ՀԱՄԱՐԺԷՔ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ հալածանքներ, իսկ միւս կողմէ կը պայքարի ներքին պառակտումներու դէմ։ Հայաստանի իշխանութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր կը թիրախաւորեն եկեղեցին, իսկ վերջին շրջանին թափ տուած են անոր գլուխին՝ Ընդհանրական Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի շուրջ օղակը սեղմելու ուղղեալ քայլերու։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը հաւասակշռուած եւ պաղարիւն դիրքորոշում մը որդեգրած է առկայ մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ։ Որքան որ ալ ոմանք աններելի ծայրայեղութեամբ կը պահանջեն Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը կամ հեռացումը՝ ան առողջ դատողութեամբ համարժէք տնօրինութիւններ կը կատարէ՝ եկեղեցին խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու եւ իր աշխարհացրիւ հօտի հոգեւոր անդորրը ապահովելու համար։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ հաղորդեց, որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոսական ժողով պիտի գումարուի։ Ի հետեւումն նոյեմբերի 4-7-ին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովին տեղի ունեցած քննարկումներուն՝ եպիսկոպոսաց ժողովը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերի 10-12-ին։ Ծանօթ է, որ ԳՀԽ-ի այդ ժողովը պաշտօնապէս չէր բացուած՝ բացակայութիւններու պատճառով։ Այժմ, եպիսկոպոսաց ժողովը քննութեան պիտի առնէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ վերջին իրադարձութիւնները եւ եկեղեցական ներքին կեանքին վերաբերեալ հարցեր։ Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս եկած է։ Այժմ բոլորը ուշադրութեամբ կը սպասեն եպիսկոպոսաց ժողովին։ Հայկական լրահոսին մէջ տեղ կը գտնեն մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց՝ եպիսկոպոսաց ժողովը բեկումնային նշանակութիւն կրնայ ունենալ։ Եպիսկոպոսաց ժողովի վերջնական արդիւնքը էականօրէն կրնայ ազդել ո՛չ միայն եկեղեցւոյ ներքին կեանքին, այլեւ Հայաստանի ապագայ քաղաքական ու հասարակական զարգացումներու հնարաւորութեան վրայ։

Իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան իրավիճակին մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանած տասն եպիսկոպոսներուն դէմ հասարակութեան պոռթկումն ալ հետզհետէ կը սաստկանայ։ Անոնք վերջին օրերուն ընդունուած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ եւ յայտարարութեամբ մը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրած էին հրաժարելու։ Թէ՛ մամուլի մէջ եւ թէ ընկերային ցանցերու վրայ այդ տասն եպիսկոպոսներու դէմ հակազդեցութիւնը կ՚ուղղորդուի մերկացումներով։ Զանազան հարթութիւններու վրայ մի առ մի կը թուարկուին իւրաքանչիւրի խնդրայարոյց պարագաները՝ ներառեալ անձնական կեանքի վերաբերեալ պնդումները։ Հանրային կարծիքի յիշողութիւնը կը թարմացուի անոնցմէ իւրաքանչիւրի անուան միջամուխ դարձած զեղծարարութեան պնդումներուն շուրջ։ Անշուշտ, Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանած այդ սրբազանները՝ իբրեւ թէ «մաքուր» նկատելով ընդունած Նիկոլ Փաշինեանն ալ բարդ վիճակի մը մատնուած է։ Վարչապետը կասկածի տեղ չէ թողած, թէ որեւէ սկզբունքային մղում չունի եւ կը թիրախաւորէ Ամենայն Հայոց Հայրապետի անձը։

Երեւանի «Հրապարակ» թերթին մէջ լոյս տեսած է յօդուած մը, ուր ուշադրութիւն կը գրաւեն հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Երեսուն տարիէ ի վեր իրաւական գործընթացներուն կը հետեւիմ եւ չեմ յիշեր որեւէ փորձաքննութիւն իրականացնելու նման կայծակնային արագութիւն՝ մէկ օրուայ մէջ։ Օրինակ, ՔՊ-ական (իշխանական կուսակցութիւնը) նախկին պատգամաւոր Նիքոլայ Պաղտասարեանի կինը ըրած էր վրաերթ մը, որու հետեւանքով տարեց կին մը մահացած էր։ Այդ դէպքով (երթեւեկի արկած) վթարի փորձաքննութիւնը ուղիղ ութ ամիս տեւեց։ Կարելի՞ է արդեօք հաւատալ Արշակ Սրբազանի վերաբերեալ տեսանիւթերու փորձաքննութեան առարկայականութեան՝ հաշուի առնելով այդ կայծակնային արագութիւնն ու փորձաքննութիւնը «զոհի» դէմ շրջելու ջանասիրութիւնը։ Վարոյթը յարուցուած է անձնական կեանք ապօրինի ներխուժման փաստով, այլ ոչ թէ տեսանիւթերու իսկութիւնը պարզելու համար։ Որովհետեւ անկախ անոնց իրական ըլլալէն կամ ոչ, փորձած են մարդու անձնական կեանքը դարձնել հանրային քննարկման առարկայ։ Եւ արդեօք սա կը նշանակէ՞, որ նոյն սրբազանները կը հաւատան, համաձայն են Միքայէլ ու Բագրատ սրբազաններուն, Սամուէլ Կարապետեանին առաջադրուած մեղադրանքներու առարկայականութեան հետ, որովհետեւ վարոյթները կը քննէ նոյն Քննչական կոմիտէն»։

Առկայ տագնապի պայմաններուն ներքեւ, լրահոսին մէջ տեղ կը գտնեն նաեւ բանտարկուած եպիսկոպոսներու՝ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի, Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի եւ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի յայտարարութիւնները։ Միքայէլ եւ Բագրատ սրբազանները կոչ ուղղած են, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետը կարգալոյծ ընէ դաւաճան եպիսկոպոսները։ Իր կարգին, Մկրտիչ Սրբազանն ալ կալանավայրէն հրապարակած յայտարարութեան մէջ ըսաւ. «Կը միանամ իմ հոգեւոր եղբայրներուն՝ Գերշ. Տ. Միքայէլ եւ Գերշ. Տ. Բագրատ արքեպիսկոպոսներուն՝ դատապարտելով որոշ եպիսկոպոսներու վերջին օրերու յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները, որոնք պառակտիչ եւ զրպարտելի են»։

Մկրտիչ Սրբազան նշած է, որ քաղաքական պատուէրներու ազդեցութեամբ այդ հոգեւորականները կ՚օգտուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զսպուածութենէն եւ եղբայրական հանդուրժողութենէն ու կը փորձեն ամրապնդել սեփական դիրքը՝ կասկածի տակ դնելով այն գահը, որու շնորհիւ տարիներ շարունակ բարիքի եւ յառաջընթացի հասած են։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2025