ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կը շարունակէ մնալ համաշխարհային օրակարգի կիզակէտին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ խաղաղութեան հասնելու համար, ինչ որ ցայսօր շօշափելի արդիւնք մը չէ ունեցած։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքը միշտ կը մնայ բանուկ, սակայն, ակնկալուած բեկումնային պահուն հասնիլ հնարաւոր չ՚ըլլար։ Սպիտակ տան եւ Քրեմլինի միջեւ շփումները մշտական են, քննարկումները ծաւալուն։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հիւրընկալեց ԱՄՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆն ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսան՝ Ճերըտ Քուշները։ Սպասուած այս հանդիպումէն վերջ Ռուսաստանի կողմէ տեղեկացուեցաւ, որ Ուքրայնայէ ներս խաղաղութիւնը մօտ չէ։ Երէկուան բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ հինգ ժամ։ ԱՄՆ եւ Ռուսաստան սեղանի վրայ դրին՝ խաղաղութեան վերանայուած տարբերակը, որ կը կոչուի «Թրամփի ծրագիր»։
Սթիւ Ուիթքոֆը ընդունելէ առաջ, Փութին երէկ խիստ պատգամներ տուաւ Եւրոպային։ Իր խօսքով՝ Եւրոպա կը կացինահարէ Թրամփի ջանքերը։ Այսպէս, Եւրոպա Ուքրայնայի հակամարտութեան պարագային կը ձգտի ռազմավարական պարտութեան մը մատնել Ռուսաստանը։ Փութին դիտել տուաւ, որ Ռուսաստան չ՚ուզեր պատերազմիլ Եւրոպայի դէմ, սակայն, եթէ Եւրոպան այդ բանը կ՚ուզէ, ապա իր երկիրը այս պահուն իսկ պատրաստ է։ «Եւրոպա իր իսկ նախաձեռնութեամբ խզած է Ռուսաստանի հետ կապը», ըսաւ ան եւ սպառնաց, որ նաւերու վրայ յարձակումները տեւականացման պարագային Ուքրայնա չի կրնար Սեւ ծով դուրս գալ։
Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ Ռուսաստան աշխատանք կը տանին՝ դիւրացնելու համար հակամարտութեան կարգաւորման հնարաւորութիւնը։
Մինչ այդ, ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր ժողով մը կը գումարեն Պրիւքսէլի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ օրակարգի վրայ է՝ Ուքրայնայի նոր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր տրամադրելու խնդիրը։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Այս առթիւ անոնք անդրադարձան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի արդար ու մշտական կարգաւորման վերաբերեալ հարցերու։ Էրտողան խօսեցաւ Իսթանպուլի գործընթացի վերակենդանացման շուրջ։
Անգարա-Փարիզ առանցքին վրայ օրակարգի վրայ եկան նաեւ Կովկասի, Կազզէի եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։