ՊԱԼԱԹԻ Ս. ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան կրօնական ու աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Այս առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մատոյց անուան տօնախմբութեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագը, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Նորին Սրբազնութեան առընթերակայ էին Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, միեւնոյն ժամանակ, պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգեալ երիցատան պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւս կրօնական արարողութիւններուն յաջորդած փուլին փութաց Պալաթի եկեղեցին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գավաֆեանէն տեղեկութիւններ ստացաւ վերանորոգեալ նախկին երիցատան շէնքին շուրջ։ Կը ծրագրուի, որ այս բաժանմունքը յառաջիկային օգտագործուի մշակութային նպատակներով։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին ալ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Բոլորը անմիջական զրոյցի մթնոլորը վայելեցին՝ ջերմօրէն հիւրասիրուելով ատենապետուհի Մարի Գավաֆեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2025