ԿԱՆԱՉ ԳԱՐՈՒՆՍ

Հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Ծաղիկներ քաղեց անհամար,
Վարդերը գգուեց, համբուրեց,
Որպէսզի ծնին երազներս անհամար։
Որպէսզի ծնին երազներս անհամար։

Հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Մտքէս չոր ու ամայի,
Ջերմութիւն բաշխեց բոլորին,
Որպէսզի ապրին ու բազմանան։

Ապա հոգիս հանդիպած գարնան,
Հաւաքեց իմ սէրերը կարօտագին,
Ու յոյս խառնելով երազին,
Յանձնեց կապոյտին գիշերուան։

Ու անկէ ետք, հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Մէկ առ մէկ զատեց անձկագին,
Ու պահեց այն մէկը միայն,
Որ նոր յոյս բերած էր իր երազին։

Ու այն օրէն ի վեր, հոգիս իր հանդիպած գարնան,
Մերժեց բոլոր գարունները անհամար,
Ու պահեց իբրեւ զարդ՝ կանաչ գարունդ միայն,
Դո՜ւն, բոլոր գարուններուս միակ գարունը անմահ։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025