ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՆԱՐՕՏ ՎԵՐՈՆԻՔ ՔՈՒՐՈՒՂՕՂԼՈՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ
Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը վերջին օրերուն մայրաքաղաք Անգարայի մէջ կեանքի կոչեց՝ Ուսուցչաց օրը նշելու հետամուտ ծրագիր մը։ Քառօրեայ այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս նախատեսուած էր նաեւ Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքինի մասնակցութեամբ նախաճաշ մը։ Բաց աստի, Պեշթեփէի համալիրէն ներս ծրագրի մասնակիցները մասնակցեցան հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը։
Անգարայի այս ծրագրին պոլսահայ համայնքային վարժարաններու անունով մասնակցեցաւ Գարակէօզեան տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու։ Ներկայ էին նաեւ Զափիոն յունաց լիսէի տնօրէնուհի Մարիքա Փանտելարա եւ Ուլուսի հրէից վարժարանի համակարգող Ռաքելա Լեւի։ Նախարար Եուսուֆ Թեքին ջերմօրէն ողջունեց փոքրամասնութեանց վարժարաններու ներկայացուցիչները։