Չորեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան ընդառաջ, որ նախատեսուած է շաբաթավերջին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց դպրոցը կայուն պահելու ուղղեալ ջանքերը եւ սիրոյ սեղանին ընդառաջ Թոփգաբուի ընտանիքին փոխանցեց իր օրհնութիւնները։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2025