ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՀՌՈՄԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԹՈՒՐՔԻԱ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը այսօր քառօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքի համատեղ հրաուէրով տեղի կ՚ունենայ այս ուղեւորութիւնը, որու շարժառիթն է Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեայ յոբելեանը։ Համայն աշխարհի վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ տեղի կ՚ունենայ Սրբազան Պապին այցը, որ համաքրիստոնէական իրադարձութիւն մը կը համարուի։

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան ծրագրի առաջին կանգառն է մայրաքաղաք Անգարան, ուր տեղի կ՚ունենայ պետական արարողակարգով իր դիմաւորումը։ Նախագահ Էրտողան Սրբազան Պապին ի պատիւ կը սարքէ ընդունելութիւն մը, որուն հրաւիրուած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այսօր կը գտնուի Անգարայի մէջ, ուր Հանրապետութեան նախագահին հրաւէրին ընդառաջ կը մասնակցի սոյն պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան կը վերադառնայ իր Աթոռը։

Պատմական Նիկիան մերօրեայ Իզնիքն է, որ Պուրսայի գաւառակներէն մին է։ Իզնիքի մէջ պատրաստութիւնները արդէն աւարտած են՝ Սրբազան Պապի այցելութեան համար։ 325 թուականին գումարուած առաջին տիեզերաժողովէն 1700 տարի անց Սրբազան Պապի եւ Ուղղափառաց Պատրիարքի հանդիսապետութեամբ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցական արարողութիւն։ Սրբազան Քահանայապետի ուղեւորութեան ծրագիրը շաբաթավերջին պիտի շարունակուի Իսթանպուլի մէջ։ Կիրակի առաւօտ նախատեսուած է Քահանայապետի այցելութիւնը Գումգաբու, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր զինքը կ՚ողջունէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2025