ՎԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 10-12 դեկտեմբերին նախատեսուած եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ, ընդհանրապէս սպասողական վիճակ կը տիրէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը թափով յառաջ կը տանի պատրաստութիւնները, սակայն, համայն հայութեան վառ հետաքրքրութեան պայմաններուն ներքեւ բազմաթիւ հարցումներու պատասխանը առայժմ յայտնի չէ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ նախատեսուած եպիսկոպոսաց ժողովի պաշտօնական օրակարգին շուրջ տակաւին յստակութիւններ չկան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առայժմ չ՚աճապարեր հրապարակել ժողովի օրակարգի հարցերը։ Անշուշտ, ընդհանուր մտահոգութեան առարկայ է այն հարցումը, թէ Վեհափառ Հայրապետին դաւաճանած տասն եպիսկոպոսներու ճակատագիրը ինչ պիտի ըլլայ. անոնց պաշտօնավարութիւնը պիտի դադրեցուի՞ կամ կարգալոյծ պիտի ըլլա՞ն։ Հարցի ծալքերէն մին ալ այն է, որ արդեօք այդ դաւաճանած տասն եպիսկոպոսները պիտի մասնակցի՞ն ժողովին կամ ոչ։ Յամենայնդէպս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական օրացոյցին մէջ նշուած է յիսունեօթ միաբան եպիսկոպոսի անուն։ Եթէ նոյնիսկ անոնք չմասնակցին, ապա առանց քվորումի ժողովը կրնայ գումարուիլ։
Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Եսայի Քհնյ. Արթենեան յայտնեց, որ օրակարգի հարցերուն անդրադարձ պիտի կատարուի առանձնապէս եւ ըստ անհրաժեշտութեան՝ անոնք պիտի ներկայացուին։ Իր կարգին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեանն ալ նախօրէին սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնած էր, որ տասն եպիսկոպոսներու դաւաճանական քայլը անպատասխան չի կրնար մնալ եւ համարժէք քայլեր կ՚առնուին։
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման մեկնած Կոտայքի թեմի առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեան արգիլած է, որ թեմի եկեղեցիներէն ներս, Ս. Պատարագի ընթացքին, յիշատակութեան պահուն զեղչուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անունը։ Ան հայրն է Արգիշտի Քարամեանի, որ անցեալի մէջ եղած է Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն, նաեւ զանազան պաշտօններ զբաղեցուցած՝ Փաշինեանի իշխանութեան ժամանակաշրջանին։ Թեմի սպասաւորներէն Տ. Սահակ Քհնյ. Սահակեան հարցազրոյցի ժամանակ նշած է, որ միանշանակ սխալ կը համարէ՝ Վեհափառ Հայրապետի անունը զեղչելու վերաբերեալ կարգ մը թեմերու որոշումը։
Վարչապետ Փաշինեանի հետ հանդիպման մեկնածներէն մին ալ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանն էր։ Երէկ, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմական խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը։ Այսպէս, թեմական խորհուրդը չի բաժներ թեմակալ առաջնորդի մօտեցումները եւ կը դատապարտէ անոր գործողութիւնները։ Տաւուշի թեմին կողմէ ալ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որով վերահաստատուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ հաւատարմութիւնը։
Եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ օրակարգի վրայ են վարկածներն ու հաշուարկները, որոնց վերաբերեալ խորհրդածութիւններով ողողուած է հայկական լրահոսը։ Առայժմ կը խօսուի երեք գերակշիռ հաւանականութեան շուրջ. առաջին՝ կանոնական կարգի վերականգնում, երկրորդ՝ բաժանարար գիծերու խորացում եւ երրորդ՝ տագնապի կառավարում։ Ըստ զանազան վերլուծաբաններու, եպիսկոպոսաց ժողովը կրնայ վերականգնել ներքին կարգ ու կանոնը։ Հերձուածական վարք դրսեւորած սրբազաններու պարագային կը կիրառուին համապատասխան միջոցներ։ Այսպէսով, եկեղեցին կրնայ դուրս գալ տագնապէ՝ յարաբերաբեր միաւորուած եւ ներքին կայունութեամբ։ Բաժանարար գիծերը կրնան խորանալ, եթէ այդ սրբազանները չընդունին ժողովի որոշումները։ Այդ պարագային հակամարտութիւնը կրնայ վերածուիլ բաց հակադրութեան։ Փաշինեանի իշխանութեան տեսակէտէ այս վարկածը ամենանպաստաւորն է, որովհետեւ իշխանութեան քարոզչութիւնը կ՚օգտագործուի՝ եկեղեցւոյ տագնապը ներկայացնելով իբրեւ ներքին ապստամբութիւն։ Տագնապը կառավարելի հունի մէջ կրնայ պահուիլ, եթէ քննարկումներուն ժամանակ գտնուին համաձայնութեան եւ հանգուցալուծման ներքին դրութիւններ։ Այդ պարագային հնարաւոր կրնայ ըլլալ խուսափիլ բաց առճակատումէ։ Զիջումներու կամ սակարկութիւններու պարագային կրնայ արտաքնապէս պահպանուիլ եկեղեցւոյ միասնականութիւնը, իսկ ճնշումներու մեծ մասը կը չէզոքացուին։
Զանազան փորձագէտներ համոզուած են, թէ մեծ հաշուով, առանց հասարակութեան իսկապէս աշխոյժ դիրքաւորման՝ անհնար է կասեցնել Փաշինեանի հակաեկեղեցական եւ հակասահմանադրական գիծը։ Կարգ մը շրջանակներ յառաջիկայ եպիսկոպոսաց ժողովը կը համարեն՝ ազգային դիմադրութեան, սահմանադրականութեան պայքարի, հասարակութեան ինքնագիտակցութիւնը չափելու կարեւորագոյն ճակատ մը։
Հանրային կարծիքին մօտ լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեանի՝ բանտարկութեան վայրէն կատարած յայտարարութիւնը։ Ան Վեհափառ Հայրապետի քրոջ որդին է ու բանտարկուած՝ իշխանութիւններու կողմէ եկեղեցւոյ թիրախաւորման առկայ մթնոլորտին մէջ։ Նորին Սրբազնութիւնը պատգամին մէջ արձանագրած է հետեւեալը.
«Մոռցուած է, որ Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաջնորդն է, այլեւ հայ ժողովուրդի հաւատքի միասնութեան պահապանը։ Անոր ընդդիմանալը ո՛չ թէ անձին ընդդիմանալն է, այլ՝ հարուածել եկեղեցւոյ հիմքին։ Եկեղեցին աստուածահիմն սուրբ մարմին մըն է ու ոչ թէ կառոյց մը, որ քաղաքական ճնշումներու կը հպատակի։ Դաւաճանիլ Հայոց Հայրապետին՝ կը նշանակէ դաւաճանիլ Հայոց Եկեղեցւոյ եւ սեփական հօտին, ուրանալ հաւատքը։ Եկեղեցին ոեւէ մէկու գործիքը չէ, ոչ ալ՝ իշխանահաճոյ շահերու սպասարկու։ Ժամանակն է հրաժարիլ պառակտիչ քայլերէ եւ ուխտադրժութենէ՝ վերադառնալով եղբայրսիրութեան, հնազանդութեան ու հոգեւոր խոհեմութեան։ Եկեղեցին կը պահուի ո՛չ թէ յայտարարութիւններու ստորագրմամբ, այլ՝ հաւատքի, կանոնականութեան, հաւատարմութեան եւ ճշմարտութեան միջոցաւ»։
Նորին Սրբազնութիւնը համոզուած է, թէ Վեհափառ Հայրապետին դէմ դաւաճանած եպիսկոպոսներու ընթացքը համահունչ չէ Աւետարանական եղբայրսիրութեան, եկեղեցական կանոնականութեան, նաեւ կը վտանգէ Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնն ու հաւատացեալներու վստահութիւնը։