Հայաստան Կը Մասնակցի ԵՐԵՔ Մարզիկով
Հոկտեմբերի 23-25 թուականներուն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքը՝ Ապու Տապիի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ժուտոյի երիտասարդական ախոյենութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան՝ երեք մարզիկով:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը այժմ Աբովեանի մարզահամալիրին մէջ կը նախապատրաստուի այս ախոյենութեան: Կազմը Ապու Տապի կը մեկնի 21 Հոկտեմբերին:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի աւագ մարզիչ Մարտին Սարգսեան յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Աշխարհի երիտասարդական ախոյենութեան կը մեկնինք երեք մարզիկով: 55 քկ. դասակարգին մէջ Հայաստանը կը ներկայացնեն Եւրոպայի ախոյենութեան պրոնզէ մետայլակիրներ՝ Վահագն Յովսէփեան եւ Շահէն Ապաղեան, իսկ 60 քկ. դասակարգին մէջ՝ 2014-ի Եւրոպայի ախոյենութեան փոխ-ախոյեան Արսէն Ղազարեան: Ախոյենութեան կը մասնակցինք փոքր կազմով: Ինծի համար այս կազմը ամենէն արդիւնաւէտն է: Անոնք երեքն ալ լաւ մարզավիճակի մէջ են եւ բոլորէն ալ ակնկալիքներ ունիմ»:
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024