ԳՈՂԵՐԸ ՀՈԳԵԲԱՆՆԵՐ ԵՆ

Նկատէք թէ ոչ, օրական դրութեամբ մի քանի տասնեակ մարդիկ կը փորձեն ձեզ գողնալ, սակայն այս մէկը կ՚ընեն այնքա՜ն հմուտ ձեւերով, ինչ որ չէք նշմարեր: Անշուշտ, գողութիւնը նոր «արհեստ» մը չէ աշխարհի երեսին. ամէն ժամանակ ունեցած է իր գողը, իր պոռնիկը, իր ոճրագործն ու չարը, որոնք առաջնորդուած են նոյն սկզբունքով՝ որպէս տարբերութիւն ունենալով եղանակներն ու միջոցները: 

Անշուշտ, ամէն ժամանակներու մէջ ալ անոնք եղած են դատապարտուած. սակայն շատեր ուզած են այդ վատ արարքներու ետին գտնել որոշ պատճառներ եւ վերլուծութիւններ՝ հաւատալով, որ աշխարհի երեսին ամէ՛ն բան ունի պատճառ: Օրինակի համար՝ Պղատոն լաւապէս ուսումնասիրելով գողութեան արարքը իր աշխատութիւններուն մէջ՝ անոր որպէս հիմնական պատճառ նշած է «անգիտութիւն»ը, «աղքատութիւն»ը եւ կամ «կրթութեան պակաս»ը։ Անշուշտ, մենք եւս համամիտ ենք, որ գողութիւնը ծնունդ կ՚առնէ այդ բոլորէն, որովհետեւ աղքատ մարդն է, որ իր գոյութիւնը պահելու համար կը գողնայ: Սակայն եւ այնպէս, ժամանակը եկաւ փաստելու այն իրողութիւնը, որ մի՛շտ պատկերը այսպէս չէ. մեր օրերուն կան այնպիսի գողեր, որոնք շատ աւելի կրթութիւն ունին, շատ աւելի գիտակից ու խելացի են՝ քան ոչ-գողերը. ունինք գողեր՝ որոնք նիւթապէս շատ աւելի հարուստ են քան այն մարդիկը՝ որոնք այդ գողերուն զոհը կը դառնան: 

Անցեալին գողերը փողոցներն էին՝ հիմնականին մէջ գիշերուան ժամերուն. անցեալին չարութիւններն ու անիրաւութիւնները մեծաւ մասամբ կը կատարուէին գիշերները, սակայն, ներկայ արհեստագիտութիւնը մեծապէս օգնեց, որպէսզի անոնք յաջողին իրենց անօրինութիւնները կատարեն նաեւ օր-ցերեկով. սակայն այս մէկը մարդուն մէջ ստեղծեց հիմնական հարցադրում մը. մեղաւոր է ան, որ կը խաբէ՞, թէ ոչ մեղաւոր է ան՝ որ կը խաբուի. այս յարաբերականը կարեւոր է, որովհետեւ մարդ կրնայ խաբել՝ երբ խաբուող գոյութիւն ունի եւ այնքան ատեն, որ խաբող գոյութիւն ունի՝ գոյութիւն պիտի ունենայ խաբուող մը: 

Անցեալին ձեզ կրնային գողնալ ձեր բնակարանը եւ կամ առաւելագոյնը գործատեղին մուտք գործելով. կրնային գողնալ ամայի փողոցի մը վրայ՝ մարդոց աչքէ հեռու, սակայն այսօր գողութիւնը այնքա՜ն զարգացաւ, որ առանց նոյնիսկ ձեզ տեսած ըլլալու, առանց նոյնիսկ ձեզ ճանչնալու մի քանի վայրկեաններու մէջ կրնան խաբել եւ անհետանալ ու անգամ հետք չձգել իրենց ետին: Մենք կը կարծենք, թէ արհեստագիտութեան զարգացումով գողութիւնը կանխելու ձեւերը զօրացան՝ որովհետեւ այսօր գրեթէ ամէն տարածք կը տեսագրուի եւ հսկողութեան տակ կը գտնուի, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ. արհեստագիտութիւնը որոշ պաշտպանողական համակարգեր ստեղծելով հանդերձ՝ ստեղծեց գողութեան շատ աւելի լայն տեսադաշտ մը, որ աւելի ապահով է քան նախկին միջոցները։ Տարբերութիւնները աւելի յստակ դարձնելու համար տանք հետեւեալ համեմատականը.

Անցեալին.-

1963 թուականին Ռոլանտ անունով անձ մը գողցած էր 2,6 միլիոն տոլար: 

1978 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գողցուած էր դրամատուն մը՝ 10 միլիոն տոլար: 

Անցեալի գողութիւնները թէեւ իր ժամանակուան համար «մեծ», սակայն մերօրեայ գողութիւններուն դիմաց հաւատացէ՛ք ոչինչ են: 

Ներկան.-

Վիճակագրական տուեալներու համաձայն 2024 թուականին միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գողութեան ճամբով յափշտակուած է 16 միլիառ տոլար... հարիւրապատիկ աւելին՝ քան անցեալին, երբ պաշտպանողական այսքան համակարգեր գոյութիւն չունէին: Ամբողջ աշխարհի վրայ այս գողութիւններուն թիւը կրնայ գերազանցել միլիառը եւ վիճակագրական տուեալներ ցոյց կու տան, որ տարուէ տարի այս մէկը աճ կ՚արձանագրէ: Անցեալին գողերը ունէին յանդգնութիւն եւ այդ մէկն էր, որ զիրենք կ։առաջնորդէր գողութեան։ Այսօր գող ըլլալու համար յանդուգն ըլլալու կարիքը չկայ, որովհետեւ մեր օրերուն խելքով շատ աւելի գողութիւն կ՚ընեն՝ քան ֆիզիքական շարժումով: Այսօր ֆիզիքականէն աւելի մտաւոր արթնութեան եւ հոգեբանական լաւ հմտութեան կարիքը կայ. այդ է պատճառը, որ մերօրեայ գողերը կրթութենէ հեռու մարդիկ չեն. անոնք լաւապէս գիտեն սերտել մարդու հոգեբանութիւնը, զգացական աշխարհն ու զգացումները եւ բռնութեամբ գողութիւն ընելու փոխարէն հեզասահ ձեռք կը բերեն իրենց ուզածը: Անցեալին մարդիկ իրենց տան դուռը եւ կամ պատուհանը բաց կը մոռնային եւ գողը հոնկէ՛ ներս կը մտնէր. առաւելագոյն պարագային դուռը կը կոտրէր ու կը խուժէր։ Մերօրեայ գողերը կը համոզեն, որպէսզի թիրախը ի՛նքն իր ձեռքերով դուռը բանայ եւ զարմանալիօրէն քիչ չեն թիւը բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար կը բանան դուռը՝ գողցուելու համար: 

Յաջորդ մեր յօդուածով կ՚ուզենք ուսումնասիրել հոգեբանական այն բոլոր ձեւերը, որոնք մարդը կ՚առաջնորդեն զոհ դառնալու: 

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդիկ ինչո՞ւ գողութեան զոհ կը դառնան:

Պատասխան. Մարդիկ գողութեան զոհ կը դառնան իրենց անզգուշութեան, վստահութեան եւ տեղեկացուած չըլլալու պատճառով: Շատեր անպաշտպան վիճակի մէջ կը թողուն իրենց ունեցուածքը. օրինակ՝ բաց դուռ եւ կամ բաց հեռախօս: Երբեմն գողերը կը շահագործեն մարդկային վստահութիւնը՝ ընկեր ձեւանալով: Բացի այդ, ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ նորանոր խարդախութեան միջոցները կը դիւրացնեն գողութեան զոհ դառնալու վտանգը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2025