ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական նստաշրջանը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը հաղորդեց, որ ժողովը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Բացման փուլին Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ ամփոփ խօսքով մը։

ԳՀԽ-ի օրակարգին վրայ կը գտնուին Հայաստանի կեանքի մարտահրաւէրները, իշխանութիւններու հակաեկեղեցական արշաւը, ապօրինաբար ազատազրկուած եկեղեցականներու եւ աշխարհականներու դէմ իրաւական գործընթացներն ու անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուած գերիներու հարցերը, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը, ազգային ինքնութեան դիմագրաւած խնդիրները, եկեղեցւոյ վարչական, կարգապահական հարցերը, ինչպէս նաեւ Նուիրապետական Աթոռներու ու թեմերու գործունէութեան վերաբերեալ նիւթեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2025