«ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՄԸ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ, այս առաւօտ սկսաւ միջազգային կարեւոր հաւաքոյթ մը։ «Մշակոյթի խաչմերուկ» կոչուած խորհրդաժողովի բացումը կատարուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Ծրագրի սկիզբին ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան։

Այս նախաձեռնութիւնը ձօնուած է՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Մշակութային զանազանութեան պահպանման ու զարգացման պայմանագրի ընդունման 20-ամեայ յոբելեանին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025