ԷՐՏՈՂԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Երէկ, երկու նախագահները տեսակցեցան Եոհանեսպուրկի մէջ, ուր մասնակցեցան Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հարաւային Ափրիկէի հիւրընկալմամբ։

Էրտողան եւ Մաքրոն զրոյցի ընթացքին անդրադարձան Պաղեստինի կացութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան։

Էրտողան յիշեցուց, որ անցեալ շաբաթ Անգարայի մէջ հիւրընկալած էր Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, իսկ այսօր կը զրոյցէ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ հացահատիկի փոխադրութեան ուղղեալ ջանքերուն նպատակը իրականութեան մէջ դէպի խաղաղութիւն ճանապարհ հարթելն էր։

Կազզէի պարագային ալ Էրտողան շեշտեց, որ անկարելի է անտեսել Պաղեստինի ցեղասպանութիւնը, որու պատասխանատուն Իսրայէլն է։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025