Կիրակի 9, Նոյեմբեր 2025
ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐՈՒ ՇՕՇԱՓՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի հետ։ Նախագահը դեսպանը հիւրընկալեց իր առանձնատան մէջ. զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։ Տըքոթինյիի խնդրանքին ընդառաջ՝ Տէր-Պետրոսեան ներկայացուց հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման, տարածաշրջանային իրադարձութիւններու վերաբերեալ իր տեսակէտները եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական լարուածութեան մեղմացման հեռանկարները։
Հանդիպման ներկայ էին Ֆրանսայի դեսպանատան առաջին քարտուղար Ժիւլի Ֆոր եւ առաջին նախագահի գրասենեակի տնօրէն Աւետիս Աւագեան։ Նախագահին եւ դեսպանին միջեւ տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրի փոխանակում մը։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2025