«ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԱՅ…»

«Ամէն բանի ժամանակ կայ…»։

Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր Եկեղեցին կ՚ապրի իր դժուար ժամանակներէն մէկը: Ներքին տարաձայնութիւնները, անվստահութեան մթնոլորտը, իրարմէ օտարանալու վտանգը, վստահ եմ, մեզ բոլորիս՝ իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի սիրտը կը ցաւցնեն: Երբեմն կը թուի, թէ ձայները շատ են, իսկ լռութիւնը քիչ, դատողութիւնը շատ, իսկ սիրով խորհրդածելը՝ նուազ: Ճիշդ այս պահի համար է, որ Սուրբ Գիրքը կը յիշեցնէ մեզ. «Ամէն բանի ժամանակ կայ եւ ամէն բան ժամանակ ունի երկինքի տակ»:

Այս ճշմարտութիւնը նաեւ կը վերաբերի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, որ դարերու ընթացքին ծանր փորձութիւններու մէջէն անցած է, մաքառած է դարերու հոլովոյթին մէջ, սակայն, մշտապէս մնացած է մեր հաւատքի եւ ինքնութեան հիմնասիւնը:

Հայ Եկեղեցին մեր ոսկեղէն ժառանգութիւնն է, մեր հոգեւոր տունը՝ Աստուծոյ Արքայութեան ճամբուն վրայ, որ բանաստեղծի բառերը կրկնելով՝ «դէպի երկինք բարձրացող գաղտնի ճամբայ մը ունի»:

Այսօր ալ Եկեղեցին կանգնած է մէկ շարք ներքին եւ արտաքին տագնապներու ու դժուարութիւններու դիմաց: Մենք մեծ տուն մըն ենք, ուր կրնան ըլլալ եւ կա՛ն անհամաձայնութիւններ, տարակարծութիւններ, երբեմն նաեւ լարուածութիւն ընտանիքի անդամներուն միջեւ: Ժողովողը կ՚ըսէ. «Կայ քարեր նետելու ժամանակը եւ կայ քարեր հաւաքելու ժամանակը»: Քարերը նետուած են, պէտք է քարերը հաւաքելու ժամանակը գտնել: Պահը ինչքան ալ փորձութիւններով լեցուն ըլլայ, կրնայ դառնալ նաեւ փոխադարձաբար իրար լսելու եւ միասնաբար լուծումներ փնտռելու ու ամենէն ցաւոտ հարցերուն պատասխաններ գտնելու առիթ եւ ժամանակ:

Եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած խնդիրները պէտք է լուծել ո՛չ թէ բաժանումով կամ հակադրութեամբ, այլ՝ սիրոյ, համբերութեան եւ միասնական պատասխանատուութեան ոգիով:

Ըստ այդմ կոչ-խնդրանքս է մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ անկախ դիրքէն եւ դիրքորոշումէն, նպաստել կիրքերու հանդարտեցումին, խաղաղութիւն փափաքիլ ո՛չ միայն խօսքով, այլ միտքով եւ գործով, արագ չդատել, այլ՝ երկար խորհիլ, իւրաքանչիւր հարցի մէջ առաջինը փնտռել ո՛չ թէ իր եսը, այլ՝ Աստուծոյ կամքը՝ «եղիցին կամք քո…»:

(…) Տիրոջ օրն է այսօր: Եկէք միասին աղօթքի կանգնինք՝ իրարու, մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի համար: Աղօթենք, որ Աստուած առաջնորդէ մեզ յառաջացած բոլոր խնդիրներուն խաղաղութեան, արդարութեան, օրինայարգութեան միջոցով լուծումնել փնտռելու եւ գտնելու ճամբով:

Թող Տէրը պահէ ու պահպանէ Հայաստանեայց Առաքելական մեր Մայր Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:  

ՍԵՐՈՎԲԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԻՍԱԽԱՆԵԱՆ
Առաջնորդ Գերմանիայի հայոց թեմի

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025