ՎԵՐԱԴԱՐՁ՝ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թը շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցաւ նոր ե­ղա­նա­կը։ Ան­ցեալ շրջա­նին հիմ­նադ­րու­թեան 35-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը նշե­լէ վերջ մա­րալ­ցի­նե­րը 2015-2016 աշ­խա­տան­քա­յին շրջա­նը ող­ջու­նե­ցին թարմ ե­ռան­դով։ Պա­րու­սոյց­ներ Ի­րիս եւ Կար­պիս Չափ­քան ա­մո­լի մա­կա­նին ներ­քեւ մա­րալ­ցի­նե­րը այս ե­ղա­նա­կին եւս կա­նո­նա­ւոր փոր­ձեր պի­տի կա­տա­րեն։ 

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջի եր­կու օ­րե­րուն ալ մա­րալ­ցի­նե­րը ար­դէն կա­տա­րե­ցին նոր ե­ղա­նա­կի ա­ռա­ջին փոր­ձե­րը։ Ի­րիս եւ Կար­պիս Չափ­քան ա­մո­լին ա­ռըն­թեր Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեանն ալ ներ­կայ էր այս ա­ռա­ջին քայ­լա­փո­խի աշ­խա­տան­քին։ Շա­բաթ օր փոք­րե­րու կազ­մը, իսկ Կի­րա­կի օր՝ պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սար­դաց կազ­մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին ա­ռա­ջին փոր­ձը։ Կար­պիս Չափ­քան մե­զի ու­րա­խու­թեամբ յայտ­նեց, թէ այս տա­րի հա­մոյ­թը ու­նե­ցած է նոր մաս­նա­կից­ներ, ինչ որ յու­սադ­րիչ ե­րե­ւոյթ մըն է ա­պա­գա­յին հա­մար։ 
Նոր ե­ղա­նա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քին, որպէսզի անցեալ 35 տարիներու փորձառութիւնը, պաշարը արժեւորուին ապագային ճանապարհին։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015