ԲՐԻՏԱՆԱՀԱՅ. ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ԲԱՑԱՌԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԲՐԻՏԱ ՆԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Աշխարհի մեծագոյն գիտամշակութային հաստատութիւններէն մէկը՝ Բրիտանական գրադարանը, «Britanahay Բրիտանահայ: Armenian and British» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէսով վերստին լուսարձակի տակ կը բերէ Միացեալ Թագաւորութեան եւ հայկական քաղաքակրթութեան միջեւ գոյացած բազմադարեան շփումներն ու դարաւոր կապերը։
Այս ցուցահանդէսը, որ աւելի քան ամիսէ մը ի վեր՝ արդէն կը գործէ եւ տակաւին բաց պիտի մնայ մինչեւ 2026 թուականի փետրուարի 22-ը, բնորոշուեցաւ իբրեւ մշակութային դիւանագիտութեան կենդանի արտայայտութիւն, վկայութիւն, որ մշակոյթը, իբրեւ հաղորդակցութեան լեզու, կարող է ստեղծել նոյնքան խոր եւ մարդկային կապեր, ինչպէս որեւէ քաղաքական համաձայնութիւն։
Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան միջեւ համագործակցութիւնը այսօր կը զարգանայ ո՛չ միայն քաղաքական մակարդակի վրայ, այլ նաեւ՝ գիտութեան, կրթութեան եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ։ Այս ցուցահանդէսը կը դարձնէ այդ գործընթացը ա՛լ աւելի տեսանելի՝ հանրութեան լայն շրջանակներուն համար։
«Բրիտանահայ» խորագրով ցուցահանդէսը, իր ամբողջ գաղափարական խորքով, կը մղէ դիտողը մտածելու նախ՝ հայերուն եւ բրիտանացիներուն եւ անոնց կապերուն մասին, ապա՝ ընդհանրապէս այն մասին, թէ ինչպէ՛ս մշակոյթները կը փոխազդեն, երբեմն կը ձուլուին եւ կը հարստացնեն զիրար։ Իբրեւ ցուցահանդէս զայն նոյնքան տպաւորիչ է, որքան իբրեւ կրթական հարթակ՝ անոնց համար, որոնք կը փափաքին ճանչնալ, ուսումնասիրել եւ հաղորդակից դառնալ այս հարուստ պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան։
Այսպիսի ցուցահանդէսները ընդհանրապէս արժէքաւոր կը դառնան, երբ սահուն կերպով կը միացնեն անցեալը ներկային՝ դառնալով պատմութեան ապրող մարմիններ։ 1736 թուականին տպուած հայերէն գիրքէ մը մինչեւ արդի թուային սարքերու ճեպագիրները միասին ստեղծած են յարաբերութիւն մը, որուն միջոցով պատմութիւնը չէ մնացած փոշոտ դարակներուն վրայ, այլ վերածուած է շարունակուող երկխօսութեան։
Այս յատկանշական ձեռնարկը բացուած է Բրիտանիոյ Ազգային գրադարանի «Սըր Ճոն Ս. Ռիթպլատ գանձերու պատկերասրահ»ին մէջ եւ կը ներկայացնէ պատմական պատկեր մը՝ սկսելով Բրիտանական կայսրութեան շրջանի առաջին շփումներէն ու ընդհանրութիւններէն, մինչեւ մեր օրերու ժամանակակից բրիտանահայ համայնքը։ Ցուցադրուած տպագիր գիրքերը, ձեռագիրները, ամսագիրները, վաւերագիրները, լուսանկարներն ու տեսալսողական նիւթերը իրենց աշխարհագրութեամբ եւ տարողութեամբ կ՚ընդգրկեն երեք ցամաքամասեր եւ հինգ լեզուներ։
Այստեղ մէկտեղուած են հայ-բրիտանական պատմութեան որոշ կարեւոր պահեր, որոնց մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի տպագրութիւնը։ Գիրքն է, որ իբրեւ ապրող վկայ կը խօսի հայ գրատպութեան աշխարհասփիւռ պատմութեան մասին։ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հայերէն գիրքեր տպագրուած են տակաւին 18-րդ դարու առաջին կէսէն՝ Լոնտոն, Մանչեսթըր, Օքսֆորտ։
Լոնտոնի մէջ տպագրուած առաջին գիրքը՝ Մովսէս Խորենացիի «Պատմութիւն հայոց»ը այս ցուցահանդէսի գլխաւոր ցուցանմոյշներէն է, ինչպէս նաեւ՝ յատկանշական ցուցանմոյշ է պատմութեան ընթացքին հայկական եւ անգլիական պետութիւններու ղեկավարներու առաջին հանդիպումին նուիրուած 15-րդ դարու գեղեցիկ ֆրանսական շքեղ ձեռագիրը, որ կը պատկերագրէ Կիլիկիոյ Լեւոն Ե. արքայի եւ Անգլիոյ Ռիչըրտ Բ. արքայի հանդիպումը՝ խորհրդանշելով հայ-բրիտանական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն սկիզբը։
Ցուցահանդէսը նաեւ հիմնուած է հայ-բրիտանական ժառանգութեան ժամանակակից օրինակներու վրայ, որոնց կարգին են 1960-ական եւ 1970-ական թուականներուն Անգլիոյ մէջ հրատարակուած «Արեգակ» թերթը եւ Կիպրոսի զբօսաշրջային ուղեցոյցը, որ տպագրուած է կիպրոսահայ երկու յայտնի լուսանկարիչներու՝ Մանկոյեան եղբայրներուն կողմէ։ Ցուցադրուած է նաեւ 20-րդ դարու բրիտանահայ լուսանկարիչ Իտա Քարի աշխատանքները ներկայացնող հրատարակութիւն մը։
«Բրիտանահայ» ցուցադրութիւնը ունի նաեւ միջգործուն տարր․ նմոյշներուն կից տեղադրուած ճեպարձագանգ ծածկագիրներու (QR քոտերու) միջոցով հնարաւոր է ունկնդրել բերանացի պատմութիւններէն ընտրուած հատուածներ։ Այս ձեւաչափը կ՚արտացոլէ ժամանակակից թանգարանագիտութեան նոր մօտեցումը՝ մասնակցային, շնչաւոր եւ գրաւիչ։ Հարցազրոյցները հաւաքուած են Լոնտոնի Հայկական հիմնարկին կողմէ՝ «Վտարանդութեան ժառանգութիւն․ Բանաւոր պատմութիւն բրիտանահայ համայնքներէն (2023-2026)» ծրագրին շրջանակին մէջ։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են պաշտօնատար անձինք, մշակոյթի գործիչներ, արուեստի սիրահարներ։
Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեան բացումին արտասանած իր խօսքին մէջ բարձր գնահատած է ցուցահանդէսը, մասնաւորապէս՝ Բրիտանական գրադարանի եւ ցուցահանդէսը համադրող տքթ․ Մայքըլ Էրտմընի աշխատանքը՝ Հայաստանի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ դարաւոր կապերու ցայտուն օրինակները փաստագրելու եւ հանրայնացնելու ուղղութեամբ։ Դեսպանը մասնաւորապէս շեշտած է, որ մշակութային դիւանագիտութիւնը այսօր Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան ռազմավարական գործընկերութեան հիմնական սիւներէն է, «կամուրջ մը՝ փոխըմբռնման, հաւատարմութեան եւ մշակութային հարստացումներու միջեւ»։
Ցուցահանդէսին բացումը թովիչ մթնոլորտի վերածած է բրիտանաբնակ երաժիշտ Լեւոն Չիլինկիրեանի լարային քառեակը՝ կատարելով դասական ստեղծագործութիւններ։ Լոնտոն գործող եւ աշխարհի ամէն կողմը համերգներով հանդէս եկող «Չիլինկիրեան» լարային քառեակին գոյութիւնն ալ հայ-բրիտանական կապերու ժամանակակից եւ խօսուն մէկ արտայայտութիւնն է։
Բրիտանական թանգարանը, իբրեւ ցուցահանդէսի աջակիցներ, նշած է Լոնտոնի Հայկական հիմնարկը եւ «Պենլեան» հիմնադրամը։ Զանազան տեսակի աջակցութիւններու համար կազմակերպիչները շնորհակալութեան խօսքեր ուղղած են Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, պատմաբան Զաւէն Մսըրլեանին, արուեստաբան Նազենի Ղարիբեանին, Հայր Վրէժ Ներսիսեանին, տքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանին, Մաշտոցեան մատենադարանին, Հայաստանի Ազգային գրադարանին, հետազօտողներ Հոլի Քունսթին եւ Սենեմ Կէօքելին։
Մայքըլ Էրտմըն՝ Բրիտանական գրադարանի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հաւաքածոներու վարիչը, մանրակրկիտ աշխատանք տարած է՝ ցուցահանդէսը յաջողցնելու ուղղութեամբ՝ Բրիտանական գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն քով քովի բերելով ընտիր նմոյշներ, որոնք լաւագոյնս կը բացայայտեն երկու մշակոյթներու յարաբերութեան շուրջ ութհարիւր տարիներու շունչը։ Ցուցանմոյշները տեղաւորուած եւ ցուցադրուած են չորս ցուցափեղկերու մէջ եւ բաժնուած են երեք տրամաբանական նիւթերու. ինչպէս՝ Հայ համայնքները Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, Հայ-բրիտանական փոխազդեցութիւններ աշխարհով մէկ, Հայերը եւ Բրիտանական գրադարանը։ Ցուցահանդէսին տեսնուած ամէն էջ, լուսանկար, թերթ, ձայնագրութիւն կամ ձեռագիր կը վկայէ այն յամառ ջանասիրութիւնը, որով հայը իր ուղին շարունակած է՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ արմատաւորուելով, բայց երբեք չկորսնցնելով իր համաշխարհային հայկականութիւնը։
Այսօր, երբ աշխարհէն ներս դիւրին է կորսուիլը արագ փոփոխուող իրականութիւններուն մէջ, նման նախաձեռնութիւնները կը վերածուին կանգ առնելու, խորհելու եւ ինքնութեան աղբիւրներուն վերադառնալու առիթներ։
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԸ՝ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ՄԷՋ
Հարցազրոյց մը ունեցանք Բրիտանական գրադարանի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հաւաքածոներու ղեկավար Մայքըլ Էրտմընին հետ։ Ան աշխատանքի բերումով կապուած է մերձաւորարեւելան երկիրներու մշակոյթի պատմութեան (ասկէ առաջ նոյն գրադարանին մէջ եղած է Թուրքիոյ եւ թրքական հաւաքածոներու պատասխանատուն)։ Նաեւ սէր կը տածէ այդ մշակոյթներուն, այդ կարգին՝ հայ մշակոյթին հանդէպ եւ ի միջի այլոց, սկսած է սորվիլ արեւմտահայերէն։ Տքթ. Էրտմըն կը կարեւորէ նման ցուցահանդէսներուն դերը՝ դարաւոր կապերը արդիական շունչով ներկայացնելու տեսակէտէ։
-Նկատի ունենալով, որ այսօր արեւմտահայերէնը կը նկատուի մարդկութեան ոչ-նիւթական կորսուող արժէքներու կարգին, զայն կարեւորելու առումով, «Բրիտանահայ» ցուցահանդէսը ի՞նչ աշխատանք տարած է։
-Բրիտանական գրադարանը ունի նշանակալի հայկական հաւաքածոյ մը գրաբարեան ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհաբար հայերէնի երկու գրական լեզուները եւ անշուշտ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան շրջաներու խօսուածքները ներկայացնող։ Քանի որ «Բրիտանահայ» ցուցահանդէսը նոյն այդ հաւաքածոյէն քաղուած է, ուստի, ան կը ներառէ նիւթեր գրաբարով, արեւմտահայերէնով եւ արեւելահայերէնով։ Այս մէկը կը ցոլացնէ նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքը, որ եկած է սփիւռքի զանազան մասերէ եւ Հայաստանէն, հետեւաբար այդ համայնքը կը կրէ թէ՛ արեւմտահայերէնը, թէ՛ արեւելահայերէնը։
Ես ինքս ալ հայերէնը ուսումնասիրելու սկսայ, բայց կեդրոնացայ արեւմտահայերէնին վրայ՝ Գրիգոր Մոսկոֆեանի արեւմտահայերէնի առցանց վարժարանին մէջ, եւ այդ ձեւով ես ալ ուզեցի յարգանքի տուրք մատուցել այդ անհետացման վտանգի տակ գտնուող լեզուին:
Արեւմտահայերէն նիւթեր կան ցուցադրուած. օրինակ՝ Կիպրոսէն եւ Եգիպտոսէն, ինչպէս եգիպտահայ օրացոյց մը եւ Նիկոսիայէն մայրերու համար նախատեսուած ձեռագիրք մը։ Մենք նաեւ վերարտադրած ենք երկու տեսակի արտասանութիւնները որոշ բառերու, երբ անոնք կապուած են արեւմտահայերէն գրութիւններու։ Ատկէ զատ, Կիպրոսի նիւթերէն մէկը կը ներառէ Մելգոնեան վարժարանէն պատկեր մը եւ ցուցահանդէսին միւս նիւթերը, ինչպէս պլոկները, կը շեշտեն, թէ որքա՛ն կարեւոր են նուիրեալ կրթական հաստատութիւնները՝ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման համար։
-Ի՞նչ արժէքաւոր ցուցանմոյշներ կան, որոնք կը վերաբերին Օսմանեան հայերուն։
-«Բրիտանահայ»ը այցելուներուն Օսմանեան հայերու պատմութեան կը ծանօթացնէ երկու եղանակով։ Մէկը՝ նախկին Օսմանեան տարածքներու վրայ, մասնաւորապէս՝ Կիպրոս եւ Եգիպտոս բնակած հայերու մասին նիւթերն են։ Երբ բրիտանացիները փաստացի վերահսկողութիւն ստանձնեցին երկու տարածքներուն նկատմամբ, համապատասխանաբար 1878 եւ 1882 թուականներուն, Օսմանեան հայերը յանկարծակի յայտնուեցան բրիտանական վերահսկողութեան տակ, իսկ յետոյ՝ 1914 թուականին, դարձան Բրիտանական կայսրութեան հպատակներ։ Ցուցանմոյշները կը բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս այս տարածքները անվտանգ ապաստարաններ դարձած են Օսմանեան հայերուն համար, որոնք կը փախչէին 1895-96 թուականներու, 1909 թուականի եւ 1915 թուականի դէպքերէն։ Սակայն, ատոնք նաեւ կ՚ուսումնասիրեն, թէ ինչպէ՛ս Օսմանեան հայերը յարմարուած են իրենց նոր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն։ Եգիպտահայերու օրացոյցը մէկ օրինակն է, որ Օսմանեան կայսրութեան հայերը ծաղկում ապրած են առեւտրային, քաղաքական եւ մշակութային առումներով, երբ Եգիպտոսը դարձած է Բրիտանական կայսրութեան մաս։ Միւս կողմէ, «Մայրերու համար ձեռնարկը» լոյս կը սփռէ այն յանգամանքին վրայ, որ նաեւ այդպիսի՛ ձեւերով Օսմանեան հայերը ընդունած են բրիտանական մշակոյթը՝ նոր քաղաքական պայմաններու միջոցով: Եւ, անշուշտ, ցուցահանդէսի նմոյշներէն 1948 թուականին հրատարակուած «Կիպրոս կղզին» կը պատմէ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Կիպրոսի մէջ դարերով բնակուիլը, նախ օսմաններու, ապա բրիտանացիներու տիրապետութեան տակ, հայերը դարձուցած է Կիպրոսի կեանքի հիմնական մասը եւ կիպրական միասնական ինքնութեան ջատագովներ։
Միւս կողմէ, Օսմանեան հայերու պատմութիւնը ներկայացուած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ բնակութիւն հաստատած Օսմանեան հայերու աշխատանքներով: Այստեղ մենք ունինք երկու զանազան օրինակ: Մէկը «Կապերու մէջ․ Հայի փորձառութիւններ» աշխատութիւնն է, որ Գրիգոր Պէհէսնիլեանի քաղաքական պաշտպանութեան աշխատանքն է: Յարգարժան Պէհէսնիլեան ծնած է Տարսոնի մօտակայքը, ներկայիս Թուրքիա, եւ Անգլիա գալէն յետոյ, ի վերջոյ, գրած է 1890-ականներու կէսերուն Օսմանեան հայերու կրած բռնութիւններուն մասին: Ան մասնակցած է Լորտ Կլատսթընի գլխաւորութեամբ շարժման մը, որ կը ջանար բարձրացնել իրազեկուածութիւնը հայերու վիճակին մասին Օսմանեան տիրապետութեան տակ:
Օսմանեան հայերուն վերաբերող ցուցանմոյշ է նաեւ «Հայկական պատմութիւններ եւ առասպելներ» ստեղծագործութիւնը, որ Զապէլ Պոյաճեանի՝ կիսով չափ սկովտացի, կիսով չափ հայ արուեստագէտի գեղեցիկ աշխատանքն է։ Պոյաճեան ծնած է Տիարպաքըր։ Ան նաեւ հայկական դատի անխոնջ պաշտպան մըն էր, բայց, նաեւ կը ջանար բրիտանական հանրութեան ծանօթացնել՝ հայկական աւանդութիւնները, մշակոյթն ու գրականութիւնը: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան բնիկ՝ անոր հայեացքները նպաստեցին ստեղծագործ, կրօնապաշտ ե աշխոյժ Օսմանեան հայ համայնքի դիմագծի ձեւաւորման, որու գրականութիւնն ու աւանդութիւնները ո՛չ մէկ կերպով կը հակասէին բրիտանական լայն հասարակութեան:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան