ԿՈՅՐԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆԸ
«Երբ Բեթսայիդա գնաց, անոր առջեւ կոյր մը բերին եւ կ՚աղաչէին իրեն որ դպչի անոր։ Անիկա կոյրին ձեռքէն բռնելով գիւղէն դուրս հանեց եւ անոր աչքերուն թքնելով՝ ձեռքը անոր վրայ դրաւ եւ հարցուց անոր թէ՝ բան մը կը տեսնէ՞։ Ան ալ նայեցաւ եւ ըսաւ.- Մարդիկ կը տեսնեմ ծառերու պէս որ կը պտտին։ Նորէն ձեռքը անոր աչքերուն վրայ դրաւ եւ անոր նայիլ տուաւ եւ ողջնցաւ եւ ամէն բան համարձակ կը տեսնէր։ Ետքը զանիկա իր տունը ղրկելով՝ ըսաւ.- Գիւղը մի՛ մտներ եւ գիւղին մէջ մարդու մի՛ ըսեր». (ՄԱՐԿ. Ը 22-26)։
Մարկոս Աւետարանիչ այսպէս կը վկայէ Յիսուսի կոյրին բժշկութեան հրաշքը։ Այս հրաշքին մէջ կարելի է մատնանշել բազմաթիւ յատկանշական իրադարձութիւններ։
Նախ՝ Յիսուս իրեն բերուած կոյրը գիւղէն դուրս կը հանէ զայն բժշկելէ առաջ։ Արդարեւ, պատմական իրողութիւն մըն է, թէ՝ Բեթսայիդայի բնակիչ գիւղացիներ ընդհանրապէս անհաւատ էին։ Այս պատճառով Յիսուս գիւղէն դուրս հանեց կոյրը։ Ուստի, Յիսուսի ճշմարտութիւնները տեսնելու համար պէտք է դուրս գալ ներկայ շրջապատէն։ Որովհետեւ կան արտաքին ազդեցութիւններ՝ որոնք արգելք կ՚ըլլան Քրիստոսի ճշմարտութիւնը տեսնելու։
Այս արգելքը երբեմն կը պատահի նաեւ ներքին միջավայրի մէջ. մարդուն մտածումները արգելք կ՚ըլլան ճշմարտութիւնը տեսնելու։ Մարդ եթէ կատարեալ համոզում չունենայ, կարելի չ՚ըլլար իր կամքին իրականացումը։ Եւ ինչպէս նիւթական ազդեցութիւնը, նո՛յնքան ազդեցիկ է հոգեւոր մթնոլորտը՝ Յիսուսի ճշմարտութիւնը տեսնելու համար։ Հոգեւոր շրջապատի մթնոլորտը երբեմն աւելի ազդու կ՚ըլլայ ճշմարտութիւնը յստակ տեսնելու համար։
Ճիշդ այս կէտին, նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտները յաճախ թերահաւատ էին։ Այս պատճառով կարգ մը պարագաներու՝ չէին հասկնար Յիսուսի հրաշքները։ Ուստի, թերահաւատութիւնը արգելք կ՚ըլլայ հրաշքին իրականացման։ Եւ այս պատճառով, երբեմն խնդրանքներ չեն կատարուիր։ Ուստի, ամբողջական տեսողութիւնը կ՚իրականանայ, երբ կատարեալ հաւատք կա՛յ։
«Քանզի հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք աղօտ անյայտ կերպով, բայց այն ատեն երես առ երես». (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 12)։ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներու գրած առաջին նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ աղօտ կը տեսնենք զԱստուած, մինչեւ որ երես առ երես գանք. հաստատ հաւատք ունենանք։ Ուստի, պէտք է մշակել, աճեցնել հաւատքը մեր ներքին աշխարհին մէջ։ Հաւատքը պէտք է խնամել, հոգ տանիլ անոր։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հաւատքը հաստատեց հայ ժողովուրդին, բայց հայ ժողովուրդին համար բաւարար չէր ասիկա, պէտք էր մշակել, աճեցնել այդ հաւատքը, որպէսզի կատարելութեան հասնի եւ մշտակայ ըլլայ ան։ Եւ ասոր համար գիր պէտք էր, գրականութիւն պէտք էր, գիրք պէտք էր…
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ահաւասիկ ամբողջացուց հայ ժողովուրդին հաւատքը, երբ տեսիլքով մը գտաւ հայ գիրերը։ Ան տեսաւ հայ գիրերը՝ Աստուծոյ ձեռքով գրուած։ Հաւատքն էր, որ իրականացուց այդ հրաշքը։
Հայկական հարազատ գիրերով ամբողջացաւ հաւատքը։ Որովհետեւ ամբողջական տեսութեան համար կատարեալ հաւատքը անհրաժե՛շտ է։ Թերահաւատութիւնը արգելք է հրաշքի իրականացման։ Ուստի, տեսիլքը պէտք է յստակացնել, ինչպէս գիրերը ամբողջացուցին հայ ժողովուրդին հաւատքը։ Տեսիլքը պէտք է ամրապնդել՝ որպէսզի հաւատքը հաստատ մնայ հայ ժողովուրդին մէջ, որպէսզի Քրիստոսի Ճշմարտութեան Լոյսը յստակ տեսնուի՝ ինչպէս կոյրը առաջին հանգրուանին. (ՄԱՐԿ. Ը 24) աղօտ տեսաւ, եւ երկրորդ հանգրուանին զայն կատարելագործեց՝ ամբողջացաւ տեսողութիւնը։
Յիսուսի մօտենալու, Անոր Ճշմարտութեան Լոյսը յստակ տեսնելու համար պէ՛տք է ամբողջացնել եւ յստակացնել տեսողութիւնը։ Յստակ տեսնելու համար պէտք է պայծառ ըլլայ մարդուս ներքին աշխարհը՝ ինչպէս ատաքին միջվայրը։
Մենք պէտք է մեր աղօտ ճանաչումը դարձնենք յստակ տեսողութեան։
Եւ ահաւասիկ, կոյրին հրաշք բժշկութիւնը մեզի կը յիշեցնէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հրաշք գիւտը հայ գիրերուն՝ որ կատարելագործեց, ամբողջացուց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի հաստատած հաւատքը։ Հայ գիրը եւ գրականութիւնը այսօր պէտք ունի կոյրին հրաշք բժշկութեան նման հրաշք վերակենդանութեան մը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 4, 2025, Իսթանպուլ