«ՄԱՐԱԼ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ 45-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ
Այս առաւօտ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու «Մարալ» համոլթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։ Հարկ է նշել, որ «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի նոր ելոյթի մը, որ ձօնուած պիտի ըլլայ իր հիմնադրութեան 45-ամեակի յոբելեանին։ AKM-ի մէջ նախատեսուած է այս յոբելենական ձեռնարկը, որուն համար համոյթը ամիսներէ ի վեր պատրաստութիւն կը տեսնէ։ Երկու հազար հոգի տարողութեամբ սրահին մէջ «Մարալ»ի ելոյթը պիտի ըլլայ այս յոբելեանին վայել։
Տրամէրեան եւ Չափքան դիտել տուին, որ «Մարալ»ի ընտանիքը մէկ կողմէ գեղարուեստական ու թեքնիք, իսկ միւս կողմէ վարչական բազմակողմանի պատրաստութիւններ յառաջ տարած են եւ անոնք մինչեւ վերջին պահը պիտի շարունակուին։ «Մարալ» համոյթը բեմ պիտի առնէ՝ Երեւանէն ութ հոգիէ բաղկացեալ նուագախումբի մը հետ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ համոյթը արդէն ամէն ճիգ կը գործադրէ՝ բեմին վրայ առաւելագոյնս ցոլացնելու համար իր կարելին։
Մարիամ Տրամէրեան եւ Կարպիս Չափքան շեշտեցին, որ գեղարուեստասէրները ձեռնարկի տոմսերը պիտի ապահովեն առցանց վաճառքով։ Այլ ձեւ մը գոյութիւն չունի՝ AKM-ի պարագային։ Անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի մեր համայնքի գեղարուեստասէրները այս անգամ եւս ուշադրութեան եւ համակրանքի առարկայ կը դարձնեն համոյթը։
Միւս կողմէ, Կարպիս Չափքան նշեց, որ «Մարալ»ի փոքրիկներն ալ կը շարունակեն աշխատանքները՝ ութսուն հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը, սակայն, մօտալուտ ձեռնարկի յայտագրին մէջ փոքրիկները բաժին պիտի չունենան։