ՀԱՒԱՏԻ ԿԵԱՆՔԸ

Հաւատքը պարապ, ունայն ձեւ մըն է առանց գործի. քրիստոնեայի մը կեանքը պէտք է իր հաւատքին յատուկ ցոլացումը ըլլայ եւ բարի գործերով ծաղկի եւ պտղաբերի։ Ի՜նչ փոյթ, որ մարդ կ՚ըսէ, թէ հաւատք ունի, եթէ իր աղքատ եղբայրը, դրացին կամ մերձաւորը մերկ եւ անօթի կը թողու, եթէ իր բարեկամին, ընկերին վիշտերուն՝ տառապանքներուն համար մխիթարութեան արցունք մը չունի, եթէ հիւանդի մը անկողինին քովը նողկանք կը զգայ, եւ եթէ բոլոր գործերը անխիղճ շահախնդրութեան մը չափովը՝ իր անձնասիրութեանը կը ծառայեն։

Միթէ ամէն օր մարդուս սրտի եւ մտքի ազնիւ շարժումներուն մէջ անմաքուր, անազնիւ եւ անձնասէր մտածութիւններ չե՞ն խառնուիր, այնպէս որ մարդուս լարած բարիքը թէեւ արտաքին գեղեցկութեամբ կը փայլի, սակայն յաճախ զուրկ է իր ազնիւ բողբոջումէն։ Հաւատքը արմատն է, որ գործերով կ՚աճի եւ ծառի մը շքեղութեամբ կը բարձրանայ, եթէ արմատը փտած չէ՛, եթէ հաւատքը մեռած չէ՛ թարմ քաղցրահամ պտուղներ պիտի տայ։

Հաւատքին կեանքը լայն եւ անհո՜ւն է, որքան մէկը գօտեպնդուի եւ արիանայ ընթանալու հոգեւոր զարգացման ճամբուն մէջ, այնքան կ՚ընդարձակի, կը տարածուի իր պարտականութեան սահմանները։ Հաւատոյ ստացման առաջին եւ գործնական պայմանն է «մերկանալ հին մարդը» իր բոլոր գործերով, սրտագին զղջումով մը հրաժարիլ յոռի անցեալէ մը եւ գիտակցութեան մէջ խօսող բարոյական օրէնքը իրականացնել. եւ ասիկա յարատեւ՝ եռանդուն՝ անխոնջ կռիւ մը կը պահանջէ մեզմէ, նոյնիսկ մեր եսասիրութեան դէմ։ Այսուհանդերձ, շատ անգամ ո՛րքան թոյլ եւ թեթեւ կ՚ըմբռնենք «քրիստոնեայ ըլլալ»ը՝ որքան անհոգ դանդաղութեամբ մը կը վերաբերուինք դէպի այդ բարձրագոյն կեանքը։

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս երբեմն իրիկուան դէմ, վերջալոյսի պահուն, դաշտին մէջ կամ բլուրի մը գագաթը նստած կը թողուս, որ աչքերդ յածին՝ թարթափին հորիզոնին մարմրող լոյսերուն՝ ծիրանի շողերուն վրայ, եւ անուշաբոյր զեփիւռին հետ, անծանօթ՝ գրեթէ աստուածային՝ ներշնչում մը կը լեցնէ, կ՚ոգեւորէ քեզ, կեանքի ստորին գձձութիւններէն վե՛ր ելլելու վառ բաղձանքը, երկինքի եւ սուրբ կեանքի մը կարօտը կու տայ քեզի։

Բայց ընդհուպ գիշերը վրայ կը հասնի, հարկ է տուն վերադառնալ, եւ դուն կը ծաղրես քու այդ տարտամ եւ ծոյլ երազանքը։ Կը պատահի, որ մինչեւ վերջը, ամբողջ կեանքիդ մէջ, այս բոլորը ինչ որ նշմարած ես՝ կարծես իբրեւ աստուածային, իբրեւ հոգեւոր կեանքի բարձր երանութիւն, այսինքն՝ վերջալոյսի քանի մը կարմրափայլ ճառագայթներ, կարճ եւ վաղանցիկ յափշտակութեան մը հեշտանքներ, հոգեկան զմայլումի քանի մը երջանիկ րոպէներ, սրտէդ ելած քանի մը խուլ հառաչանքներ եւ ցնցող սարսուռներ։

Ահա՛, ամբողջութիւնը այն ճիգերուն զորս կ՚ընենք գերագոյն բարիին հասնելու համար. այս չէ՞ մեր կեանքին ճշգրիտ պատկերը։ Մէն մի առաւօտը առաջադրած ծրագիրներէդ եւ դիմումներէդ քանի՞ն իրագործած ես իրիկունը։

Բարոյական կատարելութեան, ներքին ազնուացման, սիրոյ եւ հաւատքի աճման համար միշտ նոր զգացում՝ նոր եռանդ կ՚ունենաս, մինչ միւս կողմէ անստոյգ կը տարուբերիս ըլլալու եւ երեւնալու տարտամութեան մէջ։ Ո՜րքան յաճախ եկեղեցւոյ մէջ, սենեակիդ մէջ՝ մաքուր, առաքինի կեանք մը վարելու խոստումը կ՚ընես, բայց երբ փորձութեան ժամը կը հասնի, երբ աշխարհի ծանրութիւնը կը ճնշէ վրադ, ներշնչումի ժամերուդ մէջ ունեցած խորհուրդներդ եւ զգացումներդ կը շոգիանան, կը ցնդին, ա՜յնքան անհիմն եւ օդային են սրբատենչիկ բաղձանքներդ. նուագածութեան մը հեշտ եւ անուշ հնչիւններուն պէս՝ որոնք քիչ ետքը աղօտ ծածանումի երերանքը կը թողուն մտքիդ վրայ։

Որովհետեւ, երբ հաւատքին չ՚ընկերանար գործը, սոսկ փափաք մըն է ան առանց կամքի։ Ա՛յլ է կամիլը, ա՛յլ է կատարեալը։

Մարդիկ առ հասարակ բարիին կը բաղձան, նոյնիսկ չարերն ալ ուղիղ կը դատեն՝ երբ բան մը հարցուի իրենց, բայց շա՜տ քիչերն են, որ կամքի ուժ մը կը շինեն եւ կ՚իրագործեն իրենց բարի դիտաւորութիւնները եւ մարմին կու տան իրենց ազնիւ փափաքներուն։

Հաւատքի մարդը իր բարձր զգացումներուն համապատասխան կեանք մը կ՚ապրի, կը զգայ, թէ իր սիրտը պարտականութիւններ ունի եւ թէ Յիսուսի շնորհքը միայն կրնայ դնել զինք այնպիսի ուղղութեան մը վրայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 14, 2025, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 15, 2025