«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ»Ն ՈՒ TRIPP-Ը Կ՚ԵՆԹԱԴՐԵՆ ԲԱՐԴ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Երեւանի ղեկավարութիւնը հետեւողականօրէն օրակարգի վրայ կը պահէ TRIPP նախագծի երեսակները։ Անգարա-Երեւան օրակարգի վրայ ալ սա առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիայէն հնչած «Զանգեզուրի միջանցք»ի վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւններու լոյսին տակ ըսաւ. «Հայաստանի մէջ կայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ», TRIPP-ը, այլ բառապաշար վերաբերելի չէ»։
Վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» միջազգային համաժողովին ժամանակ եւս Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած էր Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։
Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան երէկ Աստանայի մէջ ալ յայտնեց, որ TRIPP-ի գործարկումը էականօրէն պիտի մեծցնէ Հայաստանի եւ Ղազախիստանի տնտեսական գործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտնած էր, որ TRIPP-ի լիարժէք իրականացումը կրնայ Հարաւային Կովկասը վերածել արդիւնաւէտ եւ անվտանգ, տարանցիկ ու լոժիստիք հանգոյցի մը։
Հայկական լրահոսին մէջ յաճախակիօրէն կը նկատուին նաեւ վերլուծաբաններու կարծիքներ, ըստ որոնց՝ TRIPP-ի եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի իրագործումը կ՚ենթադրէ բարդ գործընթաց մը եւ լուրջ աշխատանք կը պահանջէ։