ՍԻՍԻ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՇՈՅԿՈՒՆ
Երէկ, Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի ընդունեց Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն, որ այցելութիւն մը տուաւ Գահիրէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով հարցեր։ Սիսի ընդգծեց Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանի երկիրներէն ներս կայունութեան հասնելու եւ անոնց միասնութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու ժողովուրդներու բարեկեցութիւնը պահպանելու ուղղեալ ջանքերը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ընդգծեց Շարմ-Էլ-Շէյխի համաձայնագրի լիարժէք իրականացման կարեւորութիւնը՝ Կազզէի պատերազմը բոլոր փուլերու մէջ դադրեցնելու, հրադադարը ամրապնդելու եւ առանց սահմանափակումներու բաւարար քանակութեամբ մարդասիրական օգնութեան մուտքը ապահովելու համար։ Սիսի շեշտեց Եգիպտոսի աջակցութիւնը՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան լուծման եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ բոլոր ջանքերուն։
Կողմերը քննարկեցին Մոսկուա-Գահիրէ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղիները եւ անոնց զարգացման հնարաւորութիւնները զանազան ոլորտներէ ներս, ներառեալ՝ քաղաքական, առեւտրային եւ ներդրումային։ Ի լրումն այս բոլորին, անդրադարձ կատարուեցաւ Սուէզի ջրանցքի տնտեսական գօտիէն ներս ռուսական արդիւնաբերական գօտիի մը ստեղծման նախագծին եւ Տապայիի աթոմակայանի նախագծին։
Իր կարգին, Շոյկու բարձր գնահատեց Եգիպտոսի դերակատարութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանէն ներս՝ ընդգծելով, որ պատմութիւնը կը յիշէ Սիսիի կարեւոր դերակատարութիւնը տարածաշրջանային կայունութեան հասնելու ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց այս շրջանակէն ներս Ռուսաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համակարգուած աշխատանքը Եգիպտոսի հետ։