ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻ՛ՒՆ Է

Համբերութիւնը զօրութիւն մըն է՝ ներուժ մը, որ վստահութիւն կը ներշնչէ ենթակային։ Յաջողութեան եւ նպատակի մը հասնելու ամենէն ապահով միջոցն է համբերութիւնը. զոր օրինակ, յուսացուած որեւէ բան եթէ զօրանայ հաւատքով եւ համբերութեամբ աւելի դիւրին կ՚իրականանայ, եւ այս իմաստով ահաւասիկ, համբերութիւնը՝ Հոգիին պտուղն է եւ առաքինութիւն է նաեւ այս պատճառով։

Արդարեւ, պտուղները ե՛ւ համբերութիւնը կատարելութիւններն են Հոգիին, որ կը կազմէ մարդուս մէջ Սուրբ Հոգիին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Առաքինութիւն է համբերութիւնը. թէ ի՞նչ է առաքինութիւնը։ Առաքինութիւնը ունակական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է «բարի»ն գործելու։ Մարդկային առաքինութիւնները հաստատ տրամադրութիւններ են իմացականութեան, բանականութեան եւ կամքին։ Առաքինութիւնները կը կանոնաւորեն մարդուս արարքները, կը դասաւորեն մարդուս կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն մարդուս ընթացքը՝ ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Եւ աղօթքի մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ համբերութիւնը։

Արդարեւ, աղօթքի մասին. «Տաղտկացնող այրիին առակը». (ՂՈՒԿ. ԺԸ 1-8) կեդրոնացած է աղօթքին յատկութիւններէն մէկուն վրայ. հարկ է մի՛շտ աղօթել առանց յոգնելու, հաւատքի համբերութեամբ։

Աստուծոյ կամքն է, որ «բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան». (Ա ՏԻՄ. Բ 4)։ Հայրը «կը համբերէ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէկը կորսուի». (Բ ՊԵՏ. Գ 9), (ՄԱՏԹ. ԺԸ 14)։ Միւս բոլոր պատուիրանները համառօտող եւ Հօր ամբողջական կամքը յայտնող պատուիրանը ա՛յն է, որ «մենք սիրենք զիրար, ինչպէս որ Ինք սիրեց մեզ». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34), (Ա ՅՈՎՀ. Գ-Դ), (ՂՈՒԿ. Ժ 25-37)։ Բայց սէրն ալ համբերութիւն կը պահանջէ. քանի որ «սիրել»ն ալ այնքան դիւրին բան մը չէ՛։ Սէրը եթէ դիւրին ըլլար, տեւական չէինք խօսեր սիրոյ մասին եւ Սուրբ Գիրքը լեցուն չէր ըլլար սիրոյ պատուէրով։ Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը. աւելի շատ են ատողներ, քան սիրողներ։ Եւ այս պատճառով ալ տեւական կը հարցնենք. «Երբ կայ սէրը, հապա ինչո՞ւ ատելութիւնը աւելի տիրական է մարդոց մէջ…»։ Տարակարծութիւններ, գաղափարներու տարբերութիւններ բանականութեամբ օժտուած մարդ էակին համար բնական է, բայց ասոնք պէտք չէ երբեք թշնամութեան պատճառ ըլլան։

Համբերութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ հանդուրժողութիւն։ Համբերողը կը հանդուրժէ ժամանակի տեւողութեան։ Ժամանակը արդարեւ, յարաբերական միջոց մըն է՝ երբեմն արագ է եւ երբեմն ալ չափէն աւելի դանդաղաշարժ։ Մարդ երբ բանի մը կը սպասէ՝ ժամանակը շատ դանդաղ կը յառաջանայ, նաեւ երբ նպատակ մը չունի եւ անզբաղ է, կարծես ժամանակը անշարժ է. բայց կան վիճակներ՝ ուր ժամանակը արագաշարժ է եւ ժամանակը չի բաւեր գործ մը գլուխ հանելու։

Եւ ահաւասիկ, այս վիճակներուն մէջ համբերութիւնը կարեւոր դեր մը կը խաղայ, կարծես, ժամանակը կը կարգաւորէ, հանդուրժելի կը դարձնէ։

Համբերութիւնը կապ ունի նաեւ ներողամտութեան առաքինութեան հետ՝ որ ողորմածութեան գործ մըն է։ Ողորմածութեան գործերը բարեսիրական արարքներն են՝ որոնցմով մարդիկ օգնութեան կը հասնին իրենց մերձաւորին, անոր մարմնական եւ հոգեւոր կարիքներուն մէջ. (ԵՍ. ԾԸ 6-7), (ԵԲՐ. ԺԳ 3)։ Դաստիարակել, խրատել, մխիթարել, քաջալերել, արիացնել՝ հոգեւոր ողորմութեան գործեր են, ինչպէս նաեւ ներել եւ հանդուրժել համբերութեամբ։

Արդարագործութիւնն ալ համբերութիւն կը պահանջէ, քանի որ արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը իրականացնելու համար ժամանակի պէտք կայ, բծախնդիր եւ մանրակրկիտ աշխատանքի կը կարօտի։ Եւ ամէն աշխատանք համբերութիւն կը պահանջէ։

Վերջապէս, համբերութիւնը հոգեւոր կեանքի մէջ անհրաժեշտ տեղ մը կը գրաւէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 3, 2025, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4, 2025