ՊԵՐԹՐԱՆ ՌԱՍԸԼԻ «ԱՇԽԱՏԻԼԸ ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԱԾ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է» ՄԻՏՔԸ. ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ
Պերթրան Ռասըլ՝ քսաներորդ դարու մեծ մտածողներէն մէկը, հարցադրած է այն համոզումները, որոնցմով մարդկութիւնը դարերով առանց հարց տալու ապրած է։ Անոր ամենէն հետաքրքրական եւ շատերու կողմէ վիճարկուած նշանաբաններէն մէկը հետեւեալն է․«Աշխատիլը չափազանցուած առաքինութիւն մըն է»։ Այս արտայայտութիւնը ո՛չ միայն փիլիսոփայական դիտարկում մըն է, այլեւ՝ ժամանակակից մարդուն ուղղուած քննադատութիւն մը։
Ռասըլ կ՚ըսէ, որ աշխատանքը մարդկային կեանքի մէջ անհրաժեշտ երեւոյթ մըն է, սակայն, ան երբեք պէտք չէ ներկայացուի իբրեւ անբեկանելի առաքինութիւն։ Ըստ իրեն՝ մարդկային պատմութեան ընթացքին հասարակութիւնները չափազանց մեծ արժէք տուած են անդադար գործելու, կը կարծէին,0 թէ որքան շատ աշխատիս, այնքան աւելի բարոյական, օգտակար կամ արժանաւոր ես։ Ռասըլ այս համոզումը կը մերժէ՝ ըսելով, որ այդ գերհաւատքը իրականութեան մէջ սահմանափակում մըն է։
Ան կը շեշտէ, որ մարդը պէտք է գործէ վայելելու, ապրուստ ապահովելու եւ ստեղծագործելու համար, բայց երբ աշխատանքը կը դառնայ ինքնանպատակ, կը սպաննէ ազատութիւնը, ինքնազարգացման ժամերը, մտքի հնարաւորութիւնը եւ ներաշխարհի հարստացումը։
ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԻԲՐԵՒ ԿՈՒՌՔ
Բազում ազգերու մէջ աշխատանքը վերածուած է կուռքի մը։ Մարդիկ կը հպարտանան զբաղուածութեամբ՝ նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ զբաղուածութիւնը անիմաստ է կամ յոգնեցուցիչ։ Այնուհետեւ պէտք է կոտրել այն մոլորութիւնը, թէ միայն աշխատողը արժէքաւոր է, իսկ հանգիստ առնողը կամ մտածողը՝ ծոյլ։
Նուրբ բառերով կրնանք ըսել, որ ըստ Ռասըլի՝ աշխատանքը երբ կը գերակշռէ, կը նսեմացնէ մարդու ամբողջական ինքնութիւնը։
Աշխատասիրութիւնը ինքնին որպէս առաքինութիւն ներկայացնելը կը մոռցնէ, որ մարդը ունի նաեւ զգացումներ, ստեղծագործական ուժ, հետաքրքրասիրութիւն եւ հոգեւոր կարիքներ։ Մարդը միայն աշխատանքով չի սահմանուիր։ Ան պէտք ունի ազատ ժամանակի՝ իր ընտանիքին, ինքնաճանաչման, ընթերցանութեան, շրջապատին եւ հոգեւոր բարձունքներու համար։
Ռասըլի տեսակէտով՝ մարդիկ, որոնց ամբողջ կեանքը աշխատանքով լի է, սակայն չեն ներառեր մտածում, հանգիստ, խնամք կամ ներշնչում, կը զրկուին մարդկային կեանքի ամենաչափազանցելի գանձերէն։
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԸՆՉՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր, երբ աշխարը աւելի արագ, աւելի մրցակցային եւ աւելի սպառիչ դարձած է, Ռասըլի այս խօսքը կը հնչէ աւելի արդիական, քան երբեք։ Շատերու համար աշխատիլը դարձած է պարտադրանք, իսկ հանգստանալը՝ մեղքի զգացում։ Ռասըլ կը սթափեցնէ մեզ՝ ըսելով, որ ազատութիւնը, մտքի ստեղծարարութիւնը եւ հոգեկան խաղաղութիւնը նոյնքան արժէքաւոր են, որքան աշխատանքը, երբեմն ալ աւելի։
Ռասըլի վերոյիշեալ խօսքը կը քննարկէ աշխատանքի եւ ուրախութեան, պարտականութեան եւ ազատութեան, արտադրողականութեան եւ ստեղծագործութեան միջեւ յարաբերութիւները։ Ռասըլի տեսակէտով՝ մարդկային բարգաւաճումը միայն աշխատանքով չի սահմանուիր. ան կը շեշտէ, որ մարդը պէտք է ունենայ ժամանակ՝ մտածելու, ուսումնասիրելու, հանգստանալու եւ ոգեւորուելու համար։ Ի վերջոյ, ըստ Ռասըլի, հասարակութիւնը աւելի առողջ է, երբ աշխատանքը կը դադրի դառնալ ինքնանպատակ ժամանց եւ կը վերածուի մարդու կեանքը գունաւորող, այլ ոչ թէ սահմանափակող գործօնի։
Պերթրան Ռասըլի «Աշխատիլը չափազանցուած առաքինութիւն մըն է» խօսքը մեզ կը մղէ վերանայելու մեր առօրեայ կեանքը։ Ի՞նչ կը նշանակէ արժէքաւոր կեանք մը։ Արդեօք միայն աշխատի՞լ, թէ նաեւ ապրիլ, մտածել, սիրել եւ ստեղծագործել։
Ռասըլ մեզ կը յուշէ, որ կեանքի արժէքը բազմաճիւղ է եւ աշխատանքը պէտք է ծառայէ մեզի, ոչ թէ դառնայ ինքնանպատակ իշխանութիւն մը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ