ՖԷՐԻԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉԸ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը, որ ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ մեր այս կա­րե­ւոր կրթօ­ճա­խի կա­յուն եր­թին տե­սան­կիւ­նէն։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը այս տա­րուան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ եւս ձեռ­նար­կած է ո­րո­նում­նե­րու, որ­պէս­զի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս շարժ­ման անց­նին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին։ Մինչ այս շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ժա­մադ­րուած են Ֆէ­րի­գիւ­ղի մէջ, թա­ղի պա­տաս­խա­նա­տու­ներն ալ կը ջա­նան Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը հասց­նել ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նին, ո­րով­հե­տեւ մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս այս թա­ղը ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նի իր մար­դու­ժով։

Ե­րէկ, սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղե­ցիէն խումբ մը ար­ժէ­քա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էին թա­ղին ու մա­նա­ւանդ վար­ժա­րա­նին վեր­ջին կա­ցու­թեան շուրջ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Այս­պէս, մեր հիւ­րերն էին ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Քո­րայ Աշ­ճը, Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան եւ Գա­րէն Քէօ­սէօղ­լու-Թէր­զեան։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը, որ մեր մա­մու­լին հետ սերտ եւ ա­ռողջ կա­պեր կը պա­հէ, փա­փա­քած էր հեր­թա­կան ան­գամ մեր մա­մու­լին մի­ջո­ցաւ նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն փո­խան­ցել իր պատ­գա­մը։ Ար­դա­րեւ, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը նա­խան­ձե­լի դիր­քի վրայ եւ վե­րել­քի հու­նի մէջ պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը բազ­մա­կող­մա­նի ու տեն­դա­գին աշ­խա­տան­քի ձեռ­նա­մուխ ե­ղած է։ Ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը այս հանգ­րուա­նին կոչ մըն ալ ու­նին մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին հա­մար։ Ար­դա­րեւ, ա­նոնք կը դի­տար­կեն, որ այ­լեւս պէտք է բաւ հա­մա­րել շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ու պէտք է զարկ տալ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին ու գե­ղա­րուես­տա­կան ծրագ­րե­րուն, որ­պէս­զի լա­ւա­գոյնս ար­ժե­ւո­րուած ըլ­լայ շի­նա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար կա­տա­րուած զո­հո­ղու­թիւ­նը եւ ար­դա­րա­նայ կա­տա­րուած ներդ­րու­մը։ Մե­զի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր ը­սաւ. «Այ­լեւս պէտք է կեդ­րո­նա­նալ մեր հա­մայն­քի ա­պա­գա­յին հա­մար մար­դուժ պատ­րաս­տե­լու գոր­ծին վրայ»։

­Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Ար­դա­րեւ, մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քի պայ­ման­նե­րով այս թա­ղը կ՚ազ­դուի հա­կա­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րէ։ Ֆէ­րի­գիւ­ղը մար­դու­ժի ա­ռու­մով մեր ա­մե­նա­բազ­ման­դամ թա­ղը կը հան­դի­սա­նայ։ Նոյ­նիսկ իր գտնուած Շիշ­լիի գա­ւա­ռա­կի բնակ­չու­թեան շուրջ 10 տո­կո­սին հա­մա­պա­տաս­խա­նող հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւն մը կայ այն­տեղ։ Այս լուրջ մար­դու­ժէն կը սնուի մեր ամ­բողջ հա­մայն­քը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղե­ցի­նե­րու զա­ւակ­նե­րը ոչ միայն կը յա­ճա­խեն Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րան, այլ նաեւ նոյ­նիսկ թա­ղին մէջ կամ մեր­ձա­կայ­քին գտնուող մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը այդ շրջա­նի բնա­կիչ­ներն են։ Դպրո­ցի պա­րա­գա­յին ա­ռըն­թեր, նոյն ե­րե­ւոյ­թը ի զօ­րու է նաեւ երգ­չա­խում­բե­րու, պա­րա­խում­բե­րու եւ այլ ա­մէն տե­սակ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու կամ շար­ժում­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղե­ցին ու­նի շատ կա­տա­րեալ ու նա­խան­ձե­լի դիր­քի վրայ դպրաց դաս-երգ­չա­խումբ մը, սա­կայն նուազ չեն նաեւ այս թա­ղի բնա­կիչ­նե­րը եւ միւս դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բե­րու կազ­մե­րէն ներս։ Օ­րի­նակ­նե­րը կա­րե­լի է բազ­մաց­նել զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դը խոր­քին մէջ ու­րախ է, որ թա­ղե­ցի­նե­րը այս­պի­սի լուրջ ու ծա­ւա­լուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն հա­մայն­քա­յին կեան­քին։ Բայց եւ այն­պէս, այս մեծ մար­դու­ժով հան­դերձ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ մշտա­կան հա­սոյ­թի աղ­բիւր­նե­րը չա­փա­զանց սահ­մա­նա­փակ են։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ պատ­մա­կա­նօ­րէն ա­ւե­լի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ձե­ւա­ւո­րուած եւ հա­յա­հոծ դար­ձած թաղ մըն է Ֆէ­րի­գիւղ, Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ կա­լուած­նե­րը կը հա­շուուին գրե­թէ մա­տի վրայ։ Ա­ւե­լի խոր ան­ցեա­լով մեր թա­ղե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը այ­սօր ու­նին շատ ա­ւե­լի թի­ւով կա­լուած­ներ, սա­կայն կը պակ­սի ի­րենց մար­դու­ժը, իսկ Ֆէ­րի­գիւ­ղի պա­րա­գա­յին կ՚ապ­րուի ճիշդ հա­կա­ռա­կը։ Ա­հա այս հա­կա­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ է, որ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­կան­նե­րը կը պայ­քա­րին կեն­սու­նակ պա­հե­լու հա­մեր ե­կե­ղե­ցին, դպրո­ցը եւ յա­րա­կից բո­լոր մար­մին­նե­րը։

Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը ե­րէ­կուան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին շեշ­տե­ցին, որ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին ան­ցեալ տա­րիէ ի վեր ապ­րուած են թէեւ մաս­նա­կի բա­րե­լա­ւում­ներ, սա­կայն յա­մե­նայն­դէպս տա­րե­կան պիւտ­ճէի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ճա­նա­պար­հին ի­րենք միշտ պար­տա­ւո­րուած կը մնան լրաց­նել պիւտ­ճէի մեծ, ա­հա­ւոր բաց մը։ Այս տա­րի պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն «տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ» դա­սուի­լը տուր­քե­րու յա­ւե­լեալ բեռ մըն ալ կը բե­րէ դպրո­ցին։ Յա­մե­նայն­դէպս, թա­ղա­յին խոր­հուր­դը չի փա­փա­քիր ա­հա­զան­գա­յին ձե­ւով ար­ձա­գան­գել այս ե­րե­ւոյ­թին, ո­րով­հե­տեւ հա­մայն­քին կող­մէ շփում­ներ մշա­կուած են պատ­կան մար­մին­նե­րուն հետ եւ աշ­խա­տանք­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին՝ առ­կայ խնդրի յաղ­թա­հար­ման հա­մար։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ այս ա­ռու­մով դրա­կան սպա­սու­մի մը մէջ է, հե­տե­ւա­բար ա­ռայժմ յար­մար չի դա­տեր չա­փա­զան­ցուած հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով հան­դէս գա­լը։ Թա­ղա­կան­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ ի­րենք անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տեն սոյն հար­ցին փու­թով կար­գա­ւո­րու­մը։

Ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը այս տա­րուան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի պա­րա­գա­յին պիւտ­ճէի շատ լուրջ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք մը կա­տա­րած են։ Թէ՛ Պատ­րիար­քա­րա­նին եւ թէ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բին կող­մէ հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած է այդ պիւտ­ճէն։ Հա­կա­ռակ պե­տու­թեան կող­մէ դրա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով փո­խան­ցուած օ­ժան­դա­կու­թեան, դժբախ­տա­բար, պիւտ­ճէի ա­հա­ւոր բա­ցը կը մնայ առ­կայ։ Ինչ­պէս մեր զա­նա­զան վար­ժա­րան­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րը, այն­պէս ալ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը դի­տար­կէ, որ մեր հա­մայն­քը կա­րե­լիու­թիւն չ՚ու­նե­նար ա­ռա­ւե­լա­գոյն ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեամբ ար­ժե­ւո­րե­լու Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ փո­խան­ցուած յատ­կա­ցում­նե­րը։ Դժբախ­տա­բար, այդ յատ­կա­ցում­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած մթնո­լոր­տին մէջ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն հա­մե­մա­տու­թիւ­նը նուա­զած է։ Այս ե­րե­ւոյ­թը ա­ռա­ւել եւս խնդրա­յա­րոյց հե­տե­ւանք­ներ կ՚ու­նե­նայ Ֆէ­րի­գիւ­ղի պա­րա­գա­յին, ո­րով­հե­տեւ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն շուրջ 70 տո­կո­սը ա­մէն ա­միս մի­ջին հա­շուով հա­զիւ թէ 100 թրքա­կան լի­րա­յի սահ­մա­նին մաս­նակ­ցու­թիւն մը կրնայ ու­նե­նալ կամ լու­մայ մը կրնայ ներդ­նել դպրո­ցի պիւտ­ճէին։ Հե­տե­ւա­բար, Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ա­չալր­ջու­թեան կ՚ա­պա­ւի­նի՝ հեր­թա­կան ան­գամ վար­ժա­րա­նի պիւտ­ճէն հա­ւա­սա­րակշ­ռե­լու եւ ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ան­խա­թար պա­հե­լու ճա­նա­պար­հին։

Ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը այս հանգ­րուա­նին հա­մայն­քէն ներս մտայ­նու­թեան ա­ռու­մով ալ մօ­տե­ցում­նե­րու փո­փո­խու­թիւն մը կ՚ակն­կա­լեն։ Ար­դա­րեւ, Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ մեր բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րուն յա­կա­ցում­ներ կը կա­տա­րուին՝ ա­նոնց ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւին հի­ման վրայ։ Այ­սինքն, ի­րենց իսկ մի­ջոց­նե­րով ինք­նա­բաւ մեր շարք մը դպրոց­ներն ալ կ՚օգ­տուին այդ յատ­կա­ցում­նե­րէն։ Տա­րօ­րի­նակ ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մին այն է, որ թա­ղի յա­րա­բե­րա­բար բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նիք­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը այլ ինք­նա­բաւ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան բա­ցը կը լրաց­նեն, այս ե­րե­ւոյ­թէն կը տու­ժէ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը, սա­կայն այդ ինք­նա­բաւ թա­ղե­րը ի­րենց հա­մար կա­տա­րուած պե­տա­կան յատ­կա­ցու­մէն բա­ժին դուրս չեն բե­րեր ո՛չ Ֆէ­րի­գիւ­ղին եւ ոչ ալ նիւ­թա­պէս ան­բա­ւա­րար ու­րիշ դպրոց­նե­րուն հա­մար։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ մեր դպրոց­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր թիւն ալ կը նուա­զի, ֆէ­րի­գիւղ­ցի­նե­րը ա­հա­զան­գա­յին կը հա­մա­րեն մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը։ Ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը հա­մո­զուած են, թէ կրթու­թիւ­նը ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծարք մը չէ եւ այդ նպա­տա­կաւ կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րը եր­բեք մսխում չեն նկա­տուիր։ Մնաց, որ մեր կրթա­կան մշակ­ներն ալ այ­սօր պատ­շաճ մա­կար­դա­կով չեն վար­ձատ­րուիր։ Ե­թէ մեր սե­րունդ­նե­րուն անհ­րա­ժեշտ մա­կար­դա­կի վրայ կրթու­թիւն մը չջամ­բուի, ա­պա մեր հա­մայն­քը ա­պա­գա­յին պի­տի պար­տա­ւո­րուի հա­ւա­քա­կան ա­ռու­մով շատ ա­ւե­լի լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ դի­մագ­րա­ւե­լու։ Ու­րեմն, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը այս տրա­մադ­րու­թեամբ եւ տա­րի մը եւս դպրո­ցը փոր­ձու­թիւն­նե­րէ հե­ռու պա­հե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ կը պատ­րաս­տուի տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին՝ միշտ վստա­հե­լով հա­մայն­քի զօ­րակ­ցու­թեան ո­գիին եւ հե­ռա­տե­սու­թեան։

Մա­տա­ղօրհ­նու­թեան ըն­դա­ռաջ յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին։ 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2015