ՎԵՐԱԹԱՐՄԱՑԵԱԼ ՇԱՐԺՈՒՄ
29 Հոկտեմբերին Պէյրութի մէջ սկիզբ առնելիք ԳՈՀԱՐ համոյթի համերգները կը խոստանան ըլլալ աննախադէպ: Երեք տարուան ընդմիջումէն ետք հայաշխարհի ամենէն մեծ երաժշտական խումբը կրկին բեմ պիտի բարձանայ: Այս տարուան համերգները նուիրուած են 100-ամեակին: ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթները տեղի կ՚ունենան Պէյրութի շքեղ կեդրոններէն մէկուն՝ «Ֆորում տը Պէյրութ»ին մէջ եւ կը շարունակուին նաեւ հետագայ օրերուն՝ 30, 31 Հոկտեմբերին եւ 1 Նոյեմբերին:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրերս Կիւմրի քաղաքին մէջ ներկայ գտնուեցաւ համերգէն առաջ ԳՈՀԱՐ խումբի գլխաւոր փորձերուն: ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիրը, տնօրէնը եւ խմբավարը սիրով ընդունեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւ տուին իրենց առաջին հարցազրոյցները՝ Պէյրութ մեկնելէ առաջ:
Հարցազրոյցները եւ հանդիպումը ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիր Յարութ Խաչատուրեանի, տնօրէն Սեւակ Սերոբեանի եւ խմբավար Նաթալի Գալստեանի հետ կայացաւ Կիւմրիի «Նանէ» պանդոկին մէջ, ուր ալ, հսկայական փորձադահլիճ մը կը գործէ ԳՈՀԱՐ-ի համար: Հոն կը գտնուի նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի ղեկավարութեան աշխատանքային սենեակը, իսկ պանդոկը կրկին, տարիներ առաջ ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիր Յարութ Խաչատուրեանը հիմնած է Կիւմրիի մէջ, իբրեւ եւրոպական ոճով պզտիկ հիւրատուն մը, որ միշտ լեցուն է զանազան հիւրերով: Իւրայատուկ ոճով այս հիւրատան մէջ հիւրերը ժամանակակից հանգստաւէտութիւն եւ եւրոպական խոհանոց կը փնտռեն Կիւմրի իրենց այցի ընթացքին:
ՍԿԻԶԲԸ
Մեր զրոյցներուն ժամանակ կրկին անդրադարձ եղաւ արդէն հեռաւոր թուացող 1996 թուականին, երբ պէյութահայ արուեստասէր եւ հայրենասէր տիկին մը՝ Գոհար Խաչատուրեան, այցելեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, որոնք 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով ենթարկուած էին սարսափելի քանդումի: 1988 թուականէն 1996 թուականը բաւական ժամանակ անցած էր, բայց Կիւմրին, Գոհար Խաչատուրեանին ներկայացած էր ահաւոր թշուառ վիճակի մը մէջ, ժողովուրդը՝ տխուր եւ լուսաւոր բանի մը սպասող: Կիւմրիի պատկերները հանգիստ չեն ձգած Գոհար Խաչատուրեանը, որ նախապէս ալ, Պէյրութի մէջ յայտնի էր իր մարդասիրութեամբ, բարութեամբ եւ արուեստի հանդէպ մեծ սիրով: Ան որոշած է իր ընտանիքին հետ միասին աշխատանքի նոր առիթներ եւ գումար ապահովելու նոր աղբիւրներ ստեղծել կիւմրեցիներուն համար: Արդէն յաջորդ տարի՝ 1997 թուականին, Գոհար Խաչատուրեանի երեք որդիները՝ Յարութ, Շահէ եւ Նար Խաչատուրեանները, Կիւմրիի կեդրոնին մէջ կը ձեռնարկեն կառուցման աշխատանքներուն մօտաւորապէս 10.000 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունեցող համալիրի մը, որ երկրաշարժէն առաջ հաստոցներու գործարան եղած էր եւ լքուած վիճակ մը ունէր: 1999 թուականի կառուցումը աւարտին կը հասցնեն համալիրին, ուր կը հաւաքուին երաժիշտներ՝ ապագայ երաժշտախումբին կազմը լրացնելու համար: Մշակութային անցեալ ունեցող Կիւմրիի մէջ դժուար չէր գտնել երաժիշտներ: Անոնք բոլորը կը համախմբուին Խաչատուրեաններու հրաշալի գաղափարին շուրջ եւ կը ստեղծուի նախ՝ նուգախումբ, իսկ այնուհետեւ կ՚ընդարձակուի եւ կը լրացուի նաեւ երգչախումբով, մեներգիչներով եւ պարախումբով: 1999 թուականին Կիւմրիի մէջ իր աշխատանքին կը սկսի նաեւ «Գոհար» երաժշտանոցը, որ կրկին երաժշտութեան ուսուցիչներուն աշխատանք ապահովելու վայր մըն էր, եւ ուր անվճար կ՚ուսանին շուրջ հարիւր ուսանողներ, իսկ երաժշտական գործիքները սորվելու տարիներուն անոնց կը տրուին անվճար։
ԳՈՀԱՐ-Ի ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ ԵՒ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐԸ
Ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց ԳՈՀԱՐ-ի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեան, 2000 թուականը կարելի է նկատել ԳՈՀԱՐ սինֆոնիկ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադրման տարին։ Իր համերգներուն ԳՈՀԱՐ կը սկսի 2002 թուականին՝ Նիկոսիայէն: Այդ նոյն թուականին ելոյթներ կ՚ունենայ նաեւ Պէյրութ եւ Երեւան։ 2005 թուականին տեղի կ՚ուենան ԳՈՀԱՐ-ի անկրկնելի համերգները՝ Պոլսոյ մէջ, իսկ 2006 թուականին՝ Մոսկուա, Քրեմլինի Պետական պալատին մէջ: Երկու տարի ետք՝ 2008 թուականին կը թողարկուի խումբին երկրորդ ձայնասկաւառակը՝ Պոլսոյ եւ Մոսկուայի ելոյթներուն հիման վրայ։
Իսկ ԳՈՀԱՐ իր առաջին DVD ձայնասկաւառակները կը հրատարակէ 2003 թուականին։ Այդ տեսասկաւառակները հայ իրականութեան մէջ առաջինն էին իրենց պարունակած համապարփակ երգարանով եւ մանաւանդ տեսագրութեան ընկերակցող երգերուն հայատառ եւ լատինատառ բառերով, որպէսզի հայերէն չխօսող ու չհասկցող հայկական ծագում ունեցող անձեր կարենան ձայնակցիլ երգին եւ հետզհետէ սորվին հայերէն: Ինչպէս փոխանցեց տնօրէնը, այս եւ շատ այլ հետագայ ելոյթներու հասոյթները կը ծախսուին միայն բարեսիրական նպատակներով: ԳՈՀԱՐ-ը կեցած է սփիւռքի հայ վարժարաններու կողքին եւ համերգներու ողջ գումարը կը փոխանցուի ի շէնացում հայ կրթօճախներուն:
2007 թուականին կրկին աննախադէպ էին ԳՈՀԱՐ-ի համերգները. խումբը այս թուականին կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր ելոյթ կ՚ունենայ վեց անգամ եւ Գանատա՝ երկու անգամ։
Խումբի անդամները եւ ղեկավարները սիրով կը յիշեն ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթները 2009 թուականին՝ Դամասկոս եւ Հալէպ: Այդ համերգները նոյնպէս, նախորդ համերգներուն պէս, բազմահազար հանդիսատես ունեցած են: Գոհարցիները յոյս ունին, որ Սուրիան կը վերադառնայ իր խաղաղ վիճակին, եւ ԳՈՀԱՐ-ը կրկին երգ ու ուրախութիւն կը պատճառէ սուրիահայ հանդիսականին՝ հայ երգով եւ մշակոյթով սփոփելով պատերազմի պատճառած ողջ վիշտն ու ցաւը:
2012 թուականին ԳՈՀԱՐ-ը համերգներ ունեցած է Հարաւային Ամերիկա՝ Արժանթին եւ Ուրուկուայ:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԵԾ ՀԱՄԵՐԳԸ
Մեր զրոյցի ընթացքին տնօրէն Սեւակ Սերոբեան նշեց, որ ԳՈՀԱՐ-ի ամենէն տպաւորիչ ելոյթներէն մէկը 2011 թուականի 28 Մայիսին Երեւանի Օփերայի բակը կամակերպուած մեծ ու լուսառատ համերգն էր՝ հայրենի երգիչներու մասնակցութեամբ, նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին։ Համերգը ընթացած է եռաչափ լուսային խիստ տպաւորիչ շոու-ներկայացմամբ, որ իր մեծածաւալութեամբ եւ բովանդակութեամբ նոր խօսք էր հայ մշակութային իրականութեան մէջ։ Այդ համերգին ներկայ էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահը, քաղաքական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Ինչպէս ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ հարցազրոյցներու ընթացքն յայտնեցին ԳՈՀԱՐ-ի պատասխանատուները, երաժշտախումբին նպատակը աշխարհով մէկ սփռուած հայկական Սփիւռքին ուրախութիւն եւ հաճոյք պարգեւելն է եւ անոր հայկական ոգին միշտ վառ պահելը: Հայ երգը այդ առաքելութեան լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, եւ այսօր, հիմնադրումէն տասնհինգ եւ աւելի տարիներ ետք կարելի է վստահ ըսել, որ ԳՈՀԱՐ յաջողած է իր այդ առաքելութեան մէջ: Այս մէկուն ապացոյցը նախ հանդիսատեսին սպասումն է, լեփլեցուն դահլիճները, ուր հանդիսականը, յաճախ յոտնկայս, արցունքն աչքերուն կ՚ունկնդրէ եւ խումբին հետ կ՚երգէ հայկական սիրուած երգերը:
ԳՈՀԱՐ խումբի գնահատանքներուն մէջ է նաեւ 2009 թուականին Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 18-րդ տարեդարձի առիթով, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար բարերար Գոհար Խաչատուրեանի պարգեւատրումը Հայաստանի Հանրապետութեան «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։ Իսկ խումբի հիմնադիր Յարութ Խաչատուրեան 2011 թուականին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ նախագահական նստավայրին մէջ կրկին պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով՝ տասնեակ տարիներ շարունակ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ վասն հայ երգ-երաժշտութեան, մշակոյթին պահպանման եւ տարածման սուրբ գործին մէջ տարած իր աշխատանքին համար:
Արուեստներու մեկենաս Յարութ Խաչատուրեանի մտայղացումն է ԳՈՀԱՐ-ը. Կիւմրիի մէջ ամէն մարդ գիտէ 1997 թուականէն ի վեր իրենց քաղաք այցելող Յարութ Խաչատուրեանը: Ան ամենէն մեծ գործը կատարած է մշակութային Կիւմրիի վերածնունդի համար: 1997 թուականէն ի վեր Յարութ Խաչատուրեան կը շարունակէ նիւթապէս եւ բարոյապէս հովանաւորել ԳՈՀԱՐ-ի ամբողջ գործունէութիւնը՝ ի յիշատակ իր հօր՝ Արամ Խաչատուրեանի եւ ի յարգանս իր մօր՝ Գոհար Խաչատուրեանի: 185 հոգի է ԳՈՀԱՐ-ի անդամներուն թիւը, յաւելեալ 100-է աւելի անհատներ կ՚աշխատին ԳՈՀԱՐ-ի Մեծ Տան մէջ, որ կը պարփակէ պանդոկ, ճաշարան եւ վաճառատուներ: Այդքան մարդ, տարիներէ ի վեր, մշտական աշխատանք ունի Կիւմրիի մէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հարցումին ի պատասխան Յարութ Խաչատուրեան ըսաւ, որ միայն մարդոց ուրախութիւն պատճառելն է իր նպատակը: Իսկ այդ մէկը ինքը ըրած է հայ արուեստի միջոցաւ: Մեծ արուեստասէր Յարութ Խաչատուրեանի կատարած գործը իրաւ, անգնահատելի է: Փորձերուն կը տեսնէինք, թէ ինչպէս ան ամէն մէկ երաժիշտի քով կեցած, հերթով կը հետեւի ամէն մէկ շարժումին, ձայնին, երգին... Ան գոց գիտէ ԳՈՀԱՐ-ը, որ իրեն համար իւրատեսակ ընտանիք մը դարձած է: «ԳՈՀԱՐ-ը երազ չէր, այլ մեր սիրած ոլորտը, մեր տունին մէջ տիրած միջավայրը: ԳՈՀԱՐ-ի յաջողութեան մասին ուրիշներ պէտք է խօսին», մեր զրոյցի ընթացքին ըսաւ ան:
Իսկ Պէյրութի մէջ կայանալիք հարիւրամեակի նուիրուած համերգին անդրադառնալով՝ Յարութ Խաչատուրեան ըսաւ. «Հարիւրամեակի նուիրուած մեր համերգը չորս օրուան ընթացքին հարուստ ծրագիր պիտի ներկայացնէ լիբանանահայ հանդիսատեսին: Հարիւր երգ՝ չորս օրուան ընթացքին, որ աննախադէպ է»:
Ապա, Յարութ Խաչատուրեան, ուրիշ խումբերու վրայ ԳՈՀԱՐ-ի ունեցած ազդեցութեան մասին մեր հարցումին հետեւեալը պատասխանեց.
«ԳՈՀԱՐ-ի օրինակով շատ խումբեր կան, ոմանք ԳՈՀԱՐ-ի անդամները կազմած են… Կրնանք ըսել, որ ԳՈՀԱՐ-ը դպրոց եղաւ այն առումով, որ աշխուժութիւն ցոլացուց, Կիւմրիի մէջ արդէն կան ճազային երկու խումբեր, որոնք անուղղակիօրէն ԳՈՀԱՐ-ի ծնունդները կրնանք համարել: ԳՈՀԱՐ-ի երաժշտական ոճը իւրայատուկ է, սինֆոճազ, սինֆոֆոլքրոլիք կարելի է ըսել, նոթաները, որ կը հնչեն, այլազան են»:
ԽՄԲԱՎԱՐԸ
ԳՈՀԱՐ իր գործունէութեան սկսած է խմբավարութեամբ կիպրահայ բազմավաստակ երաժիշտ՝ մաէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի, որ միեւնոյն ատեն ԳՈՀԱՐ-ի գեղարուեստական ղեկավարն էր: Մաէսթրոն 2014 թուականին հեռացաւ կեանքէն, Սեպուհ Աբգարեանի հիւանդութենէն եւ մահէն ի վեր խումբը համերգային գործունէութիւն չէ ունեցած:
Բայց հանդիսատեսը, ինչպէս նշեց Սեւակ Սերոբեան, կը սպասէ ԳՈՀԱՐ-ին: Այսօր խումբը նոր խմբավար մը ունի. Հայաստանի եզակի կին խմբավարներէն մին՝ Նաթալի Գալստեան, որ նախապէս Սեպուհ Աբգարեանի օգնականն էր:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ին ան ինքնավստահօրէն ըսաւ. «Մեծ խումբ ղեկավարելը, եթէ կայ պատասխանատուութիւն, թիւի իմաստով, քառասուն են անոնք, թէ՛ հարիւրքառասուն, ինծի համար մեծ նշանակութիւն չունի, երբ կան ուժը եւ հզօրութիւնը»: Մինչ ԳՈՀԱՐ-ի խմբավարութիւնը ստանձնելը՝ Նաթալի Գալստեան ունեցած է իր փոքրիկ խումբը՝ երեսունհինգ հոգինոց կազմով, այսօր ան ամբողջովին նուիրուած է ԳՈՀԱՐ-ին։ Կայ փոխադարձ վստահութիւն անոր եւ ԳՈՀԱՐ-ի անդամներուն միջեւ: Իսկ այսպիսի աշխատանքի մէջ փոխվստահութիւնը ամենէն կարեւորն է:
Սերոբեան նաեւ մատնանշեց, որ ԳՈՀԱՐ համոյթի համերգին ներկայ գտնուելու համար տարբեր երկիրներէ հայեր Լիբանան պիտի ժամանեն: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Շատ ընտանիքներ նախապէս Կիպրոսէն քանի մը օրով պիտի գան համերգին ներկայ գտնուելու, կան նաեւ այլ երկիրերէ գալիքներ»: Սերոբեան նաեւ մատնանշեց, թէ հակառակ անոր, որ ԳՈՀԱՐ-ը երեք տարի բեմական գործունէութիւն չէ ունեցած, բայց իր առօրեայ փորձերը շարունակած է բնականոն կերպով: «ԳՈՀԱՐ-ը միշտ նպատակ ունի այցելել հայահոծ գաղութներ, ուր կան հայապահպանման հետամուտ հայեր, որոնք կարօտ են հայ երգին: ԳՈՀԱՐ-ը իր ոճը անփոփոխ կը պահէ», հաստատեցին մեր զրուցակիցները:
Իսկ գալով Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած խումբի գլխաւոր փորձին, նկատենք, որ խումբը կազմ ու պատրաստ է յառաջիկայ չորս համերգներուն՝ նոր համերգային ծրագրով, նոր երգերով, որոնց մեծ մասը նորութիւն պիտի ըլլան ԳՈՀԱՐ-ի երգերուն ծանօթ հանդիսատեսի համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ