14 Հոկտեմբեր, 1794-ին, Մատրասի Մէջ Լոյս Տեսաւ Հայկական Տպագիր Առաջին Թերթը՝ «Ազդարար»ը

221 տա­րի ա­ռաջ, 14 Հոկ­տեմ­բե­րը նոր հո­րի­զոն բա­ցող տա­րե­թիւ մը դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ։

1794-ի ­Հոկ­տեմ­բերի 14-ին լոյս տե­սաւ անդ­րա­նիկ հա­մա­րը «Ազ­դա­րար» ա­նու­նով հայ­կա­կան տպա­գիր ա­ռա­ջին թեր­թին։

Յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ճա­կա­տա­գի­րը խորհրդան­շե­լով՝ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր թեր­թը լոյս չտե­սաւ հայ­րե­նի հո­ղի վրայ։ Հ­րա­տա-­րա­կո­ւե­ցաւ Հնդ­կաս­տա­նի հա­րա­ւա­յին ­Մատ­րաս քա­ղա­քին մէջ, ուր հայ գա­ղութ գո­յու­թիւն ու­նէր եւ ուր ­Յա­րու­թիւն Քա­հա­նայ Շ­մա­ւո­նեան ա­նու­նով Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­ժա­նա­ւոր հո­վիւ մը լծո­ւած էր ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան։

Մատ­րա­սը վա­ճա­ռա­կա­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն, նա­ւա­հան­գիստ-քա­ղաք էր՝ մի­ջազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեամբ։ ­Հա­յեր հոն հաս­տա­տո­ւած էին 16-րդ ­դա­րէն սկսեալ։ 1547-ին ար­դէն, Մատ­րա­սի մէջ հիմ­նո­ւած էր ու կը գոր­ծէր հայ­կա­կան ա­ռա­ջին ե­կե­ղե­ցին։ Իսկ 1772-ին հիմ­նո­ւած Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին կը գոր­ծէ մին­չեւ մեր օ­րե­րը։

1770-ա­կան­նե­րը ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ծաղ­կու­մի եւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման բուռն խմո­րում­նե­րու շրջան մը ե­ղան ­Մատ­րա­սի հա­յու­թեան կեան­քին մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման ա­ռա­ջին դրօ­շա­կիր­նե­րէն ­Յով­սէփ Է­մի­նի քա­րոզ­չու­թիւ­նը հա­սած էր Հնդ­կաս­տան եւ վա­րա­կած էր ­Մատ­րա­սի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, որ այդ տա­րի­նե­րուն հիմ­նած էր գրա­կան-քա­ղա­քա­կան իր շար­ժու­մը եւ Ար­քա­յա­կան Եւ­րո­պա­յի, յատ­կա­պէս ­Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի օգ­նու­թեամբ՝ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հաս­նե­լու նպա­տա­կը դրած էր իր առ­ջեւ։

Մատ­րա­սի հա­յու­թեան զար­թօն­քին մէջ մեծ ներդրում ու­նե­ցաւ յատ­կա­պէս հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թիւ­նը 1772-ին, ­Շա­հա­միր Շա­հա­մի­րեա­նի կող­մէ, որ նաեւ ձեռ­նար­կեց ինչ­պէս հայ մա­տե­նա­գիր­նե­րու, նոյն­պէս եւ իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի հայ հե­ղի­նակ­նե­րու գոր­ծե­րու տպագ­րու­թեան։

Ա­հա այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ­Յա­րու­թիւն Ա­ւագ ­Քա­հա­նայ Շ­մա­ւո­նեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Մատ­րաս, 1785-ին, իբ­րեւ ծխա­տէր քա­հա­նայ ծա­ռա­յե­լու հա­մար տեղ­ւոյն հայ գա­ղու­թի հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րուն։

Ան ծնած էր ­Պարս­կաս­տա­նի ­Շի­րազ քա­ղա­քին մէջ, 1750-ին։ Ծնն­դա­վայ­րի դպրո­ցը ա­ւար­տե­լէ ետք, միա­ցած էր Ս. Ա­մե­նափր­կիչ վան­քի միա­բա­նու­թեան եւ քա­հա­նայ ձեռ­նադ­րուած 1770-ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան։ ­Մին­չեւ 1777-ը քա­հա­նա­յա­կան ծա­ռա­յու­թիւն կա­տա­րած էր ­Շի­րա­զի մէջ, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ մին­չեւ 1784-ը, մե­նա­կեա­ցու­թեան դի­մած էր, իր ժա­մա­նա­կը ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րե­լով ինք­նա­զար­գաց­ման։ ­Հա­յե­րէ­նի կող­քին սոր­ված էր պարս­կե­րէն եւ ա­րա­բե­րէն լե­զու­նե­րը. հմտա­ցած էր գրա­կա­նու­թեան, աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան մէջ։ ­Նաեւ՝ ար­հեստ­ներ իւ­րա­ցու­ցած էր։ Այդ բո­լո­րով զի­նո­ւած՝ ­Մատ­րաս ու­ղար­կո­ւե­լով իբ­րեւ ա­ւագ քա­հա­նայ, ­Տէր ­Յա­րու­թիւն Շ­մա­ւո­նեան լծո­ւե­ցաւ թէ՛ հո­գե­ւո­րա­կան, թէ՛ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան եւ թէ մշա­կու­թա­յին-մտա­ւո­րա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան։

Ա­ռա­ջին իսկ քայ­լե­րէն, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, տէր կանգ­նե­ցաւ իր հօ­տի հա­ւա­քա­կան կեան­քի բո­լոր ե­րես­ակնե­րուն։ ­Զարկ տուաւ ո՛չ միայն ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին, այ­լեւ իր սոր­ված ար­հեստ­նե­րը տա­րա­ծեց իր շրջա­պա­տին մէջ։

Բայց յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան ապ­րում­նե­րուն եւ ո­գե­ւո­րու­թեան թափ տո­ւաւ։ 1789-ին իր հեր­թին հիմ­նեց տպա­րան, որ­պէս­զի հայ հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թիւ­նը մատ­չե­լի դարձ­նէ թէ՛ ­Մատ­րա­սի հա­յու­թեան եւ թէ, հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու մի­ջո­ցաւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ցի­րու­ցան զա­ւակ­նե­րուն։

Յա­րու­թիւն ­Քա­հա­նայ Շ­մա­ւո­նեա­նի ա­նու­նը յա­ւեր­ժա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան մայր տո­մա­րին մէջ 1794-ի ­Հոկ­տեմ­բեր 14-ին, երբ լոյս ըն­ծա­յեց հայ­կա­կան ա­ռա­ջին տպա­գիր թեր­թը՝ «Ազ­դա­րար»ը, որ մին­չեւ 1796-ի Մար­տը, ամ­սա­կան պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ, հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ եւ հայ մա­մու­լի օ­րի­նա­կե­լի նա­խա­կա­րա­պե­տը հան­դի­սա­ցաւ։

«Ազ­դա­րար»ի 18 հա­մար լոյս տե­սաւ։ Օ­րի­նակ­ներ պահ­պա­նուած են ինչ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի, նոյն­պէս եւ Ս­փիւռ­քի հայ­կա­կան բո­լոր մեծ գրա­դա­րան­նե­րուն մէջ։ Իսկ 1979-ին ­Կիւլ­պէն­կեան ­հաս­տա­տու­թիւ­նը, յո­բե­լենա­կան եր­կու հա­տոր­նե­րով, «Ազ­դա­րար»ի ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­քա­ծոն ար­ժա­նա­ցուց վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան։

Հ­րա­պա­րա­կագ­րա­կան եւ խմբագ­րա­կան մօ­տեց­ման, ձե­ւա­ւոր­ման ու բա­ժին­նե­րու ա­ռու­մով՝ «Ազ­դա­րար» նա­խա­կա­րա­պե­տը ե­ղաւ սփիւռ­քա­հայ մա­մու­լի ա­ւան­դա­կան պատ­կե­րա­ցու­մին։

Ամ­սա­կան պար­բե­րա­կա­նու­թեան հի­ման վրայ, «Ազ­դա­րար» ամ­փոփ լրա­տո­ւու­թիւ­նը կա­տա­րեց հնդկա­հայ եւ, մա­նաւա՛նդ, ­Մատ­րա­սի հայ կեան­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ ­Կա­րե­ւոր բա­ժին մը տրա­մադ­րեց կրօ­նա­բա­րո­յա­կան նիւ­թե­րու եւ հար­ցե­րու վե­րա­բե­րեալ հրա­պա­րա­կում­նե­րու, յօ­դո­ւած­նե­րու։ ­Նաեւ գրա­կան ու պատ­մա­կան բա­ժին մը ու­նե­ցաւ՝ ինք­նու­րոյն թէ թարգ­մա­նա­կան նիւ­թե­րու հրա­տա­րա­կու­թեամբ։

«Ազ­դա­րար»ը հիմ­նա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ, նոյն­պէս, հայ քա­ղա­քա­կան մտքի զար­գաց­ման մէջ՝ յատ­կա­պէս հա­յոց ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ռու­սա­կան ա­րե­ւե­լու­մը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն հու­նա­ւո­րե­լու եւ հիմ­նա­ւո­րե­լու ա­ռու­մով։ ­Պարս­կա­կան եւ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան լու­ծը թօ­թա­փե­լու գա­ղա­փա­րա­կան դրօ­շը բարձ­րա­ցուց՝ շեշ­տը դնե­լով քրիս­տո­նեայ ­Ռու­սաս­տա­նի օգ­նու­թեան ա­պա­ւի­նե­լու ուղ­ղու­թեան վրայ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ «Ազ­դա­րար» հան­դի­սա­ցաւ 19րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ ազ­գա­յին զար­թօն­քի ա­ռա­ջին ծի­ծեռ­նակ­նե­րէն մէ­կը։

«Ազ­դա­րար» ի­րա­ւամբ կը նկա­տո­ւի ար­դի հայ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րուն հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան բե­մը։ «Ազ­դա­րար»ի է­ջե­րուն ծա­ւա­լե­ցան ա­ռա­ջին բա­նա­վէ­ճե­րը հայ ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թեան տար­բեր, նաեւ՝ ներ­հակ կողմ­նո­րո­շում­նե­րուն մի­ջեւ։ Այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին տի­րող հայ­կա­կան մտայ­նու­թեանց եւ մտա­ծո­ղու­թեանց մա­սին ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցում մը կը փո­խան­ցեն «Ազ­դա­րար»ի հա­մար­նե­րէն եւ հրա­պա­րա­կում­նե­րէն քա­ղո­ւած հե­տա­գայ մտրում­նե­րը.-

– …­Հա­յե­րը միշտ հա­ռա­չում, վա­տա­բա­նում ու ող­բում են հայ ազ­գի վի­ճա­կը եւ փո­խա­նակ փո­խա­դար­ձա­բար գոր­ծակ­ցե­լու գլո­րու­մից կանգ­նե­լու նպա­տա­կով` ձեռ­քե­րը ծա­լում ու յոյ­սե­րը դնում են Աստ­ծոյ վրայ: Այ­նինչ վա­ղուց հնչել է զօ­րա­ւոր խօս­քը, որ ա­սում է.-

«­Բաղ­խե­ցէք, եւ դռնե­րը կը բա­ցո­ւեն ձեր ա­ռաջ»:

Չ­պէտք է միայն խոր­հել ու խօ­սել, այլ գոր­ծել, ա­րիա­նալ: Ն­շա­նա­ւոր ազ­գե­րին հաս­նե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է նրանց ա­րիու­թիւ­նից օ­րի­նակ առ­նել:

Ա­մօթ է ար­տա­սո­ւե­լը, որ­տեղ կայ վրէժխնդ­րու­թեան հնար։

Պէտք է միա­նալ, ա­րիա­նալ ու ա­ռա­ջա­նալ. որ­տեղ սրանք կան, ան­կաս­կած այն­տեղ կայ «ա­զա­տու­թիւն, փառք, պա­տիւ եւ ա­մե­նայն ցան­կա­լիք կե­նաց»:

Ի զուր է յու­սա­լը, թէ հրաշ­քով կա­րե­լի է փրկո­ւել: Ով­քեր ոտ­քի են կանգ­նել, ա­րիու­թիւնն է այն ա­րել:

– …­Հա­յոց ե­րի­տա­սարդ­ներ, ի­մա­ցէք, աշ­խար­հիս ե­րե­սին ա­մէն ա­րիու­թիւն ե­րի­տա­սարդ­նե­րի գործն է ե­ղել, եւ ա­մէն յաղ­թա­նակ ե­րիատ­սարդ­ներն են վա­յե­լել: Զ­գաս­տա­ցէք, ո­րով­հե­տեւ ծե­րերն անց են կաց­րել ի­րենց ժա­մա­նա­կը եւ բնա­կա­նա­բար այլ բան չեն կա­րող ա­նել: Այժմ ժա­մա­նա­կը ձեր ձեռ­քումն է. ին­չո՞ւ էք նստում իբ­րեւ ան­դա­մա­լոյծ…

– ­Մեր բո­լոր պա­կա­սու­թիւն­նե­րը ծա­գում են մեր տգի­տու­թիւ­նից: «­Յոյժ հար­կա­ւոր է մեզ ու­սումն, քան թէ յի­մա­րա­բար աշ­խա­տանքն»:

«­Նախ ու­սում­նա­տուն, եւ ա­պա վա­յել­չու­թիւն»:

… ­Հա­յե­րը ծոյլ չեն, այլ աշ­խա­տա­սէր, տքնում են, մեծ կա­րո­ղու­թիւն են ձեռք բե­րում, բայց եւ շու­տով վատ­նում, եւ ի­րենք էլ ոչն­չա­նում են: ­Բա­րո­յա­կան այ­լան­դա­կու­թիւ­նը կա­թո­ւա­ծա­հար է ա­նում հա­յե­րին: «­Ժո­ղո­վեն նե­ղու­թեամբ եւ ա­գա­հու­թեամբ, կո­րու­սա­նեն յի­մա­րու­թեամբ»: «­Նե­ղում ու զրկում են բո­լո­րին, ոչ միայն օ­տար­նե­րին, այ­լեւ ի­րենց մեր­ձա­ւոր ա­րե­նա­կից­նե­րին»:

– «­Հա­մար­ձա­կա­պէս պա­տիւ են վա­յե­լում կեղ­ծա­ւոր­նե­րը, ստա­խօս­նե­րը, տխմար­նե­րը… այ­լեւ նրանց նման ըն­չա­ւոր­նե­րը, թէեւ մերկ են ա­մէն մի ա­ռա­քի­նու­թիւ­նից»: ­Լաւ չէ՞ր լի­նի, որ մեր հա­րուստ­նե­րը ի­րենց գոյ­քից բա­ժին հա­նէին հա­սա­րա­կու­թեա­նը: «Ն­րանց դրամ­նե­րի մի քա­ռոր­դը բա­ւա­կան էր մեր ազ­գի նման մի ըն­կած ազգ յա­րու­ցե­լու հա­մար»:

– Ու­սու­մը աշ­խար­հիս վրայ է եւ ոչ թէ երկն­քում, որ­տե­ղից աշ­խա­տում են ստա­նալ ան­հիմն ա­ղօթք­նե­րի մի­ջո­ցով: … ­Հա­մար­ձա­կում եմ հա­ւա­տալ, որ ա­մէն թե­րու­թիւն, թէ՛ ուս­ման, թէ՛ ա­ռող­ջու­թեան, թէ՛ յա­րու­թեան եւ թէ փառ­քի, կա­րե­լի է ոչ միայն լրաց­նել, այ­լեւ (ստա­ցա­ծը) հաս­տա­տուն պա­հել միշտ:

… Որ­քա՜ն բան կա­րող է կա­տա­րել պա­կա­սու­թիւնն զգա­ցո­ղը, որ­քան վե­րա­նո­րո­գել կա­րող է ա­զա­տու­թեան ձգտո­ղը»…

– (Անհ­րա­ժեշտ է) հայ­կա­կան կա­պի­տա­լի խնա­յո­ղութիւն ու ազ­գօ­գուտ գոր­ծադ­րու­թիւն, այ­լեւ ազ­գի բա­րո­յա­կան վե­րակր­թու­թիւն «ու­սում­նատ­նե­րի» մի­ջո­ցով:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015