ՍԱՐԴԷՆ ԱՌՆԵՆՔ ԴԱՍԸ

Մարդ կոչուած է յարատեւ, անխոնջ աշխատելու եւ տոկալով ամէն արգելքի հաւատարիմ մնալու իր կոչումին եւ այս կերպով հասնելու իր վախճանական նպատակին։ Եւ այս կը նշանակէ՝ մասնակից եւ բաժնեկից ըլլալ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։

Անվհատութիւն, յուսահատութիւն, նկունութիւն եւ յուսալքութիւն արգելքներ են մշտատեւ եւ յարամիշտ աշխատութեան։

Մարդ, բնաւորութեամբ վհատութեան, յուսալքման հակամէտ է ընդհանրապէս, հաստատակամ եւ զօրաւոր նկարագրի տէր մարդիկն են, որ կրնան յաղթահարել եւ այս դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն հետ գլուխ ելլել։

Այս մասին դաս առնենք սարդին օրինակէն։ Դիտա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ, պատուհանէն պզտիկ սարդ մը։ Հոն պիտի նշմարէիք, որ ժանգոտած երկաթէն վեր ինչպէ՛ս կը մագլցէր ան դանդաղօրէն։ Այդ պզտիկ, մեզի համար անզօր սարդը նպատակով մը կը մագլցէր՝ կ՚ելլէր պատուհանէն վեր. ապա պահ մը կարճ դադար մը առնելէ ետք, կը ճօճէր դուրս եւ վար՝ բարակ դերձանէ մը՝ որ իր իսկ մարմինէն կ՚երկարէր։ Վճռական եւ հաստատամիտ ջանքով կը միացնէր մետաքսեայ թելը վարի երկաթին, յետոյ վեր կ՚ելլէր նոյն թելէն, ուրկէ որ սկսած էր եւ ճօճեցած կրկին ուրիշ թել մը շինելու յաջորդ երկաթին վրայ…

Անշարժ եւ հիացումով պէտք է դիտենք այս հրաշալի՜ երեւոյթը՝ գրեթէ մեր շունչը բռնած, արդեօք մեզմէ քանինե՞ր կրնային աշխատիլ այդ փոքր եւ անզօր սարդին պէս։ Անկեղծ ըլլա՛նք, մեզմէ շա՜տեր առաջին քայլին իսկ թերեւս պիտի վհատէինք, պիտի յուսալքուէինք եւ պիտի հրաժարէինք այդ աշխատանքը կատարելէ, մինչ նուրբ եւ անզօր սարդը, երկրաչափական բծախնդրութեամբ կը պտտէր անկիւնէ անկիւն, վերէն վար, մինչեւ յատակագիծ մը մէջտեղ կը բերէր։ Ապա կը սկսէր դառնալ ծայրէ ի ծայր, հաւասար համապատասխան միջոցներ ստեղծելով եւ երեւան բերելով շատ գեղեցիկ եւ նրբաճաշակ նախատիպ մը։

Նկատենք, որ սարդը անբան՝ բանականութենէ զուրկ կենդանի մըն է. իսկ մենք՝ մարդը բանականութեան տէր։ Եւ մենք պարտաւոր ենք հաւատարիմ մնալու մեր կոչումին, եւ արժեւորելու եւ վայելելու մեր բանականութիւնը՝ միշտ օգտուելով բնական դասերէն…

Տեսնենք. վերջապէս սարդը հասած էր իր նպատակին՝ ոստայնը վերջացած, կատարելագործուած էր եւ սարդը կ՚երթար եւ կը հանգչէր իր ստեղծագործութեան կեդրոնը։ Երեկոյեան մօտ՝ մինչ «շինարարական» աշխատանքը վերջացած էր՝ կատարելագործուած, արեւամուտի ճառագայթները ներս կը սկսէին թափանցել ոստայնին մէջէն, եւ մարդուս խցիկը կ՚ողողուէր պլպլացող ծիածանի գեղեցիկ հիանալի՜ գոյնով…

Եւ մարդը շշմած կը մնայ լռութեան մէջ, այդ տգեղ խցիկին մէջ, իր աչքերուն առջեւ, գեղեցկութիւնը, ահաւասիկ իրական դարձած էր։ Գեղեցկութեան ըմբռնումը՝ սարդին շինարարութեան շնորհիւ մարմնացած՝ տեսանելի դարձած էր։ Եւ Աստուծոյ արարչութեան ընդհանուր ծրագրին մէջ՝ Անոր ստեղծագործութեան փոքրագոյններէն եղող փոքրիկ սարդը, անգամ մըն ալ ստեղծագործութեան մեծագոյնին՝ մա՛րդուն զգալ տուած էր սքանչելի՜ Աստուծոյ մէկ մասնիկը ըլլալու։

Շարունակենք հետեւիլ սարդին գործունէութեան. առաջին պահերուն օրուան՝ արշալոյսին նայինք. արդեօք սարդը տակաւին հո՞ն է։ «Բարի լոյս» կը մրմնջենք, եւ այդ պիտի ըլլայ մեր «բարեկամութեան» սկիզբը։ Ամէն առաւօտ երբ մեր աչքերը բանանք, սարդը փնտռենք եւ բարեւենք զայն։ Եւ գիշերը, դարձեալ, պառկելէ առաջ դիտենք զայն, վստա՛հ ըլլալու համար, որ ան հո՛ն է։ Եւ ան կը շարունակէ գործել առանց վհատելու։

Հետաքրքիր եւ օրինակելի է սարդը իր կեանքով։

Սիրելի՜ներ, մա՛րդ չի փրկուիր իր մեղքերէն ուրիշները մեղադրելով, քանի որ իւրաքանչիւր անձ պատասխաատո՛ւ է իր իսկ մեղքերէն։ Ուրիշները ստորադասել՝ երբեք մարդը չի՛ բարձրացներ, մարդը իր գործերով բա՛րձր է։

Բնութենէն առնելիք շա՜տ դասեր ունինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 29, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 1, 2025