ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Գիւտ Խաչի տօնին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւորներու շարքը համալրուեցաւ վեց նորաօծ քահանայով։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, հաւատացեալներու օրհնութեան համար դուրս բերուած էր նաեւ Տիրոջ Խաչափայտի մասունքը։
Ս. Պատարագը մատոյց Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Եպսկ. Յակոբեան, որու ձեռամբ օծուեցան նոր քահանաները։ Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Ս. Պատարագի «Տէր ողորմեա» երգեցողութեան ժամանակ, հոգեւորականներն ու ներկայ հաւատացեալները առանձնական աղօթք բարձրացուցին ապօրինաբար ազատազրկուած Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի, Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի, միւս հոգեւորականներու, ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի եւ բոլոր գերիներու ազատութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խաղաղ ու բարօր կեանքին համար։
Նորաօծ քահանաները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚անցընեն քառասնօրեայ պատրաստութեան, ապաշխարութեան եւ աղօթքի շրջանը, իսկ աւելի վերջ ծառայութեան կը կոչուին Հայ Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցներուն եւ թեմերուն մէջ։