ԶԱՒԱԿ-ԽՈՀԱՆՈՑ-ԵԿԵՂԵՑԻ
Ի սկզբանէ համամարդկային պատմութիւնը հիմք ունեցած է տղամարդը. այսօր պատմութենէն կրնանք յիշել մի քանի տասնեակ տղամարդոց անուն՝ որպէս թագաւոր, որպէս գիտնական, որպէս փիլիսոփայ, սակայն, հազիւ կը յաջողինք մատի վրայ հաշուել մի քանի իգական սեռի ներկայացուցիչ։ Հայոց գրականութիւնը եւս տարբեր վիճակ մը չունի. այսօր կրնանք բազմաթի՜ւ հայ տղամարդ գրողներու անուն յիշել, սակայն բաւարարուիլ՝ Սիպիլով, Զապէլ Եսայանով եւ Սրբուհի Տիւսաբով: Պատմիչները, մինչեւ իսկ կրօնական գիրքերը տղամարդոց պատմութիւնն է, որ գրած են. այդտեղ հազիւ թէ կարելի է հանդիպիլ մի քանի կնոջ անուններու. օրինակի համար, մենք ունինք Հռիփսիմեանց կոյսերը, անոնց նահատակութիւնը, սակայն անոնց մասին խոր մանրամասնութիւններ կը պակսին. կոյսերու պատմութիւնն ալ կը յիշատակուի թագաւորի վարքը եւ անոր կատարած չարութիւնները ներկայացնելու ժամանակ:
Սակայն կայ այլ կարեւոր կէտ մը. մինչեւ այսօր խօսեցանք, որ կինը պատմութեան մէջ անտեսուած էր, բայց յատկանշական իրողութիւն մը կայ. մշակոյթներ՝ ներառեալ հայ ժողովուրդը, իրենց աստուածներուն մէջ ունէին կին աստուածուհիներ. Ինչպէս՝ Անահիտը, Աստիղկն ու Նանէն. օրինակի համար, Հին Յունաստանին մէջ գոյութիւն ունէր Աֆրոտիթ աստուածուհին, Հին Հռոմի մէջ Վեներա աստուածուհին, Հին Եգիպտոսի մէջ Իսիտան, Միջագետքի մէջ Իշտարը, Հնդկաստանի մէջ Լակշիմին եւ այսպէս կապը կարելի է շարունակել:
Անշուշտ, այստեղ գոյութիւն ունէր հակասութիւն մը. կիները ընդհանրապէս զրկուած էին կրօնական ծէսերէն, սակայն, ունէին կին աստուածուհիներ. օրինակի համար, Աթենասը Հին Յունաստանի պատերազմի աստուածուհին էր, սակայն նոյն ժամանակաշրջանին կինը քաղաքականութեամբ եւ կամ զինուորական, պատերազմական գործերով զբաղելու ո՛չ մէկ իրաւասութիւն ունէր. սակայն, այդ բոլորին մէջ եւս գոյութիւն ունէր նոյն մտայնութիւնը. շատ մը աստուածուհիներ ենթակայ էին իրենց ամուսնոյն՝ այլ աստուծոյ մը. օրինակի համար, Հերան Զեւսի կինն էր եւ հետեւաբար անոր կ՚ենթարկուէր:
Հայկական դիցաբանութեան մէջ եւս պատկերը տարբեր չէր. Արամազդը հայրն էր, Անահիտը դուստրը։ Այսպիսով ինչքան ալ կին աստուածուհիներ ըլլան՝ կը տեսնենք, որ անոնց վրայ միշտ գոյութիւն ունի մեծաւոր տղամարդ մը, որուն ենթակայ են աստուածուհիները եւ այս մէկը այդ ժամանակաշրջանին մտայնութիւնը ցոյց կու տայ: Սակայն, կար որոշ յարգանքի հասկացողութիւն մը. օրինակի համար, պատմութեան մէջ կը կարդանք առասպելներ, ուր աստուածուհիներ կը պատժեն նոյնիսկ տղամարդիկը. օրինակի համար, Հերան կը պատժէր բոլոր այն անձերը, որոնք չէին յարգեր զինք: Նոյնպէս Աֆրոտիթ կը պատժէր այն բոլոր անձերը, որոնք կը հրաժարէին զինք պաշտելէ՝ արհամարհելով սիրոյ ուժը: Նոյնիսկ հայ աստուածուհիի՝ Անահիտի պարագային կը պատմուի, որ խիստ ձեւով կը պատժէր բոլոր այն անձերը, որոնք սրբատեղիները կ՚անարգէին:
Անշուշտ, այստեղ կար հետեւեալ անհաւասարութիւնը. տղամարդը կրնար մեղաւոր դուրս գալ աստուածուհիի դիմաց, սակայն, իրական կեանքին մէջ ան կին արարածին առջեւ երբեք մեղաւոր չ՚ըլլար։ Կին աստուածուհին կրնար պատժել տղամարդը, սակայն, իրական գետնի վրայ այդ մէկը կարելի բան չէր:
Ուսումնասիրողներ կը հաւատան, որ հին ժամանակ գոյութիւն ունեցող աստուածուհիները ծնունդն են տղամարդու անգիտակից վիճակին մէջ ծնունդ առած որոշ երեւոյթներու. ինչպէս՝ մայրութիւն, սէր եւ այլն. վերջապէս տղամարդու կողմէ ստեղծուած էին նաեւ այդ աստուածներու կին կերպարները: Անշուշտ, այս երեւոյթը եւս ապացոյցն է, որ մարդը մի՛շտ փորձած է որոշ պատասխաններ գտնել իր հարցադրումներուն, փորձած է հասկնալ կինը եւ նոյնիսկ իր պաշտամունքին մէջ ներառած է զինք:
Այս բոլորը մեզի ցոյց կու տան, որ կինը այս աշխարհին մէջ ի սկզբանէ եղած է տղամարդուն համազօր արժէք ու գոյութիւն. տղամարդը իր օրէնքներով ի՛նք է, որ փորձած է կնոջ դերը թերագնահատել եւ կամ հասարակական կեանքէն հեռու պահել: Եւայէն սկսեալ մինչեւ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Մարիամէն մինչեւ Կղիոպատրա եւ ուրիշներ՝ կը տեսնենք, որ կինը նոյնիսկ իր ամենէն ճնշուած վիճակին մէջ կարեւոր տեղ ու դեր ունեցած է մարդկային պատմութեան մէջ:
Այսօր վիճակը անշուշտ տարբեր է, սակայն, միւս կողմէ մտահոգեցուցիչ։ Հայրիշխանութենէն, մարդկութիւնը ընդունի թէ ոչ, կամաց-կամաց կ՚առաջնորդուի դէպի մայրիշխանութիւն. առողջը այս երկուքին միջինը գտնելն է. հիմա կը տեսնենք, որ շատ մը տեղեր կինը ի՛նք կը գերիշխէ եւ տղամարդը կամաց-կամաց կը տկարանայ: Այնպէս ինչպէս տղամարդը կնոջ վրայ իշխեց, այժմ կինը կը փորձէ նոյն դերը կատարել։ Ամենէն ճիշդն ու առողջը միատեղ խաղաղութեան մէջ ապրիլն է. վերջապէս անոնք գործընկերներ են, իրարոու համար ստեղծուած կէսեր են, օգնականներ են. իրարու դէմ չէ, այլ իրար հետ պէտք է պայքարին:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մայրիշխանութեան շրջան գոյութիւն ունեցա՞ծ է:
Պատասխան. Մարդկութեան մօտ մայրիշխանութիւնը հաստատուած չէ, սակայն, որոշ միջատներու պարագային մայրիշխանութեան օրէնքը կը տեսնենք: Օրինակի համար՝ մրջիւնները, մեղուները եւ այլ միջատներ որպէս իրենց կեդրոնական ներկայացուցիչ ունին մայր թագուհին, որ պատասխանատու է անոնց գոյութեան եւ շարունակականութեան համար: Մարդկութեան մէջ ալ որոշ տեղեր եղած են մայրիշխանական շարժումներ, սակայն, շատ քիչ ու աննշմար:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան