը պիտի օգնէ գտնել այդ դուռն ու ճանապարհը։
ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ
(Արեւմտահայերէնի փոխադրուած)