«ԹՈ՛Ղ ԳԱՅ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆԴ»
«Տէրունական աղօթքը», այսինքն՝ Տիրոջ աղօթքը կը նշանակէ, թէ «Հայր մեր» աղօթքը մեզի Տէր Յիսուսի կողմէ ուսուցուած եւ տրուած է։ Այս աղօթքին խօսքերով Միածին Որդին Իր Հօրը տուած խօսքերը մեզի կու տայ։ Ան մեր աղօթքին վարդապետն է։
«Հայր մեր»ին մէջ է, որ սրտերէն եօթ խնդրանքներ, եօթ օրհնաբանութիւններ երկինք կը բարձրացուի. առաջին երեքը մեզի դէպի Հօր փառքը կը տանին, իսկ չորս վերջինները մեր թշուառութիւնները Անոր Շնորհքին կ՚ընծայեն։ Այս եօթ խնդրանքներէն է. «Թո՛ղ գայ Արքայութիւնդ» խօսքը՝ ուր «Արքայութիւն» բառը կ՚առնուի վերացական իմաստով. «Թագաւորութիւն»ը՝ թանձրացեալ իմաստով, իսկ «Տէրութիւն» իշխանութեան իմաստով, ինչպէս թարգմանուած է բնագրէն։
Աստուծոյ թագաւորութիւնը մեզմէ առաջ է։ Ան մեզի մօտիկ դարձաւ մարմնացեալ եւ մարդացեալ Բանով, աւետուեցաւ ամբողջ Աւետարանին ընդմէջէն, եկաւ Քրիստոս Յիսուսի մահով եւ Յարութեամբ։
Աստուծոյ թագաւորութիւնը կու գայ Վերջին ընթրիքով, իսկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի խորհուրդով մե՛ր միջեւ կ՚ըլլայ։ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի գայ փառքով, երբ Քրիստոս զայն յանձնէ Իր Հօր։ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի կ՚ըսէ. «Հնարաւոր է նաեւ որ Աստուծոյ Արքայութիւնը նշանակէ նոյն Ինքն Քրիստոսը՝ զոր մեր բաղձանքներով ամէն օր կը կանչենք եւ մեր սպասումով կ՚ուզենք Անոր գալուստը փութացնել։ Ան մեր Յարութի՛ւնն է, քանի մենք Անոր մէջ Յարութիւն կ՚առնենք, ուստի Ան կրնայ նաեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը ըլլալ, որովհետեւ Անով մենք պիտի թագաւորենք»
«Հայր մեր»ին այս խնդրանքը «Մարանաթա»ն է, աղաղակը՝ Հոգիին եւ Հարսին. «Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»։ Տէրտուղիանոսի համաձայն. «Նոյնիսկ եթէ այս աղօթքը Արքայութեան գալուստը խնդրելու մեզ չպարտաւորէր, սակայն մենք մեզմէ պէտք էր այս աղաղակը արձակէինք եւ շտապէինք երթալ փարիլ մեր յոյսերուն։ Խորանին տակ հանգչող մարտիրոսներուն հոգիները բարձրաղաղակ Տէրը կը կանչեն.- Մինչեւ ե՞րբ, Տէ՛ր, պիտի յամենաս դատելու եւ մեր արեան վրէժը լուծելու երկրի բնակիչներէն. (ՅԱՅՏ. Զ 10)։ Անոնք արդարեւ արդարութեան հասնելու են ժամանակներու լրումին։ Տէր, փութացո՛ւր ուրեմն Արքայութեան գալուստը»։
Տիրոջ աղօթքին՝ «Հայր մեր»ին մէջ, գլխաւորաբար խնդրոյ առարկայ է Աստուծոյ Արքայութեան վերջնական գալուստը, Քրիստոսի վերադարձով. (ՏԻՄ. Բ 13)։ Այս բաղձանքը սակայն չի շեղեցներ Իր Եկեղեցին՝ իր առաքելութենէն այս աշխարհիս վրայ, ընդհակառակը աւելի՛ յանձնառու կը դարձնէ զինք։ Որովհետեւ Հոգեգալուստէն ասդին, Արքայութեան գալուստը գո՛րծն է Տիրոջ Հոգիին, որ կը շարունակէ Իր գործը կատարել աշխարհի վրայ եւ ամէն սրբացում իր լրումին կը հասցնէ։
«Աստուծոյ Արքայութիւնը արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ բերկրութիւն է Սուրբ Հոգիով». (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 17)։
Մեր ապրած յետին ժամանակները Սուրբ Հոգիին զեղումին ժամանակներն են։ Այսուհետեւ վճռական պայքար մը կը մղուի «մարմինին» եւ Հոգիին միջեւ. (ԳԱՂ. Ե 16-25), «Միայն մաքուր սիրտը կրնայ ամենայն ինքնավստահութեամբ ըսել.- Թո՛ղ գայ Արքայութիւնդ»։ Հարկ է Պօղոսի դպրոցին աշակերտած ըլլալ՝ ըսելու համար.- Թո՛ղ ուրեմն այլեւս մեղքը չթագաւորէ մեր մահականացու մարմիններուն մէջ. (ՀՌՈՎՄ. Զ 12)։ Ան որ իր գործերուն, մտածումներուն եւ խօսքերուն մէջ ինքզինք մաքուր կը պահէ, անիկա կրնայ ըսել Աստուծոյ.- Թո՛ղ գայ Արքայութիւնդ». (Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի)։
Քրիստոնեաները պարտին Հոգիին զատորոշումով՝ զանազանել Աստուծոյ Արքայութեան աճումը եւ մշակոյթին եւ ընկերութեան յառաջդիմութիւնը՝ որուն յանձնառու դարձած են։ Այս զանազանումը իրարմէ բաժանում չի՛ նշանակեր։ Մարդուն յաւիտենական կեանքին կոչուած ըլլալը ո՛չ միայն չի ջնջեր, այլ կը զօրացնէ մարդուն պարտականութիւնը, Արարչէն ընդունած իր կորովը եւ միջոցները օգտագործելու այս աշխարհին վրայ ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան։
«Հայր մեր»ին այս խնդրանքը այսպէս հասկցուած եւ իրագործուած է Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մէջ (ՅՈՎՀ. ԺԷ 17-20), ներկայ եւ գործօն եղող Յիսուսին աղօթքով։ Այս խնդրանքը պտղաբեր կը դառնայ ըստ երանութիւններուն ապրուած նոր կեանքին մէջ. (ՄԱՏԹ. Ե 13-16. Զ 24. Է 12-13)։
Մեր Հօր կամքն է, որ «բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան». (Ա ՏԻՄ. Բ 4)։ Հայրը «կը համբերէ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի». (Բ ՊԵՏ. Գ 9), (ՄԱՏԹ. ԺԸ 14)։ Միւս բոլոր պատուիրանները համառօտող եւ Հօր ամբողջական կամքը յայտնող պատուիրանը ա՛յն է՝ որ «մենք սիրենք զիրար, ինչպէս որ Ինք սիրեց մեզ». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), (Ա ՅՈՎՀ. Գ-Դ), (ՂՈՒԿ. Ժ 25-27)։
Ուստի, «Հայր մեր»ով կ՚աղօթենք Հօր, որ միացնէ մեր կամքը Իր Որդիին կամքին…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 20, 2025, Իսթանպուլ