ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔԻ ՊԷՏՔ ԿԱՅ

Վստահաբար շատեր հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ համար այսպէս եղաւ մեր ժողովուրդի վիճակը։ Ինչո՞ւ համար հայը՝ որ իր հայրենիքին, իր լեզուին ու մշակոյթին այնքան հոգիով ու սիրտով կապուած էր մէկէն ի մէկ յայտնուեցաւ նման անտարբերութեան մէջ. վստահաբար պատճառները բազմաթիւ են, սակայն այսօր կ՚ուզենք խօսիլ անոնցմէ միայն մէկին մասին՝ որ կը կարծենք կարեւորագոյններէն մէկն է: Ընդունինք թէ ոչ, այսօր մեր մէջ սկսած են պակսիլ սեփական կարծիք ունեցողները. այսօր հրապարակի վրայ գոյութիւն ունի մի քանի կարծիք՝ որ բաժնուած է գոյներու եւ նոյն յանկերգն է, որ կը հնչէ ամէնուրեք։ Այս կուսակցութեան պատկանողը թութակի նման կը կրկնէ այն բոլորը, որ իր կուսակցութեան ղեկավարը կ՚ըսէ, միւս կուսակցութեան անդամը՝ իր ղեկավարինը նոյնութեամբ կը կրկնէ. մեր եկեղեցականները կը կրկնեն այն բոլորը՝ որ իրենց առաջնորդներն ու բարձրագոյն իշխանութիւնը կը բարձրաձայնէ: Այս երեւոյթի մեղաւորը, սակայն, թութակի պէս կրկնողներէն աւելի թութակի պէս կրկնուիլը ուզողներն են, որովհետեւ անոնք փակ են քննադատութիւններու եւ երկխօսութեան. անոնց համար իրենց ըսածը անառարկելի ճշմարտութիւն է եւ ով, որ համաձայն չէ՝ կը նշանակէ հակառակ է եւ հետեւաբար պէտք է դաւաճան ճանչնալ զինք: Անցեալին (թէեւ ոչ պէտք եղած չափով) գոյութիւն ունէր ներքին քննադատական համակարգ մը, որուն հիմնական նպատակը կռիւէ, բամբասանքէ ու ըսի ըսաւէ աւելի երեւոյթները իր կատարեալ վիճակին հասցնելու կը ծառայէր: 

Այսօր մեր մէջ գոյութիւն չունի քննադատական հասկացողութիւնը. կուսակցական անդամ մը՝ որ պաշտօնի վրայ չի գտնուիր, չի կրնար իր կարծիքը արտայայտել. այսօր ան կարծիք ունենալու իրաւունք չունի. կա՛մ պիտի կրկնէ այն, ինչ որ ղեկավարը կ՚ըսէ եւ կամ որպէս դաւաճան պիտի հեռանայ: Այս երեւոյթը աւելի հասկնալի դարձնելու համար յիշենք Փաշինեանի հետեւեալ խօսքը՝ որոնք լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտին. «Հայաստանի մէջ կա՞յ դատաւոր, որ կրնայ վարչապետի ըսածը չընել»։ Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութեան կողմէ նման արտայայտութիւն մը ինքնին ոտնակոխ կ՚ընէ հաւասարութեան եւ արդարութեան գաղափարը, որովհետեւ դատաւոր մը չի՛ կրնար վարչապետին եւ կամ ուրիշի մը խօսքով որոշում առնել, արդարութիւն հաստատել։ Դատաւորը կրնայ հպատակ ըլլալ միայն ու միայն օրէնքին եւ ո՛չ մարդու։ Եւ եթէ իրապէս Հայաստանի դատական համակարգը այսօր այն վիճակին է, որ վարչապետը ի՛նչ ըսէ՝ կը կատարուի, ապա պէտք է ըսել, որ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային արդարութեան հանդէպ այդ մէկը մեծ բացթողում մըն է եւ, ինքնաբերաբար, անընդունելի արարք: Փաշինեանի նոյն մտայնութիւնը ամէ՛ն տեղ է այսօր։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ մը կրնա՞յ հակառակ արտայայտուիլ Փաշինեանի կարծիքներուն. նոյնն է պարագան նաեւ միւս կուսակցութիւններուն եւ այս մէկը լուրջ վտանգ մըն է մեր ազգին համար, որովհետեւ եթէ ընկերութիւն մը մի քանի ղեկավարներու համոզումներով պիտի մտահոգուի... վիճակը մտահոգիչ է: 

Այժմ կը հետեւիմ Հայաստանի քաղաքական կեանքին. օրինակի համար՝ Փաշինեանը Գարեգին Կաթողիկոսը կը կոչէ «Կտրիճ Ներսիսեան». Փաշինեանի քաղաքական ընթացքին հետեւողները կրնա՞ն համարձակիլ Կաթողիկոսին «Կտրիճ Ներսիսեան» չըսել. նոյնիսկ անոնց պատկանող լրատուամիջոցը՝ որ սկզբունքի բերումով պէտք չէ տարուի ըսի ըսաւներէ, Կաթողիկոսը «Կտրիճ Ներսիսեան» կը կոչէ: Օրինակի համար՝ վերջերս կարգալոյծ եղած քահանային համար Փաշինեան հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Կարգալոյծ եղած անձ մը չի կրնար կարգալոյծ ընել», Թութակի պէս ամէնուն բերանը նոյն նախադասութիւնն է այսօր: Ի դէպ, ըսենք, որ այս երեւոյթը միայն Փաշինեանին եւ անոր հետեւորդներուն մօտ չ՚երեւիր. այսօր այս հոգեբանութեամբ կ՚առաջնորդուի ամէ՛ն կուսակցութիւն, որովհետեւ եթէ հակառակը ըլլայ՝ ապա որպէս դաւաճան կրնայ դուրս դրուիլ: 

Տանք այս օրինակն ալ. Փաշինեանն ու իր քաղաքական ներկայացուցիչները ընդհանուր որոշումով այլեւս «Արցախ» բառը չեն գործածեր. անոնց համար այդ տարածքը այսօր կը կոչուի «Ղարաբաղ»։ Վերջերս Փաշինեանի կուսակցութեան պատկանող նախարարներէն մէկը հարցազրոյցի ժամանակ «Արցախ» արտայայտութիւնը գործածեց եւ անմիջապէս ներողութիւն խնդրելով փոխեց «Ղարաբաղ»ի։ Ներողութեան պատճառը պարզ է. կրնայ այդ մէկ սխալին համար հակակարծիք նկատուիլ եւ դուրս դրուիլ կուսակցութենէն եւ իր նախարարութեան պաշտօնէն: 

Այս բոլորը նկատի ունենալով որպէսզի մեր հաւաքական կեանքը սրբագրենք, պէտք է հասկնալի դարձնենք, որ ազատ կարծիք ունենալը անհրաժեշտութիւն է նոյնիսկ եթէ նոյն կուսակցութեան մէջ կան մի քանի հակառակ կարծիք, այդ մէկը առաւելութիւն է, որովհետեւ հակառակ կարծիքներուն լուծում տալ փորձելով է, որ ազգ մը, կուսակցութիւն մը եւ հաւաքականութիւն մը դէպի բարձրունք, դէպի կատարելագործում կ՚առաջնորդուի: Կը հաւատանք, որ այս մէկը պէտք է սկիզբ առնէ դպրոցներէն. նոյն իրավիճակը կը տեսնենք այսօր յաճախ դպրոցներու մէջ. ուսուցիչը կը պարտադրէ, որ աշակերտը ընդունի եւ կրկնէ այն՝ ինչ ինք կը կարծէ որ ճիշդ է: Այսօր դպրոցներու մէջ անգամ չեն ձգեր, որ աշակերտը արտայայտէ իր հակառակ կարծիքը։ Մենք կը կարծենք, որ հակառակ կարծիքը թշնամութիւն եւ հակառակութիւն կը ստեղծէ, մինչդեռ ամբողջութեամբ հակառակը՝ պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մարդիկ շատ աւելի խոր ձեւով քննեն իրենց կարծիքները եւ սխալի պարագային սրբագրեն եւ ճիշդ ըլլալու պարագային կատարելագործեն զայն: 

Ընդունինք թէ ոչ, մենք այսօր միայն անուանապէս ժողովրդավար ենք:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ընկերութեան մէջ զանազան կարծիքներու գոյութիւնը լա՞ւ բան է՝ թէ վատ:

Պատասխան. Ընկերութեան մէջ զանազան կարծիքներու գոյութիւնը լաւ բան է, որովհետեւ տարբեր մտածողութիւնը նոր գաղափարներ եւ ստեղծագործ լուծումներու կ՚առաջնորդէ: Երբ մարդիկ ազատութեամբ կ՚արտայայտեն իրենց կարծիքները, ընկերութիւնը աւելի կը յարմարուի փոփոխութիւններու եւ կը խուսափի միակողմանի որոշումներէ: Սակայն կարեւոր է, որ այդ բազմակարծութիւնը չվերածուի բաժանումի կամ վէճի՝ այլ դառնայ փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան հիմք:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025