ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՍԱՆՍԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍԱՐԳԻՍ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի եօթ­նե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Յու­նաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թեան «Սիս­մա­նոկ­լիօ Մա­կա­րօ» կեդ­րո­նը, ուր «Փա­րոս» հան­դէ­սի չոր­րորդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կը ցու­ցադ­րուին ա­նուա­նի գե­ղան­կա­րիչ Սար­գիս Մու­րա­տեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ «Ան­ցեա­լէն դէ­պի ա­պա­գայ» խո­րագ­րով։ Այս առ­թիւ վար­ժա­րա­նին սա­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղե­ցին «Փա­րոս»ի խմբա­գիր Մայ­տա Սա­րի­սէն եւ ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րէն՝ Սար­գիս Մու­րա­տեա­նի, Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի եւ ա­րուես­տա­գէ­տին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Լեւոն-Վարդուհեանի սա­նե­րը յատ­կա­պէս հե­տաքրք­րուե­ցան Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի վեր­ջին գի­շե­րը պատ­կե­րով իւ­ղան­կա­րով, ո­րու գոյ­նե­րը, մա­նա­ւանդ կար­մի­րը հրա­պու­րեց զի­րենք։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015