ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԿԱԼԱ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ժապաւէնը վերջերս ցուցադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այսպէս, զանազան լեզուներով արտադրուած ժապաւէնի անգլերէն տարբերակի կալան տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ՝ խանդավառ երեկոյթով մը։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) համատեղ նախաձեռնութեամբ, Նիւ Եորքի առաջնորդարանի «Քավուքճեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ֆիլմի անգլերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութիւնը։ Երեկոյթը պատուեց ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան։ Այս առթիւ Նիւ Եորք հրաւիրուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։

Հարկ է նշել, որ այս ֆիլմը ձօնուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բարեյիշատակ աւագ խմբագիր հոգելոյս Մարտիրոս Գօչունեանի յիշատակին՝ մահուան 50-րդ տարելիցին առթիւ։ Նիւ Եորքի ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Մարտիրոս Գօչունեանի թոռնուհին եւ ամուսինը՝ Մոնա եւ Ռաֆֆի Խորոզեանները, ինչ որ բացառիկ իմաստ մը վերագրեց երեկոյթին։

Հանդիսութեան սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տնօրէնուհի Նաթալի Գաբրիէլեան։ Ապա, ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, իսկ ներկայացման աւարտին Արա Գօչունեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Այս փուլին զրուցավարն էր Նիւ Ճըրզիի «Բարեւ» հայկական ռատիոժամի խմբագիր Վարդան Ապտօ, որ նախօրէին ուղիղ եթերով հարցազրոյց մըն ալ կատարած էր Արա Գօչունեանի հետ։

Ձեռնարկի ընթացքին յանձնուեցան շարք մը յուշանուէրներ։ ՀԲԸՄ-ի համար պատրաստուած յուշանուէրը Մոնա Խորոզեան եւ Արա Գօչունեան միասնաբար յանձնեցին Նաթալի Գաբրիէլեանին։ Թերթիս խմբագրին ձեռամբ յուշանուէրներ եւ շնորհակալագրեր ալ ստացան ձեռնարկի կարգադիր յանձնախումբի անդամները՝ Տ. Դաւիթ Քհնյ. Քարամեան, Նաթալի Գաբրիէլեան, Էլիզապէթ Քոտապաշ, Զուարթ Պալըքճեան, Թամար Գայսէրեան, Հիլտա Շէշէթեան, Դալար Սարաֆեան, Ժագլին Պալթայեան եւ Ճենիֆըր Հայնրիչ։

Կալային առթիւ կազմակերպուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան ներկաներու միջեւ, ինչպէս եւ ցուցադրութեան յաջորդած հարցում-պատասխանը։ Բոլորը շօշափեցին Արա Գօչունեանի կարծիքը՝ քաղելով թարմ ու մանրամասն տեղեկութիւններ զանազան հրատապ նիւթերու կապակցութեամբ։

  

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025