ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ԽՕՍՔԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Իլհամ Ալիեւ ժամանակ առ ժամանակ կ՚ընէ յայտարարութիւններ, որոնք խիստ հակասութեան մէջ կը մտնեն «խաղաղութեան հաստատուած ըլլալու» մասին Հայաստանի իշխանութիւններու՝ օրը տասն անգամ կրկնուող «յանկերգին» հետ: Ատրպէյճանի նախագահը, ի հարկէ, կը հասկնայ, որ ատով անյարմար վիճակի մէջ կը դնէ Փաշինեանն եւ անոր զինակիցները, իսկ ինք՝ Ալիեւ մեծապէս շահագրգռուած է ՔՊ-ական («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի, խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կը կազմէ, գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի) իշխանութեան վերարտադրութեամբ: Հապա ինչո՞ւ ան հարուածի տակ կը դնէ իր այստեղի բարեկամները:

Այդ հարցի պատասխանը գտնելու համար պէտք է քիչ մը ետ երթալ: Երբ 2019 թուականին Փաշինեան մերժեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի առաջարկը եւ սկսաւ խօսիլ այն մասին, թէ ամէն ինչի կը սկսի «զերոյական կէտէն» եւ «ինչ կ՚ուզէ կը բանակցի», Ալիեւ հասկցաւ, որ ի դէմս Փաշինեանի, գործ ունի անփորձ, անհամաչափօրէն յաւակնոտ արկածախնդրի մը հետ ու, հետեւաբար, եկած է հարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու ժամանակը: Բայց, Արցախի հարցը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ծրագրերու մէկ մասն է, մէկ փուլն է միայն: Ծրագիրը շատ աւելի ընդարձակ է եւ նպատակ ունի այս տարածաշրջանէն ներս հայկական պետականութեան վերացումը: Պարզ է, որ այդ մէկուն համար նախատեսուած են տարիներ, գուցէ՝ տասնամեակներ, եւ, Փաշինեան, իր վերը նշուած յատկութիւններու պատճառով, առաւելագոյնս կը նպաստէ այդ ծրագրի յաջորդ փուլերու, յաջորդ հանգրուաններու իրականացման եւ ո՛չ թէ վերջնական կատարման: Սակայն, երբ խօսքը ռազմավարական նպատակներու մասին է, հնարաւոր չէ, որ զանոնք ամբողջութեամբ գաղտնի պահուին՝ հակառակ պարագային ո՛չ սեփական քաղաքացիները, ոչ ալ արտասահմանցի գործընկերները քեզ լուրջ կ՚ընդունին: Բնականաբար, Ալիեւ ուղիղ չ՚ըսեր. «Մեր նպատակը հայկական պետութեան լուծարումն է եւ այդ տարածքը Մեծ Թուրանի մէջ ընդգրկելը»: Այս մէկը գուցէ իր սերունդի խնդիրը չըլլայ:

Իբր այդ ալ ան կը խօսի «միջանկեալ քայլերու» մասին, որոնք կ՚իրագործուին մօտակայ տարիներու ընթացքին՝ «միջանցք», 300 հազար ատրպէյճանցիի «վերադարձ», «անկլաւներ» եւ այլն: Դատելով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւններու արձագանգէն՝ այդ քայլերու հանդէպ անոնց վերաբերմունքը միանգամայն դրական է:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2025