ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԴԷՄ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ ԿՐՆԱՅ ԱՌԱՋԱԴՐՈԻԼ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը արդէն գրեթէ հունէ դուրս եկած է։ Լրատուամիջոցները կը տեղեկացնեն, որ օրակարգի վրայ է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին դէմ մեղադրանքի առաջադրման հաւանականութիւնը։ Այս պահու դրութեամբ սոյն գայթակղութիւնը հորիզոնի վրայ ուրուագծուած է լրջօրէն։
Իշխանամէտ լրատումիջոցները երէկ հրապարակեցին գաղտնալսուած հեռախօսազրոյց մը, որ տեղի ունեցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի եւ Վեհափառ Հայրապետի նախկին գաւազանակիրներէն Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեանի միջեւ։ Այս վերջինը ներկայիս արդէն թողած է հոգեւոր կեանքը։ Այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին պաշտօնաթող հոգեւորականը Նաթան Սրբազանին գանգատ յայտնած է, որ Նորին Սրբութիւնը իրենց հրահանգած է ընտանիքի անդամներու հետ մասնակցիլ հակաիշխանական ցոյցերուն։ Երբ ան հրաժարած է այդ բանը ընելէ, զինքը ծառայութեան ուղարկած են՝ իր բնակարանէն 200 քիլօմեթր հեռաւորութեամբ մատուռ մը։ Ըստ նոյն պնդումներուն, սրբազանն ալ փորձած է պաշտօնաթող հոգեւորականը տարհամոզել, որպէսզի ասպարէզը չթողու։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եկեղեցականներու մասնակցութեամբ ձայնագրութեան վերաբերեալ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթի։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն երկրի Քրէական օրէնսգիրքի տրամադրութիւններու լոյսին տակ գործելու ճանապարհին է։ Այդ հրապարակուած խօսակցութիւնը տեղի ունեցած է 2023 թուականի հոկտեմբերին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ անմիջապէս արձագանգեց՝ ըստ հետեւեալի. «Այս օրերուն ամբողջ իրաւապահ եւ դատական համակարգը լծուած է հակաեկեղեցական ապօրինի հրահանգներու իրագործման։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին վերագրուած նման արտայայտութիւններու շրջանառման նպատակն է վարկաբեկել Եկեղեցին եւ եկեղեցականները, թշնամանք յառաջացնել անոնց դէմ»։
Բաց աստի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը մատնանշած է, որ հեռաձայնային խօսակցութիւններու գաղտնիութեան խախտումը ինքնին յանցագործութիւն մըն է։ «Սա առանձին նիւթ մըն է եւ կը յուսանք, թէ այս կապակցութեամբ իրաւապահ մարմինները համարժէք արձագանգ կու տան», նշուած է յայտարարութեան մէջ։