ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՐՔԻ ՓՈՒԼ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան գործընթացը երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործարքի փուլին մէջ կը գտնուի։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ «Օրպելի ֆորում. կառուցելով խաղաղութիւն եւ բազմակողմանի համագործակցութիւն» խորագրեալ միջազգային համաժողովի ընթացքին։
Իր խօսքով՝ Երեւան-Պաքու գործարքի էութիւնը այն է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ Ուաշինկթընի հռչակագրի հիման վրայ՝ կը բանան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները։ Անոնք սահմանազատում կ՚իրականացնեն՝ արդէն իսկ համաձայնեցուած կանոնակարգի վրայ եւ զիրար հանգիստ կը թողեն։ «Այս տեսլականը արձանագրուած է նաեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ», ըսաւ վարչապետը։
Հաւաքի ժամանակ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի՝ վերջին շրջանին արձանագրուած յաջողութեան պատմութիւններուն։